Ռուբէն Սեւակ. Հայոց Արհաւիրքին՝ Տառապանքի եւ Ընդվզումի Ցասկոտ Երգիչը
Փետրուար 15-ը հաղորդութեան օր է. Ռուբէն Սեւակի (Չիլինկիրեան, 1885-1915) ծննդեան տարեդարձին առիթով՝ անոր գրական անմահ ժառանգութեամբ հաղորդուելու օր է։
15 Փետրուար 1885 թուականին ծնած է հայ ժողովուրդի գրական մեծ տաղանդներէն Ռուբէն Սեւակը, որ միայն երեսուն տարի ապրեցաւ, չկրցաւ լրիւ կենսագործել ու լիարժէք արդիւնաւորել կանխահաս, այլեւ խոստմնալից տաղանդի իրեն բաժին ինկած ստեղծագործական երկունքի ժամանակը։ Կանխահաս տաղանդ էր Ռուբէն Սեւակ, որովհետեւ քսան տարեկանին արդէն, սիրային քերթուածներով հայ գրականութեան անդաստան մուտք գործած պահէն սկսեալ, ան նոր հորիզոններ բացաւ հայ մտքին ու հոգիին առջեւ։ Էապէս բանաստեղծական զգայնութեամբ երկնեց իր ստեղծագործութիւնները՝ սիրային քերթուածներ ըլլան անոնք թէ մարդկային անարդարութեան դէմ պոռթկացող արձակ էջեր, բժիշկի իր կենսափորձէն վերցուած յուշ-պատումներ, ըլլան անոնք թէ հրապարակագրական ջղուտ ու գաղափարապաշտ ելոյթներ։
Շնորհազարդ տաղանդ է Ռուբէն Սեւակ, որ էապէս ՄԵԾ ՊԱՏԳԱՄի տէր էր եւ տակաւին այնքա՜ն տալիք ունէր ո՛չ միայն հայ գրականութեան եւ հայ մտքի անդաստանին, այլեւ՝ հանուր մարդկութեան հոգեմտաւոր ժառանգութեան։ Միայն քսաներեք տարեկան էր, երբ ի տես հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուող հետեւողական կոտորածներուն՝ ի լուր մարդկութեան պոռթկումը պիտի ունենար Օգոստոս 1908 թուականին.
Ա՛յս խորութեամբ Ռուբէն Սեւակ ընկալեց Հայոց Արհաւիրքը եւ անոր ընդմէջէն երգեց ողջ մարդկութեան ցաւն ու տառարանքը, ընդվզումն ու ցասումը։
Բանաստեղծ, արձակագիր ու մտաւորական աշխոյժ գործիչ եղաւ Չիլինկիրեան Յովհաննէսի որդի Ռուբէնը, որ 1905 թուականին, քսան տարեկանին, իր առաջին քերթուածները լոյս ընծայեց Ռուբէն Սեւակ ստորագրութեամբ։
Ծնած է Պոլսոյ մերձակայ Սիլիվրի գիւղը։ Ծննդավայրի Ասքանազեան վարժարանը աւարտելէ ետք, երկու տարի յաճախած է Պարտիզակի Ամերիկեան դպրոցը, իսկ 1901 թուականին ընդունուած է Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1905 թուականին եւ ղրկուած է Լոզան՝ տեղւոյն համալսարանի բժշկական ճիւղին հետեւելու համար։
Լոզանի ուսանողական տարիները հանդիսացան Ռուբէն Սեւակի ինչպէս բժիշկի փայլուն մասնագիտացման, նոյնպէս եւ գրական-ստեղծագործական ինքնահաստատման բեղուն գործունէութեան շրջան։ Դասերու կողքին աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Եւրոպայի հայ ուսանողներու ազգային-հասարակական կեանքին՝ յատկապէս Լոզանի Արմենիա ուսանողական միութեան ճամբով։ Միաժամանակ ան զարկ տուաւ գրական իր ստեղծագործութեանց՝ սիրոյ, ընկերային ցաւերու եւ հայ ժողովուրդի ազգային տառապանքին նուիրուած իր բանաստեղծութիւնները լոյս ընծայելով պոլսահայ մամուլի էջերուն։
