Անցեալ Տարին ԱմԵնէն Տաքն Էր Ամբողջ Պատմութեան Մէջ
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ անցեալ տարուան առաջին տասնմէկ ամիսները եղանակի եւ կլիմայական դիտարկումներու ամբողջ պատմութեան ընթացքին ամենէն տաքն էին: Ըստ օդերեւութաբաններու դիտարկումներուն, մէկ կողմ դնելով դեկտեմբեր ամիսը, մասնագէտները յանգած են այն եզրակացութեան, որ ամբողջ 2016 թուականը պիտի դառնայ արտասովոր բարձր ջերմաստիճանի մրցանակակիրը: Համաշխարհային օդերեւութաբանական կազմակերպութեան Ժընեւի կեդրոնակայանը խոստացած է, որ 2017 թուականի սկիզբը արդէն իսկ ամփոփած կ՚ըլլայ անցեալ տարուան տասներկու ամսուան արդիւնքները:
«Տասնմէկ ամսուան տուեալներուն համաձայն, 2016 թուականը ամենէն տաքը նկատուելու սեմին է, իսկ անոր միջին ջերնաստիճանը կրնայ գերազանցել 2015 թուականի մրցանիշը», պարզաբանած է Համաշխարհային օդերեւութաբանական կազմակերպութիւնը:
Յունուարէն Նոյեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին ջերմաչափի սիւնը Երկրի վրայ Սելսիուսի 0.94 աստիճանով բարձրացած է 20-րդ դարու միջին ցուցանիշներէն (14 աստիճան) եւ 0.07 աստիճանով աւելի բարձր է, քան՝ մրցանշային 2015 թուականը:
Ըստ Համաշխարհային օդերեւութաբանական կազմակերպութեան կանխատեսումներուն, անցեալ տարուան միջին ջերմաստիճանը Սելսիուսի 1.2 աստիճանով աւելի բարձր էր, քան՝ մինչ ճարտարարուեստական դարաշրջանի ցուցանիշները:
Միւս կողմէ, 2014 թուականը Երկիր մոլորակի կլիմայական փոփոխութեան հիմնական ցուցանիշները՝ հողի եւ Ովկիանոսի ջերմաստիճանի բարձրացումը, ծովու մակարդակի եւ ջերմոցային կազերու ծաւալներու աճը, շարունակեցին մատնանշել Երկիր մոլորակի տաքնալը: Նման վկայութիւններ ամփոփուած են Միացեալ Նահանգներու օդերեւութաբանական հասարակութեան «2014-ի կլիմայի վիճակը» տարեկան զեկուցումին մէջ: Տարեկան ամփոփ զեկուցումին մէջ տեղ գտած տուեալներուն համաձայն, 2014 թուականին շարունակուած է ջերմոցային կազերու ծաւալներու աճը՝ գերազանցելով 1990-ին որոշուած առաւելագոյն ծաւալը, շուրջ քսան երկիրներու մէջ արձանագրուած է յաւելեալ տաք տարի, ինչ որ գերազանցապէս զգացուած է հարաւային կիսագունդին մէջ: Ծովու մակերեսի ջերմաստիճանը նոր մրցանիշներ արձանագրած է, ինչ որ առաւելապէս զգացուած է Խաղաղական ովկիանոսի հարաւային հատուածին մէջ, իսկ ծովուն մակարդակը շարունակած էր բարձրանալ՝ տարեկան աւելնալով 3.2 մմ.: Իսկ Հիւսիսային բեւեռի սառոյցներու հալքը 1998-2010 թուականներուն հետ համեմատած սկսած էր քսան-երեսուն օր աւելի կանուխ: