ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՄԻՒՆԻԽ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը երկօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Գերմանիա, ուր պիտի մասնակցի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախատեսուած է նաեւ Եդուարդ Նալպանտեանի հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ՝ քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին եւ հեռանկարներուն վերաբերեալ հարցեր։
Միւնիխի մէջ նախատեսուած են նաեւ նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի այլ շարք մը երկկողմանի հանդիպումները։
Միւս կողմէ, Եդուարդ Նալպանտեան 21-22 Փե-տըրւարին ալ պիտի այցելէ Մոսկուա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր եւ արտաքին քաղաքական արդի խնդիրներ՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ այս այցելութիւնը հայ-ռուսական յագեցած երկխօսութեան շարունակութիւնը պիտի հանդիսանայ։ Այդ երկխօսութիւնը միտուած է քաղաքական, առեւտրական ու մարդասիրական ոլորտներէ ներս երկու երկիրներու դաշնակցային համագործակցութեան զարգացման։ Ռուս բանբերին խօսքերով, յատուկ ուշադրութիւն պիտի
ցուցաբերուի ընդհանուր համարկման միութիւններէն եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ խնդիրներուն։