ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՊԱՇԽԱՐԱՆՔ
Երբ յաճախ կը խօսուի «ապաշխարութեան» մասին, այսինքն՝ «զղջում»ի մասին, ասիկա բնականբար պէ՛տք է որ գործնականի, կեանքի վերածուի։ Արդարեւ, այն ամէն խորհուրդ, ամէն խօսք արժէ՛ք կը ստանայ, երբ գործի՝ գործնականի վերածուի եւ կեանքի ընդհանուր ընթացքին մաս կազմէ։ Եւ ապաշխարութիւնն ալ այս կարեւոր արժէքներէն է, որ գործի, այսինքն կեանքի վերածուի եւ ընթացք տայ անոր։
«Ապաշխարութիւնը կեանքի վերածել» կը նշանակէ՝ հրաժարիլ կարգ մը ընթացիկ վայելքներէ, ճգնութեան ժամանակաշրջան մը ապրիլ եւ ժամանակը անցընել ինքնաքննութեամբ, ներհայեցողութեամբ, անդրադառնալու համար ներքին աշխարհին՝ հոգեւոր կեանքին։
Արդարեւ, այս շրջանը, մարդս տրամադիր կ՚ընէ ձեռք ձգելու հոգեկան տիրապետումը իր բնազդներուն վրայ, ինչպէս նաեւ սրտի ազատութիւնը։
Ուստի «ապաշխարութեան շրջան»ը այն շրջանն է, ուր մարդ կ՚ազատի աշխարհային-արտաքին տիրապետութեան ազդեցութենէն եւ կը դառնայ բոլորովին հոգեկանին՝ ներքին աշխարհի վայելումներուն։ Այս իմաստով՝ ապաշխարութիւնը անդրադարձում մըն է կարգ մը ճշմարտութիւններու՝ որոնք մարդ անտեսած կ՚երեւի մինչեւ այդ պահը։
Յիսուսի «Սերմնացանին առակը» ծանօթ է, որ կը պատմուի Աւետարանին մէջ. (ՄԱՏԹ. ԺԳ 4-9, ՄԱՐԿ. Դ 1-9, ՂՈՒԿ. Ը 4-8)։ Երբ Յիսուս կը մեկնէ այս առակը, կ՚ըսէ. «Փուշերով ծածկուած հողը կը նմանի այն մարդուն, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսէ, սակայն երկրաւոր կեանքի հոգերը եւ հարստութեան հրապոյրը կը խեղդեն Աստուծոյ խօսքը, որ անպտուղ կը դառնայ իր մէջ» (ՄԱՏԹ. ԺԳ 22)։
Ահաւասիկ, ապաշխարութիւնը, մարդուս առիթ կ՚ընծայէ հեռանալու, փրկուելու երկրաւոր կեանքի հոգերէ, հարստութեան հրապոյրէն եւ ազատօրէն ապրիլ հոգեւոր կեանքը եւ կը վերցնէ այն ամէն արգելք, որոնք պատճառ դարձած կ՚երեւին անտեսելու հոգեւորը, ներքին աշխարհը։
Հոգեւորը կարենալ ապրելու համար, պէտք է ազատուիլ, փրկուիլ ամէն տեսակ արտաքին ազդեցութիւններէ՝ որոնք արգելք կը հանդիսանան Աստուծոյ խօսքը լսելու, հասկնալու եւ վայելելո՛ւ։
Այս իմաստով, ներքին-անկեղծ ապաշխարութիւնը՝ ամբողջ կեանքին արմատական-հիմնական ուղեփոխումն է, ամբողջ սրտով, անկեղծ վերադարձ մը, «հոգափոխում» մը դէպի Աստուած, դէպի ճշմարտութիւն, դէպի իմաստութիւն, դէպի սէր, եւ դադրեցում մը մեղքին, խորշանք մը չարէն, նողկանք մը մարդուն կատարած յոռի գործերուն, արարքներուն հանդէպ։ Ան միաժամանակ իր մէջ կ՚ըմբռնէ «կեանքը փոխել»ու, աւելի լա՛ւ է ըսել՝ կեանքը բարեփոխելու բաղձանքը եւ առաջադրանքը, յուսալով աստուածային ողորմածութեան վրայ եւ վստահելով Անոր շնորհքին օգնութեան։ Եւ այս հոգեփոխումին կ՚ընկերակցին փրկչագործ ցաւի զգացումը եւ տխրութիւն մը, տրտմութիւն մը՝ որոնք կոչուած են «հոգիին թախիծը» եւ «սրտի զղջում»։
Այս իմաստով դարձի եւ ապաշխարութեան աստուածային կոչը առաջին հերթին նկատի կ՚առնէ մարդուն ո՛չ թէ արտաքին գործերը, զոր օրինակ, պահքը կամ ծոմապահութիւնը, այլ եւ մանաւանդ՝ «սրտին դարձը» եւ «ներքին անկեղծ ապաշխարութիւնը»՝ զղջո՛ւմը։ Առանց անոր, ապաշխարութեան գործերը ամուլ եւ սկզբունքով ստապատիր կը մնան. մինչդեռ «ներքին ապաշխարութիւն»ը մարդը կը մղէ իր ապրումը արտայայտելու տեսանելի նշաններով, արարքներով եւ ապաշխարութեան գործերով։
Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ մարդ արարածին սիրտը հետզհետէ կարծրացած եւ ծանրացած է, ուրեմն պէտք է նորոգուի։ Եւ պէտք է որ Աստուած, մարդուն «նոր սիրտ» տայ։
Հոգեփոխումը, նախ Աստուծոյ շնորհքին գո՛րծն է, որ մարդուս սիրտը Իրեն կը դարձնէ։
«Դարձո՛ւր մեզ, Տէ՜ր, եւ պիտի դառնանք»։
Աստուած մարդուս կու տայ «վերսկսելու ուժ»ը։ Աստուծոյ սիրոյն եւ գութին մեծութեան գիտակցելով, մարդուս սիրտը կը ցնցուի մեղքի գարշումին եւ բեռին դիմաց եւ կը սկսի երկնչիլ, վախ զգալ, որ չըլլայ թէ վշտացնէ զԱստուած իր մեղքին պատճառով եւ Անկէ բաժնուի։
Արդարեւ Աստուծմէ հեռանալ, Աստուծմէ բաժնուիլ՝ «դժոխային կեանք» մը կը նշանակէ։
Աստուծոյ կարօտը կ՚այրէ մարդուս սիրտը։
Մարդկային սիրտը դարձի կու գայ, երբ կը դիտէ Ան՝ զոր մարդոց մեղքերը խոցահարեցին։
Սուրբ Կղեմէս Հռոմայեցի, այս մասին կ՚ըսէ.
«Մեր աչքերը սեւեռած պահենք Քրիստոսի արեան վրայ եւ դիտենք, թէ ան ո՜րքան թանկագին է Իր Հօր համար, որովհետեւ մեր փրկութեան համար հոսելով, ան համայն աշխարհի դարձի շնորհքը ընծայեց»։
Քրիստոնեային ներքին-անկեղծ ապաշխարութիւնը կրնայ բազմաթիւ ձեւերով արտայայտուիլ։ Սուրբ Գիրքը եւ Եկեղեցւոյ Հայրեր կը շեշտեն մանաւանդ երեք ձեւերու վրայ.
ա) Ծոմ, բ) աղօթք եւ գ) ողորմութիւն։
Այս երեք ձեւերը կամ միջոցները կ՚արտայայտեն մարդուն դարձը՝ ինքնի՛ր հանդէպ, Աստուծո՛յ հանդէպ եւ ուրիշներո՛ւն հանդէպ։
Արմատական-հիմնական մաքրասրբումէն զատ, որ կ՚իրագործուի Մկրտութեամբ կամ վկայութեամբ, մեղքերուն արձակումը ընդունելու իբրեւ միջոց կը յիշեն իր մերձաւորին հետ հաշտուելու ջանքերը, ապաշխարութեան արտասուքը, լացը, մերձաւորին փրկութեան հոգը, սուրբերուն բարեխօսութիւնը եւ եղբայրասիրութեան գործադրութիւն, «որ կը ծածկէ մեղքերուն բազմութիւնը», ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. (Ա ՊԵՏ. Դ 8)։
Մարդուս առօրեայ կեանքին մէջ հոգեփոխումը կը կատարուի ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՄԲ, ԱՂՔԱՏՆԵՐՈՒՆ ՀՈԳԱԾՈՒԹԵԱՄԲ, ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԵԱՄԲ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՄԲ, ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՅԱՆՑԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՄԲ, ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ԽՐԱՏՆԵՐՈՎ, ԿԵԱՆՔԻՆ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՄԲ, ԽՂՃԻՆ ՔՆՆՈՒԹԵԱՄԲ, ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՄԲ, ՉԱՐՉԱՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿՐԱԾ ՀԱԼԱԾԱՆՔԻՆ ՏՈԿԱԼՈՎ։ Եւ այս բոլորը կը նշանակէ՝ «ամէն օր առնել իր խաչը եւ հետեւիլ Յիսուսին՝ որ ամենէն ապահով ուղին է ապաշխարութեան։
Հոգեփոխութեան եւ ամէնօրեայ ապաշխարութեան սկզբունքները իրենց ակունքը եւ իրենց սնունդը կը ճարեն Սուրբ Պատարագի խորհուրդին մէջ, քանի որ անո՛վ ներկայ կը դառնայ մարդս Աստուծոյ հետ հաշտեցնող Քրիստոսի զոհը. անով կը սնանին, կ՚աճին եւ կը զօրանան ապրողները՝ Քրիսոտոսի կեանքով, քանի որ ան դեղթափն է, որ կ՚ազատէ մարդը իր առօրեայ յանցանքներէն եւ զերծ կը պահէ զայն մահացու մեղքերէն։
Ուստի որեւէ անկեղծ բարեպաշտական արարք կը վերակենդանացնէ մարդուս մէջ դարձի եւ ապաշխարութեան հոգին եւ կ՚օժանդակէ իր մեղքերուն ներումի՛ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 14, 2017, Իսթանպուլ