ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ
Աստուածադիր զգացում մըն է «ներողամտութան ոգի»ն մարդուն մէջ։ Քրիստոս իր ամբողջ կեանքին մէջ կ՚ուզէ արթնցնել այս զգացումը մարդուս մէջ՝ իր քարոզներով, խրատներով եւ առաքելութեամբ, որ թմրած եւ անզգայացած էր, մարդիկ օտարացած էին ներողամտութեան ոգիին։ Քրիստոնէութեամբ, ներողամտութիւնը ստացաւ նոր նկարագիր եւ իմաստ՝ որով հետզհետէ օժտուեցան մարդիկ։
Մարդիկ անդրադարձան իրենց աստուածատուր զգացումին եւ հետզհետէ սկսան վարուիլ իրարու հետ ներողամտութեան զգացումով՝ ազնիւ եւ առաքինի հոգիո՛վ։
Արդարեւ, մարդ արարածի «աստուածանմանութեան» կարեւոր յատկանիշներէն եւ արտայայտութիւններէն մի՛ն է ներողամտութեան ոգին՝ որ մարդասիրութեան ազնիւ զգացումին բնական հետեւա՛նքն է։
«Մարդասէր» ըլլալ՝ կը նշանակէ Աստուծոյ նմանիլ։
Բայց, դժբախտաբար, երբ ինքնաքննութիւն մը կատարենք եւ թափանցենք մեր ներաշխարհին՝ կը տեսնենք, որ մեր մարդասիրութեան սահմանները շատ ընդարձակ չեն եւ շատ նեղ շրջանակի մը մէջ արտայայտութիւն կը գտնեն։ Այս նեղ շրջանակին մէջ միայն կ՚ըլլանք ծնողասէր, որդեսէր, եղբայրասէր, բայց ո՛չ երբեք մարդասէր։ Ուստի «մարդասէր» ըլլալ այս բոլորէն շատ աւելի վեր եւ ընդարձակ զգացում մըն է։
Աստուած մարդասիրութեան բացարձակը եւ գագաթնակէտն է՝ Ան թշնամիներու հանդէպ իսկ սէր պատուիրելով՝ սիրոյ կատարելութեան աստիճանը նշանակեց։ Արդարեւ, սէրը՝ «սէ՛ր» է, երբ կատարեալ է, բացառութիւն չի ճանչնար, անխտիր եւ ամբողջ է։ Եւ քանի որ «թշնամի»ն իսկ մա՛րդ է, ապա ուրեմն իրապէս «մարդասէր» ըլլալու համար պէ՛տք է անխտիր սիրել՝ մինչեւ իսկ «թշնամի՛ն»։ Եւ մարդ երբ կը դժուարանայ սիրել իր թշնամին, ուրեմն աւելի դիւրին է՝ «թշնամի չունենալ»։ Երբ մարդ «թշնամի» չունենայ, «թշնամին սիրել»ու պարտաւորութիւնն ալ չ՚ունենար։ Եւ այս ալ կը նշանակէ՝ մարդասիրութեամբ թշնամին բարեկամի վերածել՝ թշնամին շահիլ որպէս ընկեր։
Եւ ահաւասիկ «մարդասիրութեան» իմաստը եւ խորհուրդը այս իրողութեան մէջ կը կայանայ։
Մինչեւ Քրիստոս, հրեաները կը համարուէին «Աստուծոյ սեփական ժողովուրդ», որ Քրիստոսով բոլոր մարդիկ մէկ դարձան, խտրութիւնը ջնջուեցաւ, վերցուեցաւ հրեայի եւ օտարազգի, ազատի եւ ծառայի, եւ մինչեւ իսկ արուի եւ էգի միջեւ։
Եւ Յիսուս, ի՛նք տիպարը եղաւ այս տիեզերական մարդասիրութեան ոգիին, իր ամբողջ կեանքի ընթաքին։
Ուստի Յիսուս, հասարակութիւններէ վտարուած եւ մերժուած բորոտներու հետ շփուեցաւ, զանոնք բժշկեց՝ անոնց վրայ ձեռք դնելով։ Մինչեւ իսկ յանձն առաւ խաչուիլ՝ փրկելու համար ամբողջ մարդկութիւնը։
Եւ անշուշտ, այս տիեզերական եւ ամբողջական մարդասիրութեան բնական հետեւանքը եղաւ՝ տիեզերական եւ կատարեալ ներողամտութեան ոգիին վերահաստատումը մարդկային հոգիին մէջ։ Ներողամիտ ըլլալու այս պատգամը իրագործեցին առաքեալները, որոնք չարչարանքներու եւ հալածանքներու մէջ համբերութիւն եւ զոհողութիւն ցոյց տուին եւ Անոր անուան համար նեղութիւններու ենթարկուեցան։ Անոնք «մարդասիրութեան պատերազմ»ի մէջ հաւատքի եւ հաւատարմութեան յաղթող մարտիկներ հանդիսացան։ Առաքեալները այս բոլոր նեղութիւնները կ՚ընդունէին որպէս իրենց սխալներուն եւ յանցանքներուն հատուցո՛ւմ։ Իրենց մեծ խոնարհութեան, մարդասիրութեան ե՛ւ համբերութեան շնորհիւ, որոնք իրենց հաւատարմութեան յատկանիշներն էին, կ՚աղօթէին զիրենք չարչարողներուն համար։
