ԿԱԹԻԼՆԵՐԸ

Սառ­ցա­շի­թե­րէն կա­թիլ-կա­թիլ ջուր կը հո­սի:
Ա­րե­ւուն ջեր­մու­թե­նէն կը հա­լի սա­ռը, 
ձիւ­նա­ծած­կե­րը կը խտա­նան, 
կը բա­րակ­նան հետզ­հե­տէ, 
ձիւ­նէն յա­գե­ցած հո­ղը ծի­լեր կ­­՚ար­ձա­կէ,
կը փսխէ կար­ծես ջու­րէն, սա­ռէն խեղ­դուած
կո­կոն­ներ կը գո­յա­նան ձնծա­ղիկ­նե­րու:

Ա­ւե­տում մ՚է տե­ղի ու­նե­ցա­ծը
գա­րունն է, որ դռներ կը թա­կէ
ու ձմրան ցուր­տին հե­ռա­նա­լուն մա­սին կը փսփսայ:
Գա­րուն ծնող եր­կունքն է, 
ո­րուն ցա­ւե­րով գա­լա­րուող ձմրան քրտինքն է, որ կը հո­սի կար­ծես, 
ար­ցուն­քը՝ այդ ցա­ւե­րու տապլտ­կու­մէն գո­յա­ցած:

Ներ­սե­րէն, պա­տու­հան­նե­րուն ե­տին նստած կը դի­տէ ա­մէն ոք: Կը դի­տէ սահ­մա­նագ­ծին նոր զո­հուող զի­նուո­րի մը հա­րա­զա­տը, ու ար­ցունք մըն ալ ինք կը հո­սեց­նէ բնու­թեան ըն­կե­րա­նա­լով: Կը դի­տէ ձա­խող ա­մուս­նու­թե­նէ տա­ռա­պող, սէր ո­րո­նող կի­նը՝ թաց աչ­քե­րով: Սա­ռը շիթ-շիթ կը կա­թի ան­տուն ու ա­նօ­թե­ւան, փո­ղո­ցը նստա­ծի մը վրայ, որ հա­զիւ զգա­ցած ա­րե­ւուն ջեր­մու­թիւ­նը կը ստի­պուի լքել իր ջեր­մա­ցու­ցած այդ վայ­րը եւ սպա­սել մօ­տա­լուտ գար­նան գա­լուս­տին:

Թիք, թիք, թիք ե­րաժշ­տու­թիւն մ՚է որ կը գո­յա­նայ կա­թիլ­նե­րու հպու­մէն:

Կա­թիլ-կա­թիլ կը հա­լի ա­միս­նե­րու կու­տա­կու­մը. սա­ռած ձիւ­նի կա­թիլ­նե­րը կը հո­սին մի առ մի, ա­րեւ տե­սած են ա­նոնք վեր­ջա­պէս:

Գա­րու­նը կը դի­մա­ւո­րէ նաեւ սի­րոյ տօ­նե­րը հայ­կա­կան: Սուրբ Սար­գի­սի, Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի հետ կը թե­ւա­ծէ սէ­րը մերթ խոս­տու­մի տես­քով, մերթ՝ ա­ղօթ­քի, մերթ՝ համ­բոյ­րի:

Ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն ըն­կե­րա­նա­լով ա­րա­գա­հաս Սուրբ Սար­գի­սը կու գայ սի­րող սրտե­րը ջեր­մաց­նե­լու: Տեառ­նըն­դա­ռա­ջին խա­րոյկ­ներ կը վա­ռին, կը բոցկլ­տան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն շրջա­բա­կե­րուն մէջ, հրա­պա­րակ­նե­րուն վրայ: Ա­մէն ոք իւ­րա­յա­տուկ ձե­ւով կը բե­րէ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը: Ե­րի­տա­սարդ­ներ, մա­նուկ­ներ պա­տա­նի­ներ շուրջ­պար բռնած կ՚եր­գեն ու կը պա­րեն. սի­րա­հար զոյ­գեր, նո­րապ­սակ­ներ մաղ­թանք մը գրկած կը ցատ­կեն խա­րոյ­կին վրա­յէն: Ան­դին, ծե­րու­նի մը իր տան այս տա­րուան թարմ տօ­նա­ծա­ռը կը բե­րէ ու կը նե­տէ խա­րոյ­կին մէջ, հա­ւատ­քով կը նե­տէ ան, ցան­կու­թեամբ մը, ներ­սէն բխող փա­փա­քով մը, որ թե­րեւս այս տօ­նա­ծա­ռը զար­դա­րած օ­րուը­նէ պա­հած է սրտին խոր­քը: Խա­րոյ­կին բո­ցը կը բարձ­րա­նայ դէ­պի վեր, շատ վեր ու կար­ծես ծու­խը կը հաս­նի ա­ղօթք­նե­րուն, մաղ­թանք­նե­րուն ու ա­ղերս­նե­րուն հետ միա­հիւ­սուած, կը հաս­նի տեղն իր, ուր­կէ ի պա­տաս­խան պի­տի գայ օրհ­նու­թիւնն ա­րար­չա­կան, հա­ւատքն է որ լե­ցու­ցած է ամ­բողջ երկ­նա­կա­մա­րը, Տըրն­դէսն է որ դար­մա­նը պի­տի տես­նէ ա­մէն ին­չի:

Խա­րոյ­կէն վա­ռած մո­մերն ու լապ­տեր­նե­րը կը սփռեն խա­րոյ­կին լոյ­սը ամ­բողջ քա­ղա­քին մէջ, տու­նե­րէն ներս կը մտնեն ա­նոնք, որ­պէս օրհ­նանք, որ­պէս ա­ղօթք, որ­պէս խորհր­դա­նիշ չա­րի խա­փան­ման ու հե­ռա­ցու­մին: Սէր ու ջեր­մու­թիւն կը բու­րէ ա­մէն տեղ:

Մի­ջոց մ­­՚է, ար­տա­յայ­տու­թիւն մ՚է ա­ղեր­սան­քի ու շնոր­հա­կա­լու­թեան ե­րե­ւոյթ մ­­՚է պար­զուա­ծը, որ կու գայ շա՜տ հի­նե­րէն, երբ մարդ ա­րա­րա­ծը սկսաւ հա­ւա­տալ տիե­զե­րա­կան զօ­րու­թեան մը գո­յու­թեան, եւ հետզ­հե­տէ այդ զօ­րու­թիւ­նը ստա­ցաւ ա­րար­չա­կան իր գո­յու­թեան փաստն ու ա­նու­նը:

Սառ­ցա­շի­թե­րը շիթ-շիթ կը հո­սին, ա­միս­նե­րով քար դար­ձած սա­ռե­րը կը հա­լեց­նէ ե­ղա­նա­կի ջեր­մու­թիւ­նը, սա­կայն կան մարդ­կա­յին սա­ռած սրտեր ու խղճեր ան­հա­մար, գա­րուն­ներ կու գան ու կ՚անց­նին, ա­մառ­նե­րու տօ­թա­կէզ ա­րեւ­ներ կը շրջին, բայց ա­նոնք տա­կա­ւին սա­ռած, այլ քա­րա­ցած խիղ­ճե­րով կը թա­փա­ռին:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2017