ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ
Գումգաբուի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի համերգ մը։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ, կազմակերպուած եզակի ձեռնարկին ընթացքին վերյիշուեցան թրքական երաժշտութեան անփոխարինելի նպաստ մը բերած հայ յօրիողները։ «İleri Türk Müziği Konservatuarı Derneği»ի երգչախումբն ու նուագախումբը օրուան յայտագիրը գործադրեցին խմբավար Տոց. Չեթին Քէօրիւքճիի մականին ներքեւ։ Ճոխ երգացանկ մը մատուցուեցաւ ունկնդիրներուն եւ այսպէսով լաւագոյնս արժեւորուած եղաւ թրքական երաժշտութեան մէջ հայ յօրինողներուն թողած աւանդը։
Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Գումգաբուի ընտանիքը այս համերգը կազմակերպած էր մեր համայնքի երաժշտասէրներէն Մատթէոս Պըչաքճըի հետ համագործակցութեամբ։ Երեկոյթին մասնակցեցան համայնքային շրջանակներէն ծանօթ դէմքեր եւ թրքական արեւելեան երաժշտութեան համակիրներ, որոնք իսկապէս հաղորդ դարձան բարձր որակով արուեստի։ Ծրագրին մաս կը կազմէին բազմաթիւ ծանօթ անուններու գործերը. օրինակ՝ Պիմէն Շէն, Ուտի Հրանդ, ջութակահար Սարգիս, Աստիկ աղա, Արթաքի Ճանտան, ջութակահար Սեպուհ, Թադէոս էֆէնտի, Նիկողոս աղա եւ այլք։
Համերգը ունեցաւ նաեւ յատկանշական եւ շատ խորհրդանշական առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, ջութակահար Սարգիս Սուճեանի նուագարանը տարուած էր իր շառաւիղներուն կողմէ եւ արուեստագէտները համերգի ընթացքին նուագեցին այդ ջութակին հետ, որ անտարակոյս այդ միջավայրին մէջ ստացաւ մասունքի նշանակութիւն։
Համերգի աւարտին Չեթին Քէօրիւքճիւ վերյիշեց 1994 թուականին Սամաթիոյ մէջ նման ձեւաչափով մը կազմակերպուած համերգը։ Ուստի, ան ուրախութիւն յայտնեց մեր համայնքի երաժշտասէրները վերագտած ըլլալու կապակցութեամբ։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան յուշանուէրներ յանձնեց Չեթին Քէօրիւքճիւին եւ Մատթէոս Պըչաքճըին։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ բարձր գնահատանքի առարկայ դարձուց արուեստագէտներն ու ձեռնարկի կազմակերպիչները։
Համերգէն վերջ «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին երաժշտասէրները ջերմօրէն շրջապատեցին արուեստագէտները, որոնց հետ ունեցան անմիջական զրոյց՝ փոխանցելով իրենց գնահատանքն ու համակրանքը։