«ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԳԻԾԷՆ ՇԵՂՈՒՄԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է»

Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նէն վերջ, հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն վրայ։ Ե­կե­ղե­ցա­կան հայ­րե­րուն մի­ջեւ յա­ռա­ջա­ցած պա­ռակ­տու­մը խոր մտա­հո­գու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ բո­լո­րին։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ ան­նա­խըն­թաց հե­տաքրք­րու­թիւն մը կայ՝ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սէն ներս տի­րող տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն, առ­կայ խմո­րում­նե­րու նկատ­մամբ։ Մենք ալ այս մա­սին տար­րա­կան պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մե­լու հա­մար շօ­շա­փե­ցինք մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սէն ե­րեք նուի­րեալ ա­նու­նի տե­սա­կէ­տը։ Ա­նոնք էին՝ Ֆէ­րի­գիւ­ղի քա­րո­զիչ Տ Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Գա­տը­գիւ­ղի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան եւ Պա­քըր­գիւ­ղի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան։ Ծա­նօթ է, որ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեանն ալ այս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­տե­նա­պե­տեց Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին եւ հրա­ժա­րե­ցաւ։ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան եւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան ներ­կա­յիս կ­­՚ան­դա­մակ­ցին Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին։ Ա­նոնք մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու կար­կա­ռուն դէմ­քե­րու շար­քին են ու կը հա­մա­րուին շար­ժիչ ու­ժեր։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան նա­խըն­թաց օր VADİP-ի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին յայտ­նած էր, որ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի վեր­ջին փո­թոր­կոտ նիս­տին միայն Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան հա­մա­խոհ գտնուած էր ի­րեն հետ։ Հարկ է նշել, որ այս ե­րեք հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի ո­րո­շու­մով մաս կազ­մած էին այն յանձ­նա­խում­բին, որ Մու­թա­ֆեան Պատ­րիար­քի հանգըս-տեան կո­չուե­լուն զու­գա­հեռ՝ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու հա­մար յղուե­լիք նա­մա­կը պի­տի խմբագ­րէր։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք այս ե­րեք հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը:

Տ. ԹԱ­ԹՈՒԼ Ծ. ՎՐԴ. Ա­ՆՈՒ­ՇԵԱՆ.- Եր­կու տա­րի ա­ռաջ ես ալ նոյն վի­ճա­կին մատ­նուե­ցայ։ Ան­շուշտ, Սա­հակ Սրբա­զան ա­ւե­լի հան­գիստ ու հա­մար­ձակ կը խօ­սի՝ ըլ­լա­լով ե­պիս­կո­պոս։ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին մէջ հինգ տա­րի պաշ­տօն վա­րե­ցի, ա­ռա­ւե­լա­գոյն ջանք գոր­ծադ­րե­ցի՝ որ­պէս­զի ժո­ղո­վուր­դին բան մը չցո­լա­նայ, հան­րու­թեան առ­ջեւ խնդրա­յա­րոյց ե­րե­ւոյթ­ներ, խնդրա­յա­րոյց պատ­կեր մը չպար­զուի։ Դի­մա­նա­լիք վի­ճակ չկար։ Այ­սօր ալ, դժբախ­տա­բար, Սա­հակ Սրբա­զան հա­սած է նոյն վի­ճա­կին։ Մտա­հո­գիչ է, որ ի­րեն նման ար­ժէ­քա­ւոր հո­գե­ւո­րա­կան մը կը մտա­ծէ քա­ղա­քը լքե­լու մա­սին։

Նախ­կին նա­խա­ձեռ­նարկ մարմ­նին հար­ցը այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ բար­դու­թիւն յա­ռա­ջա­ցուց։ Մեր կող­մէ շա­րադ­րուած, պե­տու­թեան ուղ­ղուե­լիք նա­մա­կին մէջ ալ մենք ը­սինք, որ նա­խա­ձեռ­նարկ մարմ­նին կազ­մը ան­մի­ջա­պէս պի­տի ներ­կա­յա­ցուէր։ Պէտք է ըն­դու­նիլ, որ երկ­րին վի­ճակն ալ լա­ր-ւած է։ Մեր հար­ցե­րուն հա­զիւ թէ հեր­թը հաս­նի։ Բայց, ան­կա­րե­լի է, որ կու­սա­կա­լու­թեան ժա­մադ­րու­թիւ­նը այս­քան ու­շա­նար։ Կ­­րօ­նա­կան ժո­ղո­վը այ­սօր ար­դէն ժա­մա­նա­կա­ւոր է։ Տե­ղա­պա­հի մը գլխա­ւո­րու­թեամբ պէտք է դի­մում ներ­կա­յաց­նէինք։

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ա­մէն ինչ պէտք է ըլ­լայ ժո­ղո­վուր­դին հետ գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ մենք ազ­գա­յին ե­կե­ղե­ցի մըն ենք։ Երկ­խօ­սու­թեան մեծ պա­կաս մը կայ դժբախ­տա­բար։ Սա­հակ Սրբա­զան այս վի­ճա­կին մէջ նոյ­նիսկ եր­կար տո­կաց։ Ան պէտք է շա­րու­նա­կէ իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը։ Ես ալ շատ վի­րա­ւո­րուած եմ ու կը նա­խընտ­րեմ մնալ զուտ իմ ծա­ռա­յու­թեան դաշ­տին մէջ։

Այ­սօ­րուան վի­ճա­կը շատ դժուար է, բայց պէտք չէ յու­սա­հա­տինք։ Ե­պիս­կո­պո­սի հան­գա­ման­քով Սա­հակ Սրբա­զան կը խօ­սի ա­ւե­լի հա­մար­ձակ, ո­րով­հե­տեւ ե­պիս­կո­պո­սին վրայ միայն կա­թո­ղի­կո­սը իշ­խա­նու­թիւն ու­նի։ Ան կ՚ու­զէ ար­դար գործ մը ը­նել եւ այ­լեւս դա­նա­կը ոս­կո­րին հա­սած է։ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վը կրնայ ո­րո­շում մը չառ­նել եւ նա­խա­գահն ալ կրնայ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը դար­ձեալ ժո­ղո­վի հրա­ւի­րել։

Տ. ԳՐԻ­ԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱ­ՄԱ­ՏԵԱՆ.- Մենք պէտք է յաչս պե­տու­թեան դի­մում­նե­րու պա­րա­գա­յին հե­տե­ւինք մեր ա­ւան­դա­կան գծին։ Ես տե­սած եմ՝ Գար­ե­գին Գա­զան­ճեան եւ Մես­րոպ Մու­թա­ֆեան մեր պատ­րիարք­նե­րուն ընտ­րու­թիւն­նե­րը։ Ու­սում­նա­սի­րած եմ՝ Գա­րե­գին Խա­չա­տու­րեան եւ Շնորհք Գա­լուս­տեան պատ­րիարք­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րուն թղթած­րար­նե­րը։ Ին­ծի հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի է ա­ւան­դա­կան գի­ծէն շե­ղու­մը։ Ես կը պաշտ­պա­նեմ մեր ու­նե­ցած դրու­թիւ­նը։ Այ­սինքն, Ազ­գա­յին պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի չգո­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ ստեղ­ծուած դրու­թեան պէտք է մնալ հա­ւա­տա­րիմ։ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ բու­րվա­ռը ե­թէ պէտք է շար­ժել ե­րեք ան­գամ, ու­րեմն պէտք է շար­ժել ե­րեք ան­գամ, եր­կու կամ չորս պէտք չէ ըլ­լայ։ Ես իմ տե­սա­կէտս կ­­՚ը­սեմ՝ երբ որ հարց­նեն։ Եւ կամ ին­ծի թող չհարց­նեն։ Ես ոե­ւէ մէ­կուն զօր­ա­վիգ ըլ­լա­լու խնդիր չու­նիմ։ Այն ինչ որ կը պաշտ­պա­նեմ՝ իմ գա­ղա­փարս չէ։ Ես թարգ­ման կը հան­դի­սա­նամ թղթած­րա­րին։ Դրու­թիւ­նը այս­պէս է։

Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վը զե­կոյց հրա­պա­րա­կած է ու մեր ժո­ղո­վուր­դին յայտ­նած է, որ մեր ա­ւան­դա­կան կարգ ու կա­նո­նին հա­մա­ձայն ընտ­րու­թիւն պի­տի ըլ­լայ։ Ես ստո­րագ­րու­թիւն դրած եմ այդ զե­կոյ­ցին տա­կը։ Այս­տեղ ոե­ւէ մէ­կուն դէմ դա­ւա­ճա­նու­թիւն չկայ, այդ ստո­րագ­րու­թիւ­նը իմ պա­տիւս է։

Այ­սօր ար­տա­սո­վոր պայ­ման­նե­րու մէջ չենք, բնա­կա­նոն վի­ճակ կայ, ուս­տի մեր ու­նե­ցած օ­րէն­քը պէտք է գոր­ծադ­րուի, պէտք է յար­գել այդ օ­րէն­քին տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը։ Ե­թէ օ­րէն­քէն դուրս ել­լենք, ա­պա այլ բար­դու­թիւն­ներ կրնան ստեղ­ծուիլ։ Ես կը բարձ­րա­ձայ­նեմ օ­րէն­քին խօս­քը։

Այս­տեղ կայ վար­չա­կան հարց մը։ Վար­չա­կան հար­ցե­րը տար­բեր են ու կապ չու­նին ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րա­պե­տու­թեան նկատ­մամբ յար­գան­քի խնդրին հետ։ Այս ուղ­ղու­թեամբ կաս­կած չկայ։ Այ­լա­պէս, քաւ լի­ցի, որ ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րա­պե­տու­թեան նկատ­մամբ յար­գան­քի թե­րա­ցում մը ըլ­լայ։

Տ. ՏՐԴԱՏ ՔՀՆՅ. ՈՒ­ԶՈՒ­ՆԵԱՆ.- Մեծ տակ­նուվ­րա­յու­թիւն մը կ­­՚ապ­րիմ, հա­ւա­տա­ցէք, ու­ղեղս սա­ռած է։ Սոս­կա­լի վի­ճակ մըն է։ Այն ինչ, որ այ­սօր կը տես­նենք մեր դի­մաց՝ տա­րա­ձայ­նու­թե­նէն ա­ւե­լին է։ Սխալ քայլ մը պէտք չէ առ­նենք։ Այս վի­ճա­կին մէջ պէտք է քիչ մը սպա­սել։ Նուրբ ի­րա­վի­ճա­կի մը մէջ պէտք է խու­սա­փինք սխալ մը գոր­ծե­լէ։

Հաս­կա­ցո­ղու­թիւն պէտք է ցոյց տրուի մե­զի նկատ­մամբ, ո­րով­հե­տեւ, վերջ ի վեր­ջոյ, մենք քա­հա­նայ ենք։ Եր­կու ե­պիս­կո­պո­սի մի­ջեւ ծա­գած խնդիր­նե­րուն մէջ, ընդ­հա­նուր դրու­թեան մէջ, ը­նե­լիք շատ բան իս­կա­պէս չու­նինք։ Մենք կրնանք տու­ժել ծան­րօ­րէն։ Ան­ցեա­լին մէջ ու­նե­ցած եմ այդ­պի­սի հար­ցեր։ Տա­րի­ներ տե­ւած է։ Վի­րա­ւո­րուած եմ, շատ սա­ռա­պած եմ։ Թէեւ քիչ մը ամչ­նա­լով կ՚ը­սեմ, սա­կայն, այդ ուժս սկսած է պակ­սի­լ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2017