ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ԺՈՂՈՎ
Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, այսօր, երեկոյեան ժամերուն, Գումգաբուի մէջ, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ շատ կարեւոր համայնքային ժողով մը։ Թէեւ VADİP-ի ձեւաչափին մէջ նախատեսուած է այս ժողովը, սակայն մասնակցութիւնը կ՚ըլլայ լայնախարիսխ։ Ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութեան ընթացքին կը քննարկուի համայնքային կեանքի առկայ տագնապը, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հրաժարականով պայմանաւորուած մթնոլորտը եւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը արագացնելու խնդիրը։ Լարուած ու փոթորկալից շրջանի մը կը զուգադիպի ժողովը։ Համայնքային վարիչները ծայր աստիճան անհանգստացած են ու տրամադրուած՝ բաւական արմատական։ Ըստ որոշ լսումներու, համայնքի աշխարհական վարիչները վճռական սպասումներ կրնան արտայայտել՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս վերջնական բեկումնային պահու մը հասնելու համար։ Արդիւնքներուն կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։ Հաւանական է նաեւ Պատրիարքարանի արձագանգը։
Նոյնիսկ հաւանական է նաեւ, որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ հրաժարական տայ։