Ռո­զի Ար­մէն

Բուն ա­նու­նով՝ Ռո­զի Յով­հան­նէ­սեան, հե­տա­գա­յին՝ Պետ­րո­սեան:

Հայ­րը նա­խի­ջե­ւան­ցի էր, իսկ մայ­րը՝ Ան­գա­րա­յի ծնունդ:

Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկուած եր­կու գաղ­թա­կան հա­յեր ըն­տա­նիք կազ­մած են Փա­րի­զի մէջ, ուր հա­յա­խօս ըն­տա­նի­քի մէջ ծնած ու հա­սակ ա­ռած է Ռո­զի:

«Չորս տա­րե­կան էի. այն­քան կ՚եր­գէի, ա­ւե­լի ճիշդ՝ կը պո­ռա­յի, որ շատ յա­ճախ ձայնս կը քա­շուէր: Ծնողքս մտա­հո­գուած՝ բժիշ­կի տա­րած են զիս. վեր­ջինս ժպտե­լով ը­սած է, որ ա­պա­գա­յին երգ­չու­հի պի­տի դառ­նամ»:

Շատ մը հայ ծնող­նե­րու նման՝ իր ծնող­նե­րը դէմ կե­ցած են եւ ստի­պած են ի­րենց աղջ­կան ու­սա­նե­լու հա­շուա­պա­հու­թիւն, սա­կայն Ռո­զի ար­դէն իսկ ընտ­րած էր իր աս­պա­րէ­զը եր­գա­րուեստ:

Ա­ռա­ջին ան­գամ Փա­րի­զի մէջ բեմ բարձ­րա­ցած է 1958-ին եւ ա­րուես­տա­գի­տու­հիի ա­­նու­նով ինք­զին­քը կո­չած՝ Ռո­զի Ար­մէն:

«Ար­մէն» բե­մա­կան մա­կա­նու­նը ընտ­րե­ցի, որ­պէս­զի ա­մէն մարդ տե­ղեակ ըլ­լայ իմ հայ ինք­նու­թե­նէս»:

1961-ին կը ձայ­նագ­րէ ա­ռա­ջին ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կը ֆրան­սե­րէն լեզուով, որ­մէ ան­մի­ջա­պէս ետք յա­ճա­խա­կի ե­լոյթ­ներ կ՚ու­նե­նայ ֆրան­սա­կան հե­ռա­տե­սի­լէն:

Ձայ­նապ­նակ­նե­րը ի­րա­րու կը յա­ջոր­դեն եւ քա­նի մը տա­րի ետք ար­դէն Ֆրան­սա­յի ե­րի­տա­սարդ լա­ւա­գոյն տա­սը եր­գիչ­նե­րու կար­գին կը դա­սուի:

Ռո­զի Ար­մէն հան­րա­ծա­նօթ կը դառ­նայ իր ֆրան­սե­րէն եր­գե­րով, սա­կայն բնաւ չի մոռ­նար իր հայ ինք­նու­թիւ­նը եւ կը ձայ­նագ­րէ, նա­՛եւ հա­յե­րէն եր­գեր: Իւ­րա­քան­չիւր ե­լոյ­թի եր­գա­ցան­կին մէջ ԱՆ­ՊԱՅ­ՄԱՆ կ՚ու­նե­նայ քա­նի մը հա­յե­րէն եր­գեր:

Ֆրան­սա­կան հե­ռա­տե­սի­լէն իր ե­լոյթ­նե­րու պա­հուն կ՚եր­գէ նաեւ հա­յե­րէն: Կը յի­շէ իր հայ ինք­նու­թիւ­նը եւ քա­նի մը բա­ցատ­րա­կան­ներ տա­լով իր մեկ­նա­բա­նե­լիք հա­յե­րէն եր­գե­րուն մա­սին՝ տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր հե­ռուս­տա­դի­տող­նե­րուն կը ծա­նօ­թաց­նէ հայ ժո­ղո­վուրդն ու հայ եր­գը:

1965-ին համ­բա­ւը կը հաս­նի մայր հայ­րե­նիք:

