ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐ ՈՐՈՆՈՒՄ
Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան գործընթացին մէջ անցեալ շաբաթ ծագած ճգնաժամէն վերջ, ներկայ շաբթուան սկիզբին յարաբերաբար աւելի հանդարտ մթնոլորտ մը կը տիրէ համայնքային կեանքէն ներս։ Պատրիարքական Աթոռը վերջին մէկ շաբթուան իրադարձութիւններուն լոյսին տակ այսօր հրապարակած է պաշտօնական զեկոյց մը, որու հաւասարակշռուած բովանդակութիւնը կարեւոր ազդանշաններ կու տայ յառաջիկայ հաւանական իրադարութիւններուն ու մանաւանդ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան հեռանկարին շուրջ։ Ներկայ փուլը Գումգաբուի կողմէ կը համարուի բեկումնային եւ Պատրիարքական Աթոռը մեր համայնքին կը փոխանցէ դրական պատգամներ։ Զեկոյցին մէջ շեշտուած է նաեւ, որ Պատրիարքարանի բաշխած օրհնութիւններէն համահաւասար բաժին կը վիճակի մեր համայնքի անխտիր բոլոր զաւակներուն։
Մինչ այդ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրին ընդառաջ յառաջիկայ օրերուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երեք սրբազանները պիտի ուղեւոր-ւին դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այսպէս Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Չորեքշաբթի երեկոյեան պիտի մեկնին Սուրբ Էջմիածին, ուր Վեհափառ Հայրապետի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ նախատեսուած աղօթքներուն ու խորհրդակցութիւններուն պիտի միանայ նաեւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան։ Սրբազանները թէեւ կարճ կեցութիւն մը պիտի ունենան Մայր Աթոռի մէջ, սակայն անոնց այցելութիւնը պիտի համընկնի Սրբոց Վարդանանց տօնին։ Ուստի, Մայր Տաճարի մէջ անոնք մասնակցութիւն պիտի բերեն նաեւ արարողութիւններուն եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութեան տօնին։
Պատրիարքական այսօրուան պաշտօնական զեկոյցին մէջ մատնանշուած է, որ սրբազանները հոգեւոր խոր որոնումի մը մէջ պիտի գտնուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շարունակութիւնը ներկայիս կախում ունի այդ այցէն։
Նոյնպէս Պատրիարքարանի զեկոյցին մէջ ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ բոլոր նրբութիւններուն անդրադարձ կատարուած է համոզիչ ձեւով։ Անցեալ Հինգշաբթի երեկոյեան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնով համայնքային կեանքէն ներս շրջանցուած էր լուրջ տագնապ մը։ Այդ արձանագրութեան ոգիէն ու տարրէն բխած դրական պատգամը համայնքէն ներս արձանգանգ գտած էր՝ լաւատեսութեան ու պաղարիւնութեան շարժառիթի մը վերածուելով։ Հազիւ քանի մը ժամուան ընթացքին, սակայն, երկու սրբազանները որոշած էին փոխադարձ համաձայնութեամբ ջնջել այդ արձանագրութիւնը։ Անոնք յարմար դատած էին՝ ի շահ Պատրիարքական Աթոռի իրենց գործունէութիւնն ու համագործակցութիւնը չսահմանափակել արձանագրութեան մը արհեստականութեամբ եւ աշխատիլ ըստ մեր եկեղեցւոյ նախընթացներուն։ Ըստ երեւոյթին, այս հանգամանքին ազդեցութեամբ Պատրիարքարանի զեկոյցին մէջ ընդգծուած է, որ սրբազաններու Մայր Աթոռէ վերադարձին պիտի ընտրուի տեղապահ մը, պիտի կազմուի նոր նախաձեռնարկ մարմին մը եւ Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ դիմում պիտի կատարուի պետութեան մօտ։ Այսինքն, Եկեղեցականաց համագումարը դարձեալ ժողովի պիտի հրաւիրուի։
Առանց չափազանցութեան կարելի է ըսել, որ վերջին ինն տարուան այս ժամանակաշրջանին Պատրիարքական Աթոռը առաջին անգամ այսքան ծաւալուն, համոզիչ, լիարժէքօրէն հիմնաւորուած, նաեւ բարձր մակարդակի վրայ պատգամ մը կը փոխանցէ մեր ժողովուրդին։ Զեկոյցին մէջ վերջին շուրջ ինն տարիներու գործընթացը, ընդհանուր առմամբ, կը բնորոշուի որպէս անցումային շրջան։ Շահագրգիռ բոլոր կողմերուն վերաբերեալ նրբութիւնները բանաձեւուած են ըստ պատշաճի։ Նախ, բնականաբար մեր համայնքի հաւատացեալ զաւակներուն եւ անոնց սպասումներուն ու տրամադրութիւններուն առաջնահերթութիւն տրուած է զեկոյցին մէջ։ Բաց աստի, մեր պետութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանուր նուիրապետութեան, մեր համայնքի վարչական ներքին հաւասարակշռութիւններուն, Պատրիարքական Աթոռի վարչական ինքնավար բնոյթին ու նախընթացներուն տեսակէտէ խնդիրները բազմակողմանիօրէն մատուցուած են հանրային կարծիքի ուշադրութեան։ Պատրիարքարանի զեկոյցը յորդորներ ալ կը բովանդակէ ուղղեալ մեր համայնքին՝ որպէսզի վերահաստատուի միասնականութեան ու եղբայրութեան ոգին եւ գերադասուի Պատրիարքական Աթոռի կայունութիւնը։