ՇԷԿՈՅԵԱՆԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿ

Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թիւ­նը վեր­ջերս յանձ­նեց այս տա­րուան «Հրանդ Մատ­թէո­սեան» մրցա­նա­կը։ Գրող­նե­րու միու­թեան նախ­կին նա­խա­գահ, մե­ծա­նուն ար­ձա­կա­գիր Հրանդ Մատ­թէո­սեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած այս մրցա­նա­կը հաս­տա­տուած է 2005 թուա­կա­նին։ Մե­ծա­նուն գրո­ղի ա­նու­նով հաս­տա­տուած տա­րե­կան այս մրցա­նա­կը սահ­մա­նուած է Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան, Գրող­նե­րու միու­թեան եւ հան­գու­ցեալ գրո­ղի հա­րա­զատ­նե­րուն կող­մէ ղե­կա­վա­րուող հա­մա­նուն հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ։

Այս տա­րուան մրցա­նա­կը յանձ­նուե­ցաւ յայտ­նի ար­ձա­կա­գիր Ար­մէն Շէ­կո­յեա­նին։ Պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Է­տուարտ Մի­լի­տո­նեան մրցա­նա­կը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս յանձ­նեց Ար­մէն Շէ­կո­յեա­նին։ Մե­ծա­րեա­լը այս առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ սրտի խօս­քով մը։ Ան յայտ­նեց, թէ ցայ­սօր բազ­մա­թիւ մրցա­նակ­ներ ստա­ցած է, սա­կայն այս մէ­կը կը դա­սէ ա­մե­նաար­ժէ­քա­ւոր­նե­րու շար­քին։ Ար­դա­րեւ, Հրանդ Մատ­թէո­սեան ինքն իսկ մեծ ար­ժէք մըն էր ի­րեն հա­մար։

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2017