«Հա­յաս­տան տա­կա­ւին Խորհր­դա­յին Միու­թեան ան­դամ էր, եւ՝ «Եր­կա­թէ վա­րա­գոյր»ի ե­տին, այն­քան ալ դիւ­րին չէր հրա­ւէր ստա­նալ, սա­կայն հայ ժո­ղո­վուր­դը մաս­նա­ւոր դի­մում­նա­գիր մը ներ­կա­յա­ցուց Մոս­կուա հա­զա­րա­ւոր ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րով, եւ այդ­պէ­սով հրա­ւի­րուե­ցայ Հա­յաս­տան»:

Ան­նա­խըն­թաց են մայր հայ­րե­նի­քի ե­լոյթ­նե­րը: Հա­յաս­տա­նի եւ Խորհր­դա­յին Միու­թեան տար­բեր քա­ղաք­նե­րէ իր ազ­գա­կան­նե­րը կու գան Ե­րե­ւան՝ վա­յե­լե­լու իր հա­մերգ­նե­րը եւ ան­ձամբ ծա­նօ­թա­նա­լու ի­րենց հա­րա­զա­տին:

Ա­մե­նայն Հա­յոց Վազ­գէն Ա. Վե­հա­փա­ռը կը հրա­ւի­րէ զինք Էջ­միա­ծին՝ իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւ­նը տա­լու հա­յա­սէր ա­րուես­տա­գի­տու­հիին:

Համ­բա­ւը կը հաս­նի Մոս­կուա, ուր եւս կը հրա­ւի­րուի տաս­ներ­կու եր­գա­հան­դէս­ներ ու­նե­նա­լու, սա­կայն ան­հա­ւա­տա­լի ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռով ե­լոյթ­նե­րու թի­ւը կը բարձ­րա­նայ քսա­նու­թի:

Մոս­կուա­յի իր հա­մերգ­նե­րուն ներ­կայ ե­ղած են մեծ թի­ւով պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց կար­գին կա­րե­լի է յի­շել մա­րա­ջախտ Բաղ­րա­մեա­նի, ճատ­րա­կի աշ­խար­հի ա­խո­յեան Տիգ­րան Պետ­րո­սեա­նի եւ մե­ծա­համ­բաւ եր­գա­հան Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի ա­նուն­նե­րը: Վեր­ջինս իր յօ­րի­նում­նե­րէն կը նուի­րէ Ռո­զի Ար­մէ­նին եւ հիաց­մուն­քով կ՚ար­տա­յայ­տուի.

-Աղ­ջի՛կս, դու վե­րած­նե­ցիր իմ եր­գե­րը»:

Ռո­զի Ար­մէ­նի հա­յե­րէն եր­գա­ցան­կին մէջ կա­րե­լի է գտնել մեծ թի­ւով Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի յօ­րի­նում­նե­րէն, ո­րոնց­մէ կա­րե­լի է յի­շել «Գա­րուն Ե­րե­ւան», «Թամ­բը ձե­ռին», նաեւ ֆրան­սե­րէ­նով եր­գուած՝ «Լա ռոզ նուար» (Սեւ վար­դը):

1971-ին Սպա­նիոյ մէջ կա­յա­ցած փա­ռա­տօ­նի մը ըն­թաց­քին, Ռո­զի կը ներ­կա­յաց­նէ Ֆրան­սան, իսկ այդ ժա­մա­նակ տա­կա­ւին ոչ հան­րա­ծա­նօթ, սպա­նա­ցի եր­գիչ Խու­լիօ Իկ­լե­զիաս՝ Սպա­նիան: Դի­պուա­ծով եր­կուքն ալ կը մաս­նակ­ցին նոյն եր­գով Gwendolyne:

Հե­տա­գա­յին այդ եր­գը միա­սին կ՚ար­ձա­նագ­րեն ու կը վե­րա­ծեն ձայ­նապ­նա­կի:

1963-ին շրջապ­տոյտ կ՚ու­նե­նայ դէ­պի Մի­ջին Ա­րե­ւելք եւ Պոլ­սոյ մէջ կը հան­դի­պի հա­յազ­գի նշա­նա­ւոր գրող Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեա­նին:

1967-ին, ե­լոյթ կ՚ու­նե­նայ Փա­րի­զի ա­մե­նա­յայտ­նի հան­դի­սաս­րահ «Օ­լիմ­փիա»ի մէջ, ուր այն­քան ալ դիւ­րին չէր մուտք գոր­ծե­լը:

Ֆրան­սե­րէն եր­գե­րու կող­քին, «Օ­լիմ­փիա»ի բե­մէն ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը հնչէ նաեւ հայ եր­գը: Այդ ե­րե­կոյ ներ­կա­նե­րը կը ծա­նօ­թա­նան հա­յու­թեան, կը տե­ղե­կա­նան Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի հայ ինք­նու­թեան:

Ու­նե­ցած է բազ­մա­թիւ շրջապ­տոյտ­ներ Գա­նա­տա­յի, Նիւ Եոր­քի եւ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ:

1972-ին կը ձայ­նագ­րէ տաս­ներ­կու եր­գե­րէ բաղ­կա­ցած հա­յե­րէն ա­ռա­ջին ալ­պո­մը, զոր կ՚ա­նուա­նէ՝ «Ե­րե­ւան»:

1982-ին կը կորսն­ցէ իր ա­մու­սի­նը, որ շատ ծանր կ՚ազ­դէ իր վրայ եւ շրջան մը հե­ռու կը մնայ բե­մե­րէն, սա­կայն Հա­յաս­տան այ­ցով, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նուի­րուած ձեռ­նարկ­նե­րը եւ հա­յե­րու վե­րա­բեր­մուն­քը, ի­րեն նոր ուժ եւ կո­րով կը ներշն­չեն:

2015-ի Ապ­րիլ 24-ին Ֆրան­սա­յի Քանն քա­ղա­քին մէջ կա­յա­ցած Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան պա­տուոյ շքան­շա­նով կը պար­գե­ւատ­րէ Ռո­զի Ար­մէ­նը:

***

Դժբախ­տա­բար տա­րին չեմ յի­շեր:

Ռո­զի Ար­մէն եր­կու շաբ­թուան հա­մար Լի­բա­նան հրա­ւի­րուած էր Թո­րոս Սի­րա­նո­սեա­նին կող­մէ՝ ե­լոյթ­ներ ու­նե­նա­լու  «Է­փի քլապ»ի մէջ, իսկ «Մնաք բա­րով»ի եր­գա­հան­դէ­սով մը՝ «Գո­լէժ տը լա սալ»ի հան­դի­սաս­րա­հին մէջ:

Կու գար Ի­րա­նէն, ուր հրա­ւի­րուած էր Ի­րա­նի Շա­հի թա­գադ­րու­թեան ա­ռի­թով:

Լման կազ­մով չէր ե­կած: Եր­կու լի­բա­նան­ցի ե­րա­ժիշտ­ներ մաս կազ­մե­ցին իր նուա­գա­խում­բին: Այդ տա­րի­նե­րուն Լի­բա­նան կը գտնուէին մեծ թի­ւով օ­տար ար­հես­տա­վարժ ե­րա­ժիշտ­ներ, սա­կայն Ռո­զի Ար­մէ­նի նուա­գա­խում­բին մաս կազ­մե­լու պա­տիւն ու բախ­տը ին­ծի վի­ճա­կուե­ցաւ:

Տա­կա­ւին դպրո­ցա­կան ա­շա­կերտ էի:

Ա­ռա­ջին ան­գամն էր, որ ար­հես­տա­վարժ նուա­գա­խում­բի մը մաս կը կազ­մէի:

Ա­ռա­ջին ան­գամն էր, որ մի­ջազ­գա­յին համ­բա­ւի տի­րա­ցած երգ­չու­հիի մը կ՚ըն­կե­րակ­ցէի, նաեւ  ա­ռա­ջին ան­գամն էր, որ Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի գոր­ծե­րէն քա­նի մը հա­տը կը նուա­գէի:

Ծայ­րէ ծայր լե­ցուն սրա­հի մը առ­ջեւ Ռո­զի Ար­մէն Ե­րե­ւա­նի գով­քը կ՚եր­գէր թուա­կա­նի մը, երբ մեր Ե­րե­ւա­նը տա­կա­ւին խորհր­դա­յին լու­ծի տակ էր, սա­կայն ի՛նչ պայ­ման­նե­րու տակ ալ գտնուի, միշտ ե­ղած է ու կը մնայ մեր անն­ման, մեր սի­րե­լի Ե­րե­ւա­նը:

«Իմ ջա­հել սրտիս վառ ու ան­մար լոյսն ես, Ե­րե­ւան,

Իմ Հա­յաս­տա­նի զարդն ես, Ե­րե­ւան»:

Յայ­տագ­րին մէջ, բա­ւա­կան մեծ թիւ կը հա­շուէին հա­յե­րէն եր­գե­րը: Քա­նի մը ֆրան­սե­րէն եր­գե­րէ ետք հա­յե­րէն եր­գով մը կը թնդաց­նէր սրա­հը:

Ռո­զի Ար­մէ­նին հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը ակ­նե­րեւ է իր հա­յե­րէն եր­գե­րուն մէջ:

«Մի փոք­րիկ հող ա­ռուի ա­փին

Թա­գա­ւո­րի թախտ է ին­ծի,

Մի կտոր հաց թոն­րի շրթին,

Իշ­խա­նա­կան ճաշ է ին­ծի»

Հա­ճե­լի խօ­սա­կից էր: Դա­դա­րին ու­րախ էր հայ խօ­սա­կից մը գտնե­լուն: Քու­լիս­նե­րու ե­տին բա­ւա­կան խօ­սե­ցանք: Ա­ւե­լի ինքն էր խօ­սո­ղը:

Վստա­հա­բար հայ­կա­կան դպրոց չէ յա­ճա­խած եւ հա­յե­րէն սոր­ված է իր ծնող­քէն, ո­րոնք փոքր տա­րի­քին տե­ղա­հա­նուած ու հաս­տա­տուած են Փա­րիզ, այդ պատ­ճա­ռով Ռո­զի Ար­մէ­նի եր­գե­լու կամ խօ­սե­լու ժա­մա­նակ հա­յե­րէն լե­զուի փոքր «սխալ­նե­րը», նե­րե­լի ըլ­լա­լու կող­քին, նոյ­նիսկ հա­ճե­լի է լսել:

Բա­ւա­կան սա­հուն կը խօ­սէր մայ­րե­նին, սա­կայն տրուած ըլ­լա­լով, որ մայ­րը թրքահ­պա­տակ ե­ղած է, ան­գի­տակ­ցա­բար քա­նի մը թրքե­րէն բա­ռե­րու կը հան­դի­պիմ մօր­մէն սոր­ված մայ­րե­նիին մէջ:

«Հայրս «խա­լի» (գորգ) կը ծա­խէր»:

«Պո­ղազս (կո­կորդս) կը ցա­ւիր կոր, տոք­թո­րը «ի­լաճ» (դեղ) տուաւ»:

Հար­ցուց իմ մա­սիս, եւ երբ ը­սի, որ տա­կա­ւին դպրո­ցա­կան ա­շա­կերտ եմ.

-Երբ դպրոցդ ա­ւար­տես, ե­րա­ժի՞շտ պի­տի ըլ­լաս:

-Օ՜հ ոչ, ե­րա­նի: Ծնողքս այն­քա՜ն դէմ են:

Ժպտե­ցաւ եւ քա­նի մը խօս­քով պատ­մեց, թէ ինչ­պէս իր ծնողքն ալ նմա­նա­պէս դէմ կե­ցած են, սա­կայն… Ռո­զի Ար­մէն ար­դէն իսկ դար­ձած է նշա­նա­ւոր երգ­չու­հի:

Դա­դա­րէն ետք էր, երբ Ռո­զի Ար­մէն ներ­կայ հան­դի­սա­տես­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց ի­րեն ըն­կե­րակ­ցող ե­րա­ժիշտ­նե­րը:

Իւ­րա­քան­չիւ­րին մա­սին քա­նի մը գո­վա­սա­նա­կան խօս­քեր ու հան­դի­սա­տես­նե­րու կող­մէ՝ ծա­փա­հա­րու­թիւն:

Ընդ­հան­րա­ցած սո­վո­րու­թիւն է այդ մէ­կը:

