Արդար գնահատանք

Պատրիարքարանէն ներս վերջին օրերուն ծագած տագնապէն վերջ, այս առաւօտեան այգաբացը յարաբերաբար աւելի լաւատես եղաւ թրքահայութեան տեսակէտէ։ Այս առումով արդար գնահատանքի արժանի են՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որոնք արդարացուցին ակնկալութիւնները։ Անոնց համերաշխութիւնը անհրաժեշտ նախապայման մըն է՝ պատրիարքական ընտրութեան երթալու համար։ Այդ համերաշխութիւնը երէկ ապահովուեցաւ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ պատրաստուած ենթագետնի մը վրայ։ Ան մանրակրկիտ հաշուի առաւ բոլոր գործօնները եւ նպատակասլաց հետեւութիւններով ձեւաւորեց այդ ենթագետինը։ Հետեւաբար, բարձր գնահատանքով պէտք է արձանագրել իր կողմէ ներդրուած ջանքն ու եռանդը։

Այդ համերաշխութեան ապահովման մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունեցան նաեւ այն համայնքային գործիչները, որոնք մասնակցեցան Պատրիարքարանի երէկուան խորհրդակցութեան։ Բոլորին կողմէ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնը եղաւ իսկապէս յատկանշական։ 

Մեր համայնքին տեսակէտէ այլ նշանակութիւն մըն ալ ունի երէկ ստեղծուած կացութիւնը։ Արդարեւ, թրքահայութեան կեանքէն ներս, երկար ժամանակ վերջ ծագեցաւ հարց մը, որ լուծուեցաւ շուտով, բարւոք ձեւով եւ մեր համայնքի միջոցներով։ Այս արդիւնքը անանտեսելի է՝ սեփական ուժերու նկատմամբ վստահութիւն վերականգնելու տեսանկիւնէն։ Մեր հաւաքական կեանքէն ներս՝ սեփական ուժերու նկատմամբ թերահաւատութիւնը կը ծնի առկայ անել վիճակը։ Այսինքն, հիմնական պատճառներու շարքին է։ Ուստի, երէկուան դրական օրինակին արժէքը շատ բարձր է։

Ընդհանուր առմամբ, պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը երէկուան իրադարձութիւններով թեւակոխած է նոր հարթութիւն մը։ Այս փուլէն վերջ, հարցի բոլոր կողմերուն տեսակէտէ ընտրութեան յապաղեցումը պիտի նշանակէ ինքնասպանութիւն։ Այսօր Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ գոյացած համերաշխութիւնը կը նշանակէ նաեւ համաձայնութիւն՝ հանրաքուէէն վերջ անյապաղ ընտրութեան ձեռնարկելու համար։ Թէ՛ եկեղեցականներուն եւ թէ վարչայիններուն տեսակէտէ յառաջիկայ շրջանը կ՚ենթադրէ լուրջ պատասխանատուութիւն։ Նախընտրական պատրաստութիւնները յառաջ պէտք է տարուին կատարելապաշտ մօտեցումով։ Վերջերս յաճախ կը բարձրաձայնուի էական հարց մը. մեր ընտրողներու ցուցակներուն արդիականացումն ու կատարելագործումը։ Սա ո՛չ միայն պատրաստութիւն մը պիտի ըլլայ, այլ աստիճանաբար պիտի վերածուի նախադրեալի մը՝ յառաջիկային մեր համայնքէն ներս վարչական կայունութեան երաշխաւորման տեսակէտէ։

Ուշադիր պէտք է ըլլալ՝ մինչեւ ընտրութիւններ անցնելիք ժամանակը լաւ արժեւորելու համար։

 

 

Ուրբաթ, Փետրուար 17, 2017