ԶԳԱՑԱԿԱՆ ՊՈՌԹԿՈՒՄ
Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Այս զգայացունց իրադարձութիւնը, բառին բուն իմաստով, յեղաշրջեց համայնքին օրակարգը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հրաժարականի փուլին ծանր մեղադրանքներ հասցէագրեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին, հոգեւորականաց դասուն, համայնքի աշխարհական վարիչներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին։ Դժբախտաբար, Իսթանպուլի երկու սրբազաններուն միջեւ յարաբերութիւնները հունէ դուրս եկած են եւ հարցականներով ծանրաբեռնուած պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ամբողջին մէջ, առկայ անցումային շրջանին սա նոր մարտահրաւէր մըն է մեր համայնքին տեսակէտէ։ Ազգային-եկեղեցական մեր կեանքէն ներս ստեղծուած է նոր կացութիւն մը։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ թրքերէն լուսաբանութիւն մը ուղարկեց համայնքային մամուլին՝ անդրադառնալով իր հրաժարականի պատճառներուն։ Այդ լուսաբանութիւնը, խորքին մէջ, զգացական պոռթկում մըն է։ Նորին Սրբազնութիւնը տեղեկացուցած է, որ կը հրաժարի Կրօնական ժողովի ատենապետի պաշտօնէն եւ Պատրիարքարանի յարակից ստեղծուած «Յովակիմ 1461» հիմնարկի վարչութեան փոխ-ատենապետի պաշտօնէն։ Զուգահեռաբար ան յայտարարած է, որ պատրիարքի թեկնածու պիտի չըլլայ։ Ան որոշած է իր արտադրունակութիւնը եւ կեանքի մնացեալ տարիները յատկացնել աւելի իմաստալից ծառայութիւններու համար։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հրաժարականին մէջ արձանագրած է նաեւ, որ համայնքային վարիչները թաղուած են իրենց փոքր աշխարհին մէջ եւ ընթացք կու տան անհատի մը ամէն տեսակ քմահաճոյքին։ Համայնքային վարիչները դատողութեան եւ հեռատեսութեան առումով քննադատելու առընթեր ան մատնանշած է, որ ժողովուրդն ալ անտարբեր է եկեղեցւոյ եւ համայնքի խնդիրներուն նկատմամբ։ Հետեւաբար, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այլեւս չի փափաքիր ծառայել նման ժողովուրդի մը եւ որոշած է լքել այս քաղաքը։
Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծած է, որ հոգեւորականները, վարիչներն ու ժողովուրդը առանձին թողած են զինքը։ «Սա պարտութեան մը ճիչն է։ Սակայն, ոչ միայն ես, նաեւ դուք բոլորդ պարտուեցաք։ Դարձեալ յաղթական դարձաւ անհատ մը։ Աստուած մեզի օգնական», նշած է Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հրաժարականին մէջ։
Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, երէկ Պատրիարքարանի մէջ առաւօտեան ժամերուն տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ գումարուած ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկան ընտրութեան վերաբերեալ խնդիրները։ Ծանօթ է, որ անցեալ տարուան վերջին քառորդին Պատրիարքական Աթոռը եկեղեցականաց համագումարով որոշած էր հանգստեան կոչել Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանը։ Այսպէսով Աթոռը հռչակուած էր թափուր։ Այդ կարգադրութիւնը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի համախոհութեամբ կատարուած էր եւ երկու սրբազանները որոշած էին նոր թափ մը տալ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին եւ համապատասխան նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ յաչս պետութեան։ Յաջորդող շրջանին այդ գործընթացը, ընդհանրապէս, շարունակուեցաւ դրական հունի մը մէջ։ Բայց եւ այնպէս, ըստ երեւոյթին, վերջին շրջաններուն երկու սրբազաններուն միջեւ յառաջացած են տարակարծութիւններ։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի մօտեցումը կամ պահանջները ենթադրած են քանի մը հիմնական տարրեր։ Առաջին՝ պատրիարքական տեղապահի մը ընտրութիւնը։ Երկրորդ՝ պատրիարքական ընտրութեան համար նոր նախաձեռնարկ մարմնի մը ստեղծումը եւ պատկան իշխանութիւններուն ուղղուելիք դիմումին մէջ այդ հանգամանքին մատնանշուիլը։ Երրորդ՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հանդիպման լոյսին տակ դիմումի գործընթացը պէտք է ա՛լ աւելի արագացուէր։ Արդարեւ, նախագահը յայտնած էր, որ հարցը պիտի լուծուի մօտալուտ հանրաքուէէն վերջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այդ խոստման լոյսին տակ յարմար դատած էր դիմումը սպասցնել մինչեւ հանրաքուէի թուականը։ Իր համոզմամբ, նախագահի խոստումին զուգահեռ այդ եզրը աւելի պատշաճ պիտի ըլլար։ Իսկ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի մօտեցումը այն էր, որ նախագահին խոստումը պէտք էր օգտագործել գործընթացը արագացնելու համար։
Ի վերջոյ, այդ տարակարծութիւնները եւ այլ յարակից խնդիրներ օրակարգի վրայ եկան Կրօնական ժողովի երէկուան նիստին ընթացքին։ Թեր ու դէմ կարծիքներ յայտնուեցան։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, ժողովական հայրերը սուր բանավէճ մը ծաւալեցին եւ ի վերջոյ ձեռնարկեցին քուէարկութեան։ Արդիւնքին հաւանութեան արժանացաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տեսակէտը եւ այս պայմաններուն ներքեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան լքեց ժողովը եւ արմատական քայլ մը առնելով որոշեց հրաժարական ներկայացնել։ Նորին Սրբազնութիւնը հրաժարականի լուսաբանութեան մէջ շեշտած է, որ Պատրիարքական Աթոռը թափուր է եւ համայնքային կեանքէն ներս հետզհետէ կը խորանայ քաոսը։ Ըստ իրեն, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան դիտումնաւոր ձեւով դէպի փակուղի կ՚առաջնորդէ այս գործընթացը եւ որքան ատեն, որ ան կը մնայ ընդհանուր փոխանորդ՝ կարելի պիտի չըլլայ պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկել։
Նոյնպէս հրաժարականի լուսաբանութեան մէջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտնած է, որ պարտականութիւն համարած է՝ այս բոլորին շուրջ տեղեակ պահել «իր ժողովուրդը», թէեւ վերջաւորութեան յոյժ դառնութիւն եւ յուսահատութիւն արտայայտած է նաեւ այդ նոյն ժողովուրդին մասին։