Ուստի չարչարանք կրողներ, իրենք զիրենք երբեք արդար եւ սուրբ, անմեղ չէին համարեր, անիրաւուած չէին նկատեր, ինչպէս իրենց դէմ կատարուած հալածանքը անիրաւ արարք չէին տեսներ։ Եւ անոնք, իրենց խոնարհութեան եւ հաւատարմութեան շնորհիւ դարձան «Քրիստոսի խաչակից»ը, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ։ Այսպէս վարուեցան նաեւ ճգնաւորներ եւ անապատականներ։ «Չդատե՛լ»ու քրիստոսաւանդ պատուիրանը մտապէս եւ հոգեպէս ըմբռնելով ու կատարելով՝ անոնք դարձան քրիստոնէական հաւատքի ջահերը եւ լուսաւորեցին բազմաթիւ սերունդներ։
Կը պատմուի, թէ Հայր Պիմէնի կու գան հաւատացեալներ՝ որպէսզի դատէ յանցագործ «եղբայր» մը։
Սուրբ Հայրը կը մերժէ դատել յանցաւորը, յետոյ կը ստիպուի։ Դատելէ առաջ մէջքին կը կապէ աւազով լեցուն պարկ մը՝ որուն տակ ծակ մը կար՝ ուրկէ աւազը դանդաղօրէն գետին կը թափուէր։
Իրեն դիմող հաւատացեալները կը հարցնէին, թէ ինչո՞ւ այդ պարկը զետեղած է մէջքին եւ ծակած է զայն, որմէ աւազը կը թափուի, եւ ինչո՞ւ չէ զետեղած ուսին վրայ։ Սուրբ Հայրը կը պատասխանէ. «Որդիներ, այդ աւազի հատիկները իմ մեղքերս են, որոնք ինծի կը հետեւին ամբողջ կեանքիս ընթացքին եւ ես անոնք չեմ տեսներ. սակայն այսօր կ՚երթամ դատելու եղբայրներէս մէկուն մեղքը, որ ինծի կը ներկայանայ, եւ ես կը տեսնեմ զայն»։ Դիմում կատարող հաւատացեալները կ՚անդրադառնան իրենց սխալին եւ ներողութիւն խնդրելով կը հրաժարին իրենց եղբայրը դատելու դիմումէն։ Արդարեւ, անմեղ մարդ չկա՛յ, երբ մէկը կը մեղադրենք, նախ պէտք է մենք զմեզ քննենք եւ որոշենք, թէ ո՛րքան արդար ենք ուրիշը դատելու, դատապարտելու համար։
Հայր Գերասիմոս հին ձեռագիր աւետարան մը ունէր։ Օր մը կը գողցուի այդ հին աւետարանը։ Հայր Գերասիմոս երբեք չի նեղանար այդ գողութեան պատճառով։ Գողը, աւետարանը շուկայ կը տանի ծախելու զայն եւ գին մը կը սահմանէ անոր։ Վաճառական մը կը համաձայնի եւ գնել կ՚ուզէ աւետարանը՝ այն պայմանով, թէ՝ պէտք է աւետարանը տանի վանականի մը եւ ստուգէ անոր հնութիւնը եւ իսկական արժէքը։ Եւ աստուածային նախախնամութեամբ աւետարանը կը բերուի Հայր Գերասիմոսի։ Ճգնաւորը տեսնելով զայն, չի յուզուիր եւ չի յայտներ, թէ այդ աւետարանը իրեն կը պատկանի եւ թէ գողցուած է, այլ կ՚ըսէ, որ աւետարանը շատ արժէքաւոր է եւ պահանջուած գինէն շատ աւելին կ՚արժէ։ Առեւտը-րականը կը վերադառնայ եւ կ՚ըսէ, թէ ինք աւետարանը տարած է Հայր Գերասիմոսի եւ ան վկայած է անոր հնութեան եւ արժէքաւորութեան մասին։
Գողը, նոյն պահուն քար կը դառնայ, ապշած ու սարսռած կը հարցնէ, թէ ուրիշ բան չըսա՞ւ։
Առեւտրականը կը պատասխանէ, թէ ուրիշ որեւէ բան չէ ըսած Հայր Գերասիմոսը։
Գողը անմիջապէս կը խլէ աւետարանը եւ կ՚ըսէ, որ այլեւս հրաժարա՛ծ է զայն վաճառելէ։ Եւ գողը կը վազէ Հայր Գերասիմոսի մօտ, անոր ոտքերը կ՚իյնայ եւ ներողութիւն կը խնդրէ, կը խոստանայ այլեւս հրաժարիլ չարագործութիւններէ եւ դառնալ հոգեւորական մը։ Մինչեւ իր կեանքի վերջը կը մնայ անապատի մէջ եւ կ՚ապաշխարէ իր գործած յանցանքներուն եւ մեղքերուն համար։
Վերջապէս, Վ. Հիւկոյի Պիէնվէօնիւ եպիսկոպոսն ալ լաւ օրինակ մըն է ներողամտութեան ոգիի արտայայտութեան…։
- Մասամբ օգտուեցանք՝ Տ. Միքայէլ Վարդապետ Գեւորգեանի մէկ քարոզէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 9, 2017, Իսթանպուլ