ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՃԳՆԱԺԱՄ

Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նով մտա­հո­գիչ տագ­նապ մը ծա­գե­ցաւ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։ Ներ­կա­յիս այս ճգնա­ժա­մը կը բնո­րո­շէ մեր հա­մայն­քին օ­րա­կար­գը։ Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ առ­կա­խեալ ընտ­րու­թիւն­նե­րը կը կա­թուա­ծա­հա­րեն թրքա­հա­յու­թեան կեան­քը՝ ան­կան­խա­տե­սե­լի հե­տե­ւանք­նե­րով ու մա­շե­ցու­ցիչ վե­րի­վայ­րում­նե­րով։

Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի ե­րէ­կուան հրա­ժա­րա­կա­նը զու­գա­դի­պե­ցաւ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) հեր­թա­կան ժո­ղո­վին։ Ուս­տի, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նին մէջ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ VADİP-ի 2017 թուա­կա­նի ա­ռա­ջին ժո­ղո­վին։ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի գլխա­ւո­րու­թեամբ գու­մա­րուե­ցաւ ժո­ղո­վը, որ տե­ւեց սո­վո­րա­կա­նէն շատ ա­ւե­լի եր­կար։ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ցա­ւա­լի եւ տխուր նկա­տեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը։ Ա­ւե­լի վերջ ան խօս­քը թո­ղուց Նո­րին Սրբազ­նու­թեան, որ եր­կար բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ հրա­ժա­րա­կա­նին շուրջ։ Նոյ­նիսկ ան­զէն աչ­քով կա­րե­լի էր նկա­տել, որ խո­րա­պէս ցնցուած էր Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, զգա­ցա­կան պոռթ­կու­մի մը մէջ էր։ Ի­րեն տե­սա­կէ­տէ բա­ւա­կան ջղագր­գիռ փու­լի մը մէջ էր Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը, ինչ որ մարդ­կայ­նօ­րէն հասկ­նա­լի էր։ Զգա­ցա­կան պոռթ­կու­մը հա­սած էր այն մա­կար­դա­կին, որ նոյ­նիսկ ան չյա­ջո­ղե­ցաւ ինք­զինք զսպել եւ ինք­զին­քին թոյլ տուաւ ա­նար­գան­քէ ա­ւե­լի հայ­հո­յան­քով ար­տա­յայ­տուե­լու Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի հաս­ցէին։ Յա­մե­նայն­դէպս, բո­լոր ժո­ղո­վա­կան­նե­րը վա­ղուց ծա­նօթ էին Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի ո­ճին, հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան եւ մտա­ւոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, հե­տե­ւա­բար հա­կուած էին հան­դու­ժել այդ բո­լո­րին։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան ման­րա­մաս­նօ­րէն ամ­փո­փեց 2011 թուա­կա­նին Իս­թան­պուլ վե­րա­դառ­նա­լէն ի վեր ան­ցած շուրջ վեց տա­րուան գոր­ծըն­թա­ցը։ Ան շեշ­տեց, որ պայ­թիւ­նավ­տանգ ի­րա­վի­ճակ մը ստեղ­ծուած է հա­մայն­քէն ներս, սա­կայն ինք ո­րո­շած էր բա­րե­կա­մա­նալ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ։ Իր դի­տար­կում­նե­րով, պատ­րիար­քի մը բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը հա­մայն­քէն ներս կը խո­րաց­նէ քաոս մը։ Այս ե­րե­ւոյ­թին որ­պէս օ­րի­նակ ան մատ­նան­շեց Պատ­րիար­քա­րա­նի առ­ջեւ սեւ ծաղ­կեպ­սա­կի մը թո­ղուի­լը եւ ը­սաւ. «Ար­կա­ծախն­դիր մար­դիկ կա­յին եւ կա­րե­լի չէր եր­կար ժա­մա­նակ եր­թալ ա­նոնց հետ։ Դուք ալ չկա­յիք, հե­ռու մնա­ցիք»։ Հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րուն այս քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը հաս­ցէագ­րե­լէ վերջ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան ա­ւել­ցուց, որ ան­հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն փո­խա­րէն պե­տու­թիւնն ալ ան­պա­տաս­խան թո­ղած է դի­մում­նե­րը։

Մես­րոպ Պատ­րիարք Մու­թա­ֆեա­նի հանգս­տեան կո­չուե­լէն ի վեր ան­ցած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին շուրջ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցուց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը։ Իր խօս­քե­րով, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րար մը գտած էին պատ­կան մար­մին­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուե­լիք նա­մա­կի բո­վան­դա­կու­թեան շուրջ։ Յա­ջոր­դած շրջա­նի տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն ալ անդ­րա­դառ­նա­լէ վերջ ան ը­սաւ, թէ ե­րէկ ա­ռա­ւօտ գու­մա­րուած Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին բա­րե­կա­մա­բար պար­զած էր իր գա­ղա­փար­նե­րը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը նշեց, որ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վը ըն­թացք չէ տուած իր մօ­տե­ցում­նե­րուն։ Ժո­ղո­վա­կան հայ­րե­րէն միայն Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան հա­մա­միտ գտնուած է ի­րեն։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան բա­ւա­կան ծանր ու վի­րա­ւո­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ նաեւ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րու հաս­ցէին։

Ի մէջ այ­լոց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը նշեց նաեւ, որ ե­թէ չըլ­լար իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, ա­պա Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան չէր կրնար հիմ­նել «Յո­վա­կիմ 1461» հիմ­նար­կը։ Ան յայտ­նեց, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան պէտք է հե­ռա­նայ։ «Թող լքէ ու եր­թայ, թող եր­ջա­նիկ ըլ­լայ, բա­ւա­կա­նա­չափ դրամ ու­նի։ Այ­լա­պէս, այս պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւ­նը հան­րա­քուէէն վերջ ալ պի­տի չըլ­լայ», ը­սաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Իր խօս­քե­րուն տե­ւո­ղու­թեան Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը դառ­նու­թեան ալ ազ­դե­ցու­թեամբ յայտ­նեց, թէ ա­նօ­գուտ է նաեւ ժո­ղո­վուր­դին բան մը բա­ցատ­րե­լու ջան­քը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ ինք ներ­կա­յիս կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի ե­րա­նաշ­նորհ Օր­մա­նեան Պատ­րիար­քի սկզբուն­քով. մի յա­ւակ­նիր ո­րե­ւէ պաշ­տօ­նի, սա­կայն ե­թէ այդ պաշ­տօ­նը քե­զի վի­ճա­կի, մի խու­սա­փիր։

«Այս երկ­րին մէջ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցե­լու կո­րով այ­լեւս չու­նիմ։ Քիչ մը պէտք է ինք­զինքս, իմ հո­գիս հանգս­տաց­նեմ։ Ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ ե­թէ այս ժո­ղո­վուր­դին պատ­րիար­քը ըլ­լամ այս երկ­րին մէջ։ Ես թեկ­նա­ծու չեմ։ Կաթ­սան կը գլո­րի ու կը գտնէ իր կա­փա­րի­չը։ Այս կռի­ւը պատ­րիարք դառ­նա­լու կռիւ մը չէ։ Ա­րամ Սրբա­զան շատ ազ­նիւ է։ Ինք­զին­քը բնաւ չթաք­ցուց ձեզ­մէ, դուք ալ զին­քը սի­րե­ցիք, կար­միր գոր­գեր փռե­լով ձեռ­քը համ­բու­րե­ցիք։ Զիս շատ ա­ռան­ձին թո­ղու­ցիք։ Իմ ա­նունս գի­տէք, սա­կայն ոչ իմ ո­դի­սա­կանս։ Վստահ եմ, Ա­րամ Սրբա­զանն ալ այս վի­ճա­կին հա­մար ցաւ կը զգայ», ը­սաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Ա­ւե­լի վերջ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն յոր­դո­րեց ա­պա­հո­վել ե­րեք հիմ­նա­կան նա­խադ­րեալ։ Ա­ռա­ջինն է ընտ­րել պատ­րիար­քա­կան տե­ղա­պահ մը, բա­ցի Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նէն։ Երկ­րորդ՝ կազ­մել նա­խա­ձեռ­նարկ մար­մին մը եւ եր­րորդ՝ այդ պայ­ման­նե­րուն հի­ման վրայ դի­մել պե­տու­թեան։ «Ե­թէ այս բա­նե­րը չկա­րե­նաք ը­նել, ես կը թքնեմ ձեր ե­րե­սին։ Սա կը նշա­նա­կէ, որ ո­րե­ւէ բա­նի չծա­ռա­յող մար­դիկ էք։ Ես այս­տեղ եմ, հե­ռու չեմ։ Հե­ռա­ձայ­նի ծայրն եմ», ը­սաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան եւ ա­ւել­ցուց, որ սա ա­ռիթ մըն է՝ որ­պէս­զի VADİP փաս­տէ ինք­զին­քը։

Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի կող­մէ գլխա­ւո­րուած հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը ու­շադ­րու­թեամբ ունկնդ­րե­ցին Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի այս ար­մա­տա­կան քայ­լին պատ­ճառ­նե­րուն եւ բա­ւա­կան սուր բա­նա­ձե­ւում­նե­րուն։ Ա­նոնք հան­դէս ե­կան շի­նիչ թե­լադ­րու­թիւն­նե­րով ու մա­նա­ւանդ պա­ղա­րիւ­նու­թեան կո­չով։ Ընդ­հան­րա­պէս հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րու տրա­մադ­րու­թիւ­նը ուղ­ղուած էր Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նը շա­հիլ՝ որ­պէս նուի­րեալ հո­գե­ւո­րա­կան, լաւ քա­րո­զիչ ու մտա­ւո­րա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով օժ­տուած ե­կե­ղե­ցա­կան։

Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան ա­ւե­լի վերջ հրա­ժեշտ ա­ռաւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցէն։ Մեկ­նե­լէ ա­ռաջ ան պա­հան­ջեց, որ­պէս­զի հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը իր խօս­քե­րը քննար­կեն դռնփակ։ Հե­տե­ւա­բար, Նո­րին Սրբազ­նու­թեան մեկ­նու­մէն վերջ մամ­լոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը դուրս ե­կան սրա­հէն եւ հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին շուրջ ծա­ւա­լե­ցին բուռն քննար­կում։ VADİP-ի դի­ւա­նը խոս­տա­ցաւ քննար­կում­նե­րու դռնփակ բաժ­նին շուրջ հրա­պա­րա­կել հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, սա­կայն մին­չեւ թեր­թիս մա­մու­լին յանձ­նուած պա­հը այ­դօ­րի­նակ ո­չինչ հա­սաւ խմբագ­րու­թեանս։

Եր­կա­րա­տեւ նիս­տի ա­ւար­տին, ըստ մեր ստա­ցած ան­պաշ­տօն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը հա­ւա­նա­բար յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն դար­ձեալ հա­մախմ­բուին այս նիւ­թին շուրջ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 14, 2017