Արամ Էլակօզ Գանատայի Լաւալ Քաղաքի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու Թեկնածու

Գա­նա­տա­յի Լա