Յատկապէս Ատանայի կոտորածը ծանրագոյն խոց պատճառեց Ռուբէն Սեւակ բանաստեղծին, որ ազգային ընդվզումի, բողոքի ու պայքարի խորախորհուրդ յուզաշխարհ մը հայ գրականութեան յանձնեց 1910 թուականին հրատարակուած իր առաջին գրքոյկով՝ «Կարմիր գիրքը» խորագրին տակ։ «Ջարդի Խենթը», «Թրքուհին» եւ «Մարդերգութիւն» խորագրուած երեք երկարաշունչ բանաստեղծութիւններէ բաղկացած իր այս գործով՝ Ռուբէն Սեւակ թարմ շունչ բերաւ Սիամանթոյի եւ Դանիէլ Վարուժանի բացած ու հարթած ազգայնաշունչ բանաստեղծութեան, ինքնատիպ ոճով խոհական ներհայեցութեան ուղղութիւնը բանալով։
Ռուբէն Սեւակ 1911 թուականին պատուոյ յիշատակութեամբ վկայուեցաւ բժիշկ եւ աշխատանքի անցաւ Լոզանի հիւանդանոցներուն մէջ։
Բժշկական իր ծառայութեան շրջանին ծանօթացաւ ու կապուեցաւ գերմանուհի Եանի Ապէլի հետ. ամուսնացան եւ ունեցան երկու զաւակ՝ Լեւոն եւ Շամիրամ։ Սեւակ փաստօրէն հայացուց գերմանուհին, որ ոչ միայն անվարան հետեւեցաւ իր ամուսինի ընտրած կեանքի ուղիին (հակառակ գերմանացի իր ծնողքին դրած արգելքին, Եանի Ապէլ 1914 թուականին Սեւա- կի հետ հաստատուեցաւ Պոլիս), այլեւ՝ հայօրէն մեծցուց Սեւակի զաւակները բանաստեղծին նահատակութենէն ետք։
Ռուբէն Սեւակ չուզեց ապրիլ Լոզանի հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ։ Վերադարձաւ Պոլիս ու ամբողջապէս նուիրուեցաւ գրական-հասարակական եռուն գործունէութեան։
1911 թուականէն սկսեալ, բանաստեղծութեանց կողքին, ան ձեռնարկեց արձակի եւ, «Բժիշկի գրքէն փրցուած էջեր» ընդհանուր վերտառութեան տակ, Պոլսոյ «Ազատամարտ»ի էջերուն լոյս ընծայեց իրական կեանքէ վերցուած պատմուածքներ՝ իբրեւ արձակագրի իր տաղանդը հաստատելով։ Բժիշկի իր կենսափորձէն վերցուած պատկերներով՝ Ռուբէն Սեւակ գեղարուեստական բարձրարժէք մշակումի արժանացուց թէ՛ անբուժելի հիւանդութեանց մատնուած մարդոց մահուան դէմ մղած բուռն պայքարն ու կեանքի անհուն սէրը, թէ՛ պանդխտութեան մէջ հիւանդացած ու մահացող հայ մարդոց ազգային, ընկերային եւ մարդկային ողբերգութիւնը, թէ՛ սիրոյ անմար կրակով տոչորուած պարզ մարդոց անսահման յուզաշխարհը։
Իբրեւ այդպիսին՝ այդ պատմուածքները Ռուբէն Սեւակ արձակագրին ապահովեցին նոյնքան լիարժէք պատուանդան՝ բանաստեղծի բարձունքին կողքին։
Պոլիս հազիւ հաստատուած՝ Ռուբէն Սեւակ դէմ յանդիման գտնուեցաւ իթթիհատական կառավարութեան ձեռնարկած հայ քաղաքացիներու զօրակոչին։ Զինուորագրուեցաւ օսմանեան բանակին իբրեւ բժիշկ եւ ծառայութեան կոչուեցաւ զինուորական հիւանդանոցներու մէջ։
Իր այդ հանգամանքով թէեւ փրկուեցաւ Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան բաժին հանուած հաւաքական ձերբակալութենէն եւ տարագրութենէն, բայց Յունիսին իր կարգին ձերբակալուեցաւ ու տարագրուեցաւ Չանքըրը, ուր ոճրային ծրագիրը Սեւակին ճակատագրակից դարձուց մեծն Դանիէլ Վարուժանը։
Հայ գրականութեան մեծանուն երկու դէմքերը նահատակուեցան 26 Օգոստոսին։
Ահա այսպէ՛ս խեղդուեց տաղանդը Ռուբէն Սեւակ անուն հայ բանաստեղծին ու արձակագրին, որ նոր թեւակոխած էր իր երեսուն տարիքը եւ այնքա՜ն բան ունէր տալու թէ՛ հայ ժողովուրդին եւ թէ ողջ մարդկութեան։
Հայկեան Հանճարի կանխահասօրէն ճառագայթած եւ վաղաժամօրէն արմատախիլ պոկուած երգիչին ծննդեան տարեդարձին առիթով սրտաբուխ ձօն մըն են այս տողերը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
(Յապաւուած)