Ոստոստող Միտքեր Գրականութեան Եւ Արուեստի Մասին

Երբեմն պէտք է ըսել ինչ որ պէտք է ըսուի:

Նկար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէս­ներ կան ա­մէ­նու­րեք: Մեծ վար­պետ­նե­րու գոր­ծե­րը կը ցու­ցադ­րուին թան­գա­րան­նե­րու մէջ, նո­րեր ի­րենց գոր­ծե­րը կը ցու­ցադ­րեն յայտ­նի կամ թա­ղա­յին ցու­ցաս­րահ­նե­րու մէջ: Հռչա­կա­ւոր­նե­րու գոր­ծե­րու մա­սին ժա­մա­նա­կը իր վճի­ռը ար­ձա­կած ըլ­լա­լով, կ՚եր­թանք թան­գա­րան­նե­րու մէջ զա­նոնք տես­նե­լու, հիա­նա­լու, զա­ւակ եւ թոռ ալ կը տա­նինք՝ դաս­տիա­րակ­չա­կան մի­տու­մով:

Այլ եւ նոր նկա­րիչ­նե­րու գոր­ծե­րը դի­տե­լու կ՚եր­թանք երբ կ՚ի­մա­նանք, կը հրա­ւի­րուինք, կամ՝ պա­տա­հա­բար:

Հա­ճո­յա­կա­տա­րու­թեան հա­մար գի­նե­ձօ­նի ներ­կայ ըլ­լալ ոչ ա­րուես­տա­սի­րու­թիւն է ոչ ալ ա­րուես­տի գնա­հա­տում:

Նո­րե­րու գոր­ծե­րուն նկատ­մամբ մար­դիկ կ՚ու­նե­նան վե­րա­պա­հու­թիւն, քա­նի որ ա­րուես­տի գոր­ծե­րու գնա­հատ­ման հա­մար չա­փա­նիշ­ներ չկան, եւ բա­նի­մաց քննա­դատ­նե­րու եւ ժա­մա­նա­կի դա­տու­մը կը սպա­սուի: «Ա­րուես­տի վա­ճա­ռա­կան­նե­րը (marchands d՚art) յա­ճախ գի­տակ ան­ձեր են, բայց նաեւ կան անգ­րա­գէտ­ներ, ո­րոնք ա­րուես­տա­սէր­նե­րը շփո­թի կը մատ­նեն: Ո­մանք ալ ա­րուես­տով կը հե­տաքրք­րուին ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ ըն­դու­նե­լի կամ ե­րե­ւե­լի ըլ­լա­լու հա­մար, ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու ներ­կայ կ՚ըլ­լան ա­ռա­ջին օ­րը մա­նա­ւանդ, երբ դա­սա­կարգ կը կար­ծեն փո­խել քսա­կի պա­րար­տաց­ման ըն­ձե­ռած ի­րա­ւուն­քով, գե­ղան­կար մըն ալ գնե­լով:

Ի­րա­ւու­թեամբ յատ­կան­շուող ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղը կրօ­նա­կան հա­ւա­տա­ցեա­լի պէս է, կ՚ու­զէ ներ­կա­յէն ան­դին եր­թալ, ձե­ւով մը մա­հուան յաղ­թել, իր գոր­ծին ճամ­բով հետք ձգել, ան­մա­հա­նալ: Այդ­պէս է որ կտա­ւին վրայ բիւ­րա­ւոր գոյն քսող­նե­րէն տա­ղան­դա­ւոր­նե­րը կ՚ան­ջա­տուին, մե­ծե­րը, ո­րոնք կը յի­շուին, ինչ­պէս բիւ­րա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րէն եւ ի­րենց ժա­մա­նա­կի հռչա­կա­ւոր կրօ­նա­կան­նե­րէն քի­չեր կը սրբա­ցուին եւ որ­պէս այդ­պի­սին կ՚ըն­դու­նուին ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ:

Ա­րուես­տա­սէ­րը կամ հա­ւա­տա­ցեա­լը կը հա­ղոր­դուին,- կամ կը կար­ծեն հա­ղոր­դուիլ,- ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղի աշ­խար­հին կամ կրօ­նա­կան խոր­հուր­դին հետ: Չ՚ար­ժեր խօ­սիլ այն մա­սին, որ ա­րուես­տը զարդ եւ գե­ղօր հա­մա­րող­ներ կան, կրօ­նա­կան ապ­րու­մը կեղ­ծող­ներ, ինչ­պէս Մո­լիէ­րի հռչա­կա­ւոր «Թար­թիւֆ»ը, կամ գե­րի­րա­պաշտ նկար գնող շփա­ցա­ծը, որ չի գի­տեր, թէ ո՞ր կող­մէն պի­տի կա­խէ զայն, նաեւ գրոց-բրոց­ներ՝ ո­րոնք գրա­կա­նու­թիւն կը խա­ղան ձե­ւե­րու կառ­չե­լով, կամ ու­րի­շի հան­դէպ հիա­ցու­մը դրօ­շի վե­րա­ծե­լով: Կրկին կ՚ար­ժէ յի­շել Մո­լիէ­րի «Ի­մաս­տուն կա­նայք»ը (Les femmes savantes):

Ա­րուես­տի հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը զուտ են­թա­կա­յա­կան է: Կա­րե­լի է գնա­հա­տում­ներ ը­նել ա­րուես­տի գոր­ծի «ար­հեստ»ի բաժ­նի մա­սին, «թեք­նիք»ի մա­սին, կամ գրո­ղի լե­զուի ի­մա­ցու­թեան մա­սին, ո­րոնց­մէ ան­դին կը սկսի նիւ­թը գե­րան­ցող շնոր­հը, զոր կը կո­չենք տա­ղանդ կամ հան­ճար:

Ա­րուես­տը ընդգր­կուն է, նկար­չու­թիւն, քան­դա­կա­գոր­ծու­թիւն, ե­րաժշ­տու­թիւն, գրա­կա­նու­թիւն, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն, ո­րոնք ար­հես­տէն ան­դի­նը նուա­ճե­լու հա­մար կա­րիք ու­նին խոր­քի: Մեր տան պա­տե­րուն ներ­կա­րա­րը գե­ղան­կա­րիչ չէ, որ­քան որ ալ ճա­շա­կա­ւոր եւ բծախն­դիր մարդ ըլ­լայ: Այս բաղ­դա­տու­թիւ­նը կրնանք ընդ­հան­րաց­նել ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան բո­լոր մար­զե­րուն, նաեւ կրօ­նա­կան:

Ա­րուես­տի ըն­կալ­ման եւ գնա­հատ­ման վե­րա­բե­րում­նե­րը կը փո­խուին ըստ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի, ըն­կե­րատն­տե­սա­կան մի­ջա­վայ­րի եւ քա­ղա­քակր­թա­կան զար­գաց­ման: Թան­գա­րան­նե­րու մէջ գտնուող հին Յու­նաս­տա­նի գե­ղա­կերտ մար­մա­րեայ սպի­տակ թա­փան­ցի­կու­թեամբ ար­ձան­նե­րը մեր հիաց­ման ա­ռար­կա­ներն են: Ոչ ոք զա­նոնք կ՚ե­րե­ւա­կա­յէ գու­նա­ւո­րուած վի­ճա­կի մէջ, կար­միր, կա­նաչ, կա­պոյտ: Բայց ա­նոնք այդ­պէս ե­ղած են ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան պա­հուն, այդ­պէս ե­ղած են այ­սօր մե­զի ներ­կա­յա­ցող սպի­տակ քա­րե­րով կանգ­նած ե­կե­ղե­ցի­նե­րը: Նոյն­քան յատ­կան­շա­կան է մե­զի ա­ւե­լի մօտ օ­րե­րուն լու­սան­կար­չու­թեան բե­րած յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը գե­ղան­կար­չու­թեան յա­րա­բե­րա­բար:

Վե­րած­նուն­դի մեծ վար­պետ­նե­րու գոր­ծե­րը ի­րա­կա­նու­թեան հա­րա­զա­տու­թեան տուրք կու տան, երբ կը ներ­կա­յաց­նեն դի­ման­կար­ներ, նոյ­նիսկ երբ զա­նոնք կը փո­խադ­րեն հե­րո­սա­կան եւ դիւ­ցազ­նա­կան աշ­խար­հի մէջ: Ար­դի գե­ղան­կար­չու­թիւ­նը այդ «ի­րա­պաշ­տա­կան» պար­տադ­րան­քէն ձեր­բա­զա­տուե­ցաւ լու­սան­կար­չու­թեան բե­րած մեկ­նա­բա­նու­թիւն չպա­հան­ջող ի­րա­պաշ­տու­թեամբ: Թէեւ, նոյն այդ լու­սան­կար­չու­թիւ­նը փոր­ձած է ինք­զինք ա­զա­տել մե­քե­նա­կան ի­րա­պաշ­տու­թե­նէն, ո­րո­նե­լով լոյ­սե­րու եւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու այ­լա­պէս «խօ­սուն» պա­հեր, ո­րոնց քո­վէն մենք կ՚անց­նինք ա­ռանց տես­նե­լու եւ զգա­լու, մինչ ա­րուես­տա­գէտ լու­սան­կա­րի­չը զա­նոնք այ­լա­պէս «կը բռնէ» եւ կը բե­րէ մե­զի հետ հա­ղոր­դու­թեան, փո­խան­ցե­լով ան­մի­ջա­կա­նէն ան­դին գտնուող «գեր-ի­րա­կա­նու­թիւն» մը:

Այդ­պէս են նաեւ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, գրա­կա­նու­թիւ­նը: Օ­րուան լու­րե­րուն մէջ ան­պա­կաս են ո­ճիր-ար­կա­ծի, քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան կեան­քի, սի­րար­կա­ծի, նա­խան­ձի դէպ­քե­րը: Ա­նոնք ոչ ե­րաժշ­տու­թիւն են ոչ ալ գրա­կա­նու­թիւն, կրնան ա­նոնց մեկ­նա­կէ­տը ըլ­լալ, հում նիւ­թը: Ա­րուես­տը կը սկսի, ա­րուես­տա­գէ­տը եւ ա­րուես­տա­սէ­րը կը յայտ­նուին երբ այդ հում նիւ­թէն ա­ւե­լին կը ստեղ­ծուի եւ հա­ղոր­դու­թիւ­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ա­րուես­տա­սէ­րին եւ ըն­թեր­ցո­ղին հետ: Ե­թէ գե­ղանը-կա­րը, քան­դա­կը, ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը եւ գրա­կան եր­կը այդ ա­ւե­լիով չգրա­ւեն ա­րուես­տա­սէ­րը, ա­նոնց գնա­հա­տու­մը կ՚ըլ­լայ հա­ճո­յա­կա­տա­րա­կան դա­տար­կա­բա­նու­թիւն, ինչ որ կը կա­տա­րուի յա­ճախ գրա­խօ­սա­կա­նի մը պա­րա­գա­յին, նկար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սէ կամ ե­րաժշ­տա­կան ե­րե­կո­յէ մը ետք:

Ի­րաւ ա­րուես­տը,- ան ըլ­լայ գրա­կա­նու­թիւն, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն, գե­ղան­կար, ե­րաժշ­տու­թիւն, քան­դակ,- նոյ­նիսկ երբ «ի­րա­պաշտ» է, կը յատ­կան­շուի ի­րա­կա­նու­թեան գե­րան­ցու­մով: Մեր տան փո­ղո­ցը այդ­քան է, երբ կը նկա­րուի, երբ ա­նոր ձայ­նե­րը կը յայտ­նուին ե­րաժշ­տու­թեան մէջ, երբ բա­նաս­տեղ­ծի բա­ռով կեանք կը ստա­նան, կը դառ­նան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն եւ ա­րուեստ: Այդ ա­ռա­ւե­լը կը կո­չենք ներշն­չում, տա­ղանդ: Աս­տուա­ծա­մօր «միտք­»ը երբ վե­րա­ծուած է պատ­կե­րի կամ քան­դա­կի եր­բեք նոյ­նը չէ ե­ղած, հա­կա­ռակ ե­ղած «ապսպ­րանք»ին, բա­ցի այն պա­րա­գա­յէն երբ ան­տա­ղան­դը ըն­դօ­րի­նա­կած է:

Հայ­կա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խար­հին մէջ կան տա­ղան­դա­ւոր­ներ, բայց բա­նակ են բա­ռե­րով եւ ներ­կե­րով գի­նով­ցող­նե­րը: Քա­ջա­լե­րե­լու բա­րի եւ վնա­սա­կար ախ­տով, յա­ճախ նաեւ ըն­կե­րա­հա­մակ­րա­կան մղում­նե­րով, ան­կա­րե­լի կը դարձ­նենք ի­րա­կան ար­ժէք­նե­րու գնա­հա­տու­մը: Եւ կը զար­մա­նանք, որ փա­ռա­սի­րու­թիւն­ներ չեն բա­ւա­րա­րուիր, ա­նուն­ներ հա­զուա­դէ­պօ­րէն ար­տա­հայ­կա­կան ճա­նա­չում կը գտնեն, կը մի­ջազ­գայ­նա­նան:

Այս ծան­ծա­ղու­մին պատ­ճա­ռը իս­կա­կան քննա­դա­տու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւնն է, գրա­կա­նու­թեան եւ ար­ուես­տի մար­զե­րուն մէջ, այդ­պէս էր խորհր­դա­յին օ­րե­րուն, երբ մրցա­նակ կամ շքան­շան ստա­նա­լու հա­մար Լե­նին եւ Ստա­լին պէտք էր գո­վել եւ կը գո­վէին:

Գո­վեր­գա­կա­նէ, կողմ­նա­պաշ­տա­կա­նէ, ըն­կե­րա­հա­մակ­րա­կա­նէ տար­բեր «քննա­դա­տու­թիւն» պի­տի ու­նե­նա՞նք օր մը, իս­կա­կան ար­ժէք­նե­րը գնա­հա­տե­լու հա­մար: Պա­տա­հա՞ծ է, որ էջ մը տես­նենք օր մը, ուր գրա­կան է­ջի մը հա­մար ը­սուի, որ «ե­թէ չըլ­լար ալ կ՚ըլ­լար», գե­ղան­կա­րի մը հա­մար ը­սուէր «խո­հա­նո­ցի պա­տէն կա­խուէր ա­ւե­լի լաւ կ՚ըլ­լար եւ հոն մնար», այս եր­գը կամ այդ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը մնա­յին գի­նե­տան մէջ…  Հան­դի­պա՞ծ էք բնաւ նման ար­տա­յայ­տու­թեան:

Կը յի­շեմ զրոյցս հարս­տա­ցած հա­մեստ ան­ձի մը հետ, ո­րուն ը­սած էի որ իր նո­րա­շէն գե­ղա­կերտ տան հա­մար գե­ղան­կար­ներ գնէր, եւ ան ը­սած էր, որ ինք տե­սա­րան­ներ կը նկա­րէ, գու­նա­ւոր կը տպէ եւ ա­նոնց­մով իր բնա­կա­րա­նը կը զար­դա­րէ: Զան­գուա­ծը հարկ է լու­սա­ւո­րել, որ­պէս­զի իր գու­նա­ւոր լու­սան­կար­նե­րով չբա­ւա­կա­նա­նայ, սրահ­նե­րու բարձ­րա­խօս­նե­րու «շա­հա­բեր» գո­ռում-գո­չիւ­նը ե­րաժշ­տու­թիւն չհա­մա­րէ:

Մեր մի­ջա­վայ­րին հա­մար այ­սինչ կամ այ­նինչ «յայտ­նի» գրո­ղը կամ նկա­րի­չը ըն­դօ­րի­նա­կե­լը եւ կապ­կե­լը ոչ գրա­կա­նու­թեան եւ ոչ ալ ա­րուես­տի զար­գաց­ման կը նպաս­տեն: Ճիշդ հա­կա­ռա­կը տե­ղի կ՛ու­նե­նայ. ճահ­ճա­ցում:

Քա­ջա­լե­րե­լը յա­ճախ կը խա­փա­նէ ար­ժէ­քի ճիշդ գնա­հատ­ման ու­ղին:

Ե­թէ կ՚ու­զենք ու­նե­նալ, ե­թէ ու­նինք ար­ժէ­քա­ւոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, զա­նոնք հարկ է են­թար­կել ան­կա­պանք քննար­կու­մի եւ քննա­դա­տու­թեան, փո­խա­նակ ա­սոր կամ ա­նոր թե­լադ­րե­լու, որ «այդ գոր­ծի մա­սին բան մը գրէ»:

Հա­յաս­տան ա­ւե­լի դիւ­րին պի­տի ըլ­լայ այս մտա­ւո­րա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը, պե­տու­թիւն կայ, սկզբուն­քով կայ ա­զատ մա­մուլ, մինչ սփիւռք(ներ)ը բռնուած են հա­մայն­քա­յին եւ կողմ­նա­պաշ­տա­կան բազ­մա­թել ցան­ցե­րու մէջ: Տար­բեր կար­ծիք ու­նե­նալ կամ քննա­դա­տել կը դի­մա­ւո­րուին որ­պէս թշնա­մու­թիւն:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2017