ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

 Թուր­քիա հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ Սու­րիոյ հիւ­սի­սին անվ­տանգ գօ­տի մը ձե­ւա­ւո­րե­լու եւ բո­լոր գաղ­թա­կան­նե­րը այն­տեղ վե­րաբ­նա­կեց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան շա­բա­թա­վեր­ջին վերս­տին անդ­րա­դար­ձաւ այս խնդրին։ Ան յայտ­նեց, որ Էլ Պապ քա­ղա­քը Ի­ՇԻՊ-էն («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) ա­զա­տագ­րուե­լու վրայ է։ Յա­ջոր­դող շրջա­նին նպա­տա­կադ­րուած է նաեւ Մեն­պի­չի եւ Ռաք­քա­յի ա­զա­տագ­րու­մը։ Ե­րէկ, Էր­տո­ղան ու­ղե­ւո­րու­թեան մը ձեռ­նար­կեց դէ­պի Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­ներ։ Ու­ղե­ւո­րու­թեան մաս կը կազ­մեն Պահ­րէյ­նը, Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան եւ Քա­թա­րը։ Մեկ­նե­լէ ա­ռաջ ան Ե­շիլ­գիւ­ղի «Ա­թա­թիւրք» օ­դա­կա­յա­նին մէջ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով եւ ընդգ­ծեց, որ վեր­ջին քա­նի մը ա­միս­նե­րուն ըն­թաց­քին Սու­րիոյ հիմ­նախնդ­րին շուրջ շրջա­դար­ձա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան։ «Քա­ղա­քա­կան լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցի զար­գաց­ման, ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան ժամ ա­ռաջ դադ­րեց­ման հա­մար կը գոր­ծադ­րենք խտա­ցեալ ջան­քեր», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ ա­ւել­ցուց, որ Թուր­քիա այս ջան­քե­րը յա­ռաջ կը տա­նի իր բա­րե­կամ­նե­րուն հետ եւ հա­ւա­նա­բար մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին դրա­կան ար­դիւնք­ներ պի­տի ա­պա­հո­վուին։

Ըստ Էր­տո­ղա­նի, Թուր­քիա սե­ղա­նի վրայ դրած է ծրա­գիր մը։ Այս­պէս, Սու­րիոյ հիւ­սի­սին 4-5 հա­զար քա­ռա­կու­սի քի­լօ­մեթր տա­րա­ծու­թեամբ ա­հա­բեկ­չու­թե­նէ զերծ գօ­տի մը պի­տի ստեղ­ծուի եւ այդ մէ­կը փակ պի­տի ըլ­լայ թռիչք­նե­րու հա­մար։ Տե­ղա­ցի ժո­ղո­վուր­դը պի­տի բնա­կի այն­տեղ եւ անվ­տան­գու­թիւ­նը պի­տի ե­րաշ­խա­ւո­րուի ազ­գա­յին բա­նա­կի մը կող­մէ։ Էր­տո­ղան ը­սաւ, որ այս անվ­տանգ գօ­տիին նպա­տակն է կան­խել գաղ­թը եւ Թուր­քիոյ գաղ­թա­կա­նաց ճամ­բար­նե­րու բնա­կիչ­նե­րը վե­րա­դարձ­նել ի­րենց եր­կի­րը։ Էր­տո­ղան յայտ­նեց, որ իր այս տե­սա­կէ­տը բաժ­նած է նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի եւ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան միւս ան­դամ եր­կիր­նե­րուն հետ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին խօս­քե­րով, Էլ Պա­պի հար­ցը ար­դէն լու­ծուե­լու վրայ է։ Ի­ՇԻՊ հա­սած է Էլ Պա­պը լքե­լու կէ­տին։ Յա­ջոր­դող շրջա­նին դէ­պի ա­ւե­լի ա­րե­ւելք Մեն­պի­չի եւ Ռաք­քա­յի վրայ պի­տի կեդ­րո­նա­ցուին աշ­խա­տանք­նե­րը։

Իր կար­գին, Փոխ-վար­չա­պետ Նու­ման Քուր­թուլ­մուշն ալ շա­բա­թա­վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ու մա­նա­ւանդ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան ըն­թաց­քին շուրջ։ Փոխ-վար­չա­պե­տին խօս­քե­րով, Էլ Պա­պի ա­զա­տագ­րու­մով ա­ւար­տին պի­տի հաս­նի «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը։ Ռաք­քան ար­դէն ու­րիշ հարց մըն է։

Ու­շագ­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ հնչե­ցին նաեւ Մոս­կուա­յէն։ Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, որ Էլ Պա­պի հա­րա­ւին՝ ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թեամբ Թա­տի­ֆի շրջա­նը ձեռք ան­ցուած է Սու­րիոյ բա­նա­կին կող­մէ։ Ըստ ռու­սա­կան կող­մին, Թուր­քիոյ հետ նա­խա­պէս հա­մա­ձայ­նե­ցուած՝ Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կի շփման գի­ծը ար­դէն ձե­ւա­ւո­րուած է, այ­սինքն կող­մե­րը ար­դէն հա­սած են ի­րենց հա­մար նա­խա­տե­սուած սահ­ման­նե­րուն։

Միւս կող­մէ, բո­վան­դակ Թուր­քիա խոր յար­գան­քով հրա­ժեշտ կու տայ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան շրջագ­ծով Էլ Պա­պի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն նա­հա­տա­կուած զի­նուոր­նե­րուն։ Նա­հա­տակ­նե­րը հո­ղին կը յանձ­նուին Տե­նիզ­լիի եւ Էրզ­րու­մի մէջ։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2017