ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԳՏԱՒ ԻՐ ՍԷՐԸ

Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուած իւ­րա­քան­չիւր հայ­րե­նա­դարձ իր պատ­մու­թիւ­նը ու­նի: Ա­տոնք տար­բեր են ու ինք­նա­տիպ, ինչ­պէս աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ ծնած ու մեծ­ցած հա­յե­րը, ո­րոնց Հա­յաս­տան բե­րած են նման, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ այն­քան տար­բեր ճա­նա­պարհ­ներ:

«Հա­յերն այ­սօր»ի ստո­րեւ ներ­կա­յա­ցուած պատ­մու­թեան հե­րո­սը յոր­դա­նա­նա­հայ Կա­րօ Սեր­պե­կեանն է:

Հա­յաս­տան վե­րա­դառ­նա­լը միշտ մտքիս մէջ ե­ղած է...

Կա­րօ Սեր­պե­կեան Յոր­դա­նա­նի մէջ տաս տա­րի հաշ-ւա­պահ աշ­խա­տած է, ն­­աեւ՝ ե­րաժշ­տու­թեամբ զբա­ղած (ճազ խում­բի մէջ նուա­գած), ձայ­նագ­րու­թեան ա­ր-ւես­տա­նո­ցին մէջ տար­բեր աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րած:

Ծնած ու ապ­րած է հայ­րե­նի­քէն հե­ռու, սա­կայն Հա­յաս­տան վե­րա­դառ­նա­լը միշտ Կա­րո­յի մտքին մէջ ե­ղած է՝ դառ­նա­լով ե­րա­զանք, որ ա­մէն կերպ ձգտած է ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նել:

Որ­պէս զբօ­սաշր­ջիկ՝ Հա­յաս­տան ա­ռա­ջին ան­գամ եր­կու շա­բա­թով ե­կած է 2007 թուա­կա­նին: 2014 թուա­կա­նին բախտ վի­ճա­կուած է այս ան­գամ բա­րե­կա­մի մը հար­սա­նի­քին ներ­կայ գտ­­նուե­լու:

Մինչ հայ­րե­նա­դար­ձուի­լը՝ հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցով աշ­խա­տան­քա­յին փնտռտուք­նե­րու մէջ ե­ղած է, քա­նի որ ո­րո­շած էր անձ­նա­կան գործ դնել եւ ներդ­րում­ներ կա­տա­րել Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Ի հար­կէ, ա­նոր ճա­նա­պար­հին դժուա­րու­թիւն­ներ յայտ­նուած են. չէ՞ որ ի­րեն հա­մար Հա­յաս­տա­նը, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, ան­ծա­նօթ եր­կիր մըն էր: Ան ծա­նօթ չէր մար­դոց մտա­ծե­լա­կեր­պին, գոր­ծող օ­րէնք­ներն ու գոր­ծա­րար դաշ­տը չէր գի­տեր, բայց, այ­դու­հան­դերձ, չէ ընկր­կած...

«Դէպ­ի Հայք» հիմ­նադ­րամ­ի ծրագ­իր­ը ե­ղած է վա­ռու­ող այն ջա­հը, որ­ուն հետ­քեր­ով Հա­յաս­տան ե­կած է:

«Դէ­պի Հայք» ծրագ­րի­ն մաս­նակ­ցած է այն յո­յսո­վ, որ պի­տի կա­րե­նայ կա­պուի­լ Հա­յաս­տա­նի­ն, աշ­խա­տան­քա­յի­ն, մաս­նա­գի­տա­կան փորձ ու­նե­նայ, նոր ըն­կե­րա­կան շրջա­պատ ձե­ւա­ւո­րէ­՝ ոտ­քի վրայ ա­մուր կանգ­նե­լո­վ Մայր հո­ղի­ն: Վեց ամիս տեսած է «Դէ­պի Հայք»ի կա­մա­ւո­րա­կան ծրա­գիր­ը, ո­րու­ն ըն­թաց­քին աշ­խա­տած է Ե­րե­ւա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ:

Հայրս օ­դա­կա­յա­նի ամ­բող­ջ ճա­նա­պար­հին զիս կը հա­մո­զէր ետ վե­րա­դառ­նալ...

Հայ­րեն­ա­դար­ձուել­ու միտ­քը Կա­րոյ­ի հա­րա­զատ­ներն ու ըն­կեր­նե­րը «խենթ» ու հա­մար­ձակ քայլ հա­մա­րած են: Հիմ­նա­կա­նին մէջ եր­կու քոյ­րեր­ը քա­ջա­լե­րած են­: Մայ­րը Աս­տու­ծոյ կամ­քին ձգած է տղուն ո­րոշ­ու­մը, իսկ հայ­րը ը­սած է, որ ան տնօ­րի­նէ իր կեան­քը: Սա­կայն ամ­բող­ջ ճա­նա­պար­հին­՝ մին­չեւ օ­դա­կա­յան հաս­նի­լը, փոր­ձած է հա­մո­զել ետ վե­րա­դառ­նալ, սա­կայն Կա­րօն չէ «յանձ­նու­ած»:

«Ծնող­քիս ան­հանգս­տու­թիւ­նը ինչ-որ տեղ հասկ­նա­լի էր ին­ծի հա­մար։ Յոր­դա­նա­նի մէջ կա­յա­ցած էի, աշ­խա­տանք ու­նէի եւ յան­կարծ այդ ա­մէ­նը ձգե­լով­՝ ան­յայ­տու­թեան ու­ղիով կ՚որ­ո­շեմ Հա­յաս­տան գալ՝ նոր է­ջով կեանքիս սկսել­ու», ան­կեղ­ծու­թեամբ կ՚ըս­է Կա­րօն­՝ ա­ւելց­նել­ով, որ հո­գիի ձայ­նին հե­տեւ­ած է եւ Աս­տուած Հա­յաս­տան գա­լու ճա­նա­պա­հը բա­ցած է իր առ­ջեւ։ Կը զգար, որ ա­մէն ինչ լաւ պի­տի ըլ­լայ:

Միան­գա­մէն սի­րա­հա­րու­ե­ցայ Ար­ցա­խին­...

Կա­րօն նպա­տակ ու­նէր ապ­րե­լու Ե­րե­ւա­նի կամ Դի­լի­ջա­նի մէջ: Սա­կայն մտադ­րու­թիւն­ը հիմ­նո­վի­ն փո­խ-ւած է, երբ «Դէ­պի Հա­յք» հիմ­նադ­րա­մի չորս շաբ­թը-ւան կա­մա­ւոր­ա­կան ծրա­գի­րով Ար­ցախ գա­ցած է:

Ս­­փիւռք­ա­հայ ե­րի­տաս­ար­դը եր­բեք չէր այ­ցե­լած Ար­ցախ, ուս­տի յա­նկարծ հա­մա­ձայ­նած է եր­թալ, սա­կայն մտքէն ե­րբեք չ­­էր ան­ցած, որ Ար­ցա­խի մէ­ջ խոր ար­մատ­ներ պ­­ի­տի դնէր:

Կա­րօն շ­­ատ հաւ­նած է Ղա­րա­բա­ղը. իւ­րա­տե­սակ հա­րա­զատ եւ հ­­ո­գեւ­որ մի­ջա­վայր ստեղ­ծուած է շուր­ջը այ­ն աս­տի­ճա­նի, որ մտա­ծած է Ար­ցա­խի մէջ ո­րե­ւէ գործի նա­խա­ձեռ­նել:

­Ե­րե­ւան գա­լով՝ գի­նե­տու­նե­րէն մ­­է­կու­ն մէջ հան­դի­պած է իր ըն­կեր­նե­րէ­ն մէ­կուն՝ զբօ­սա­վար Նաի­րա Իս­րա­յէ­լեա­նի­ն եւ եր­կուստ­եք քննարկ­ման ար­դիւնք­ով՝ ո­րոշ­ած են Ար­ցա­խի մէ­ջ սր­ճա­րան բա­նալ:

«Մուկ­լի­ման­դիլ» սրճա­րա­նի բա­ցու­մը շա­ռա­չուն ապ­տակ էր ա­զէրին­ե­րուն.­..

«Մուկ­լի­ման­դիլ» ղա­րա­բա­ղեան բար­բա­ռով սար­դոս­տայն կը նշ­­ա­նա­կէ: Ա­յսինքն՝ կը ցան­կանք իւ­րա­տե­սակ ցանց ստեղ­ծե­լ Հա­յաս­տա­նի, Ա­րցա­խի եւ Սփիւռ­քի հա­յե­րուն մի­ջեւ, որ­պէս­զի մար­դիկ գան եւ ի­րենց հան­գիս­տը ա­նցընեն գե­ղա­տե­սիլ Ս­­տե­փանա­կեր­տի գ­­ողտ-ր­իկ ան­կիւ­նի մը մ­­էջ: Սրճա­րա­նը նաեւ ի­ր դռ­նե­րը կը բ­­ա­նայ օ­տա­րերկ­րա­ցի­նե­րու առ­ջեւ, ո­րուն մի­ջո­ցով հնա­րա­ւո­րու­թի­ւն կը ստեղ­ծուի աշ­խար­հի մա­կար­դա­կով Ար­ցա­խը աւ­ե­լի ճա­նա­չե­լի դա­րձնել:

Սրճա­րա­նի մտեր­միկ մ­թ­նո­լոր­տին մէջ տե­ղի կ՚­­ու­նե­նան բազ­մա­պի­սի ձե­ռն­­արկ­ներ՝ գիր­քե­րու շնոր­հա­հան­դէս­ներ, պա­րի դա­սըն­թաց­ներ, քննար­կումն­եր, դա­սա­խօս­ու­թի­ւն­­ներ, ֆիլ­մի դի­տում­ներ ե­ւ այլն:

Սրճա­րա­նի բա­ցու­մը նա­խա­տե­սու­ած էր 2­016 թուա­կա­նի Ապ­րի­լին­, սա­կայն յայտ­նի դէպ­քե­րէն յե­տոյ ա­ն բա­ցուե­ցաւ Մա­յիսի 1­6-ին: Ինչ­պէս կ­­ը վս­­տա­հեց­նէ Կա­րօն, ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեա­յ պա­տե­րազ­մէն յ­­ե­տոյ հա­կա­ռակ Ար­ցա­խի մէ­ջ տի­րող ճ­ն­շող ի­րա­վի­ճակ­ին՝ ժո­ղո­վու­րդին կ­­ող­մէ զար­մա­նա­լիօ­րէն ջ­­երմ ըն­դու­նե­լու­թեան ար­ժա­նա­ցած են, որ շատ յու­զած է զիրենք:

«Սրճա­րա­նի բա­ցու­մը նա­եւ շա­ռա­չուն ապ­տակ էր՝ ուղ­ղուած ա­զէ­րին­ե­րուն: Կ՚ու­զէինք ցոյց տալ, որ թշնա­մին մ­­եզ­ի ծուն­կի չի կ­ր­նար բե­րել, որ­քան ալ փոր­ձէ ս­­ահ­մա­նին սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նել, մենք ա­ւե­լի կը հ­­ա­մախմ­բուինք՝ հզօ­րաց­նե­լու Հա­յաս­տանն ու Ա­րցա­խը», նշեց Կա­րօն:

­Հայ­րե­նադ­ար­ձու­թիւ­նը ա­մե­նա­մեծ պար­գե­ւը տուա­ւ՝ իմ բախտս գտայ Մայր հայ­րե­նի­քի մէջ...

Կա­րօն ա­նհուն ու­րա­խու­թեամբ կը խօ­սի այ­ն մա­սին, որ հայ­րե­նադ­ար­ձու­թիւ­նը ի­րեն ա­մե­նա­մեծ պար­գե­ւը տուած է, ի­ր բախ­տը գտած է Մայր հայ­րե­նիք­ի մէջ:

Սո­վո­րակ­ան օր մ­­ըն է­ր, նոյ­նիսկ յստակ կը յի­շէ՝ Չո­րեք­շաբ­թի, երբ զբօ­սա­վար Սիւ­զան­նա Շահ­նա­զա­րեան Ե­րե­ւա­նէն զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու խումբ մը բե­րած էր սըր-­ճա­րան:

Ի­րա­րու հետ ծա­նօ­թան­ա­լէ ետք, կող­քի սե­ղա­ննե­րուն մօտ նստած ե­րի­տաս­արդ­նե­րուն հետ ու­րախ ըն­կե­րա­խումբ կազ­մել­ով՝ սկսած են զրու­ցե­լ, նուա­գել եւ ու­րախ ժա­մա­նակ անց­ընել: Այդ հան­դի­պումն ալ պատ­ճառ դար­ձած է, որ ա­նոնց մի­ջեւ զգա­ցում մը ծնի: Մտեր­մա­նա­լէ ետ­ք հ­րա­ժեշ­տի ժա­մա­նակ Սիւ­զան­նան Կա­րո­յին ը­սած է, ո­ր երբ Ե­րե­ւան գայ, տե­ղեակ պա­հէ ի­րեն, որ­պէս­զի հան­դի­պին ե­ւ զ­րու­ցեն:­

«Սիւ­զան­նան մաս­նա­գի­տու­թե­ամ­բ սր­տա­բան է ե­ւ ան յա­ջո­ղե­ցաւ «սիրտս գող­նալ» (ծի­ծա­ղե­լով)­: Եւ տասն օր յ­­ե­տոյ Ե­րե­ւան գա­լով՝ յի­շե­ցի Սիւ­զան­նա­յի ը­սա­ծը եւ զան­գա­հա­րե­ցի իրեն...», ժպի­տով պ­­ատ­մեց Կա­րօն:

­Կա­րօն ու Սիւ­զան­նան ար­մատ­նե­րով Ղա­րա­բա­ղէն են եւ գու­ցէ ար­եան կանչն է զանոնք, նա­խախ­նա­մու­թե­ան շնոր­հիւ, Ղա­րա­բաղ հաս­ցու­ցած, որ­պէս­զի այն­տեղ ա­նոնք սի­րա­հա­րին ի­րա­րու, ա­մուս­նա­նան ու հայ­կա­կան գե­ղե­ցիկ ըն­տա­նիք կազ­մեն:

­Նշենք, որ ե­րի­տաս­արդ զոյ­գը վ­­եր­ջե­րս ն­շա­նուած է եւ ա­մա­ռը կը պ­­ատ­րաս­տուին ա­մուս­նա­նալ:

Կա­րո­յին հան­դի­պե­լով­՝ հ­րա­ժա­րե­ցայ հե­ռան­ալ Հա­յաս­տա­նէն

 «Կա­րօն պ­­ար­զա­պէս երկ­րորդ ընտ­րութեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն չտուաւ, ան սէր խ­­ոս­տո­վա­նե­ցաւ եւ ը­սաւ՝ որ­քան անհ­րա­ժեշտ է, կը սպա­սէ պա­տաս­խանիս: Ի հար­կէ, մ­­արդ­կա­յին այլ յատ­կա­նիշ­նե­րո­վ եւ քայ­լեր­ով ա­լ գ­րա­ւեց ու­շադ­րու­թիւնս­. շատ գե­ղե­ցիկ ռո­ման­թիկ ա­ռա­ջար­կու­թիւն ը­րած է (ի­րարու նա­յե­լով­՝ կը ծի­ծա­ղին):

Աշ­խա­տան­քի բե­րու­մո­վ պար­բե­րա­բար շփուել­ով սփիւռ­քա­հա­յե­րու հետ՝ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ վե­րա­բեր­մունք ու­նե­ցած եմ ա­նոնց նկատ­մամբ: Միշտ հիա­ցած եմ սփիւռ­քա­հա­յե­րու հայ­րե­նաս­ի­րու­թեամբ ու ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիութ­եան վառ դրսե­ւո­րու­մով:­

Ի վեր­ջոյ, Կա­րո­յին հան­դի­պե­լով­՝ հ­րա­ժա­րե­ցայ հե­ռա­նալ Հա­յաս­տա­նէն. ար­տերկ­րէ աշ­խա­տան­քա­յին տար­բեր ա­ռա­ջարկ­ներ ու­նէի, բայց Կա­րօն աչ­քերս բա­ցաւ՝ ը­սել­ով. «­Մի՛ եր­թար, կեցի՛ր Հա­յաս­տա­նի մէ­ջ եւ գնա­հա­տէ՛ ու­նե­ցած­դ», ը­սաւ Սիւ­զան­նան:

Հա­յաս­տա­նը ին­ծի հա­մար մի­լիոն անգամ Ա­մե­րի­կա կ՚ար­ժէ

Կա­րօն Հ­­ա­յաս­տա­նէն հե­ռա­ցող մար­դոց խոր­հուրդ կու տայ սթափ ու­ղե­ղով մտա­ծել՝ ար­դեօք ճի՞շդ կը վա­ռուին­, թէ՞ ոչ, կրկին միայն այդ քայ­լին դիմեն:

Հա­յաս­տա­նի մէ­ջ, ի հար­կէ, դ­­ժուա­րու­թիւն­ներ կ­­ան, բայց, ինչ­պէս Կ­­ա­րօն խոր­հուրդ կու տայ, պէտք է հասկ­նալ, ուր որ ալ եր­թա­ն՝ այդ դժուա­րու­թիւնն­ե­րուն պի­տի բա­խին:

­Ան «Green card» ստացած է, ք­­ա­նի մը ան­գամ գա­ցած է Ամ­ե­րիկ­ա, տե­սած է ամ­ե­րիկ­եան շքեղ կ­­եանք­ն ու հի­մա ա­ռանց մէկ վայր­կեան տա­տա­նե­լու՝ կ՚ը­սէ, որ Հա­յաս­տա­նը իր­են հա­մար մի­լիո­ն անգամ Ա­մե­րի­կա կ՚ար­ժէ՝ իր ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րով ու թե­րու­թիւն­նե­րով­: Մա­քուր օ­դը, հա­մեղ ու­տե­լիք­ներն ու քաղց­րա­համ միր­գե­րը եր­բեք չես գտներ Միացեալ Նա­հանգ­ներու մէ­ջ:­

«Հայ նոր սե­րունդ­ը շատ խե­լա­ցի ու կազ­մա­կեր­պուած է: Միան­շա­նակ կրնանք յոյս դնել ա­նոնց վրայ. մեր ե­րի­տաս­արդ­նե­րուն շնոր­հիւ՝ Հա­յաս­տա­նի ապ­ա­գան լու­սա­ւոր պի­տի ըլ­լայ: Մնանք ու շէ­նաց­նենք Հա­յաս­տան աշ­խար­հը», լաւատեսա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ զրոյ­ցը ա­մփո­փեց Կ­­ա­րօ Սեր­պե­կեա­ն:

ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2017