Իմ ա­նունս տուած ժա­մա­նակ, «Նուա­գա­խում­բիս միակ հա­յը, ազ­գա­կիցս», հա­զիւ ար­տա­սա­նած այդ բա­ռե­րը, սրա­հը թնդաց եւ այդ ծա­փե­րը, ինձ­մէ ա­ւե­լի, ուղ­ղուած էին Ռո­զի Ար­մէ­նին:

Երբ յայտ­նի ա­րուես­տա­գի­տու­հի մը բե­մէն կը յայ­տա­րա­րէ իր հայ ինք­նու­թիւ­նը, սրա­հի մը մէջ, ուր մեծ է հայ հան­դի­սա­տես­նե­րուն թի­ւը, շատ բնա­կան ե­րե­ւոյթ է այդ մէ­կը:

Տա­րի­նե­րը ան­ցան: Լի­բա­նան քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազմ տե­սաւ, եւ շատ հա­ւա­նա­բար Ռո­զի Ար­մէ­նի վեր­ջին այ­ցը ե­ղաւ այդ մէ­կը:

Քա­նի մը ան­գամ այ­ցե­լեց Լոս Ան­ճե­լըս, եւ եր­կու ան­գամ ա­ռի­թը ու­նե­ցայ ներ­կայ գտնուե­լու իր եր­գա­հան­դէս­նե­րուն:

Դժբախ­տա­բար ա­ռի­թը չու­նե­ցայ ան­ձամբ տես­նե­լու զինք եւ խօ­սե­լու հե­տը: Նոյ­նիսկ ե­թէ տես­նուէի, վստա­հա­բար պի­տի չյի­շէր զիս: Ա­ւե­լի քան յի­սուն տա­րի­ներ ան­ցած են այդ թուա­կա­նէն: Բազ­մա­թիւ ե­րա­ժիշտ­ներ ըն­կե­րակ­ցած են ի­րեն: Ո՞ր մէ­կը յի­շէ:

Եր­կու տար­բեր թուա­կան­նե­րու եւ սրահ­նե­րու մէջ ներ­կայ ե­ղայ իր հա­մերգ­նե­րուն եւ նկա­տե­ցի, որ տա­րի­քի յա­ռա­ջա­ցու­մը բնաւ չէր ազ­դած ո՛չ իր ձայ­նին, ոչ ալ իր բե­մա­կան կե­ցուած­քին: Մնա­ցած էր «Յա­ւի­տեան քսան­մէկ տա­րե­կան»ը:

Ներ­կա­յիս սփիւռ­քի մէջ այն­քան շատ են հա­յե­րէն եր­գող­նե­րը, սա­կայն սփիւռ­քի հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան պատ­մու­թեան մէջ Ռո­զի Ար­մէն ու­նի իր իւ­րա­յա­տուկ տե­ղը: Պա­տուո՛յ տե­ղը:

Այդ տա­րի­նե­րուն, երբ Լի­բա­նա­նի նման հայ­կա­կան մեծ գա­ղու­թի մը մէջ տա­կա­ւին հա­յե­րէն եր­գը չէր տա­րա­ծուած, երբ հայ եր­գիչ­ներ օ­տար լե­զու­նե­րով կը մեկ­նա­բա­նէին, Ռո­զի Ար­մէն  հա­մե­մա­տա­բար Փա­րի­զի շատ ա­ւե­լի փոքր հայ­կա­կան գա­ղու­թի մէջ, իր եր­գա­ցան­կին մէջ, Ֆրան­սե­րէն եր­գե­րու կող­քին, ու­նէր բա­ւա­կան մեծ թի­ւով հա­յե­րէն եր­գեր: Հա­յե­րէն եր­գեր կ՚ար­ձա­նագ­րէր:

Վեր­ջին եր­կու տաս­նա­մեակ­նե­րուն իր­մէ նոր ֆրան­սե­րէն եր­գեր չենք լսած: Ամ­բող­ջու­թեամբ նուի­րուած է հայ եր­գա­րուես­տին:

«Ես մի սի­րուն տղայ տե­սայ,

Ջուր էր խմում աղ­բիւ­րից,

Ա­մա­չե­լով ես մօ­տե­ցայ,

Ջուր խնդրե­ցի նրա­նից»:

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Լոս Ան­ճե­լըս, 2017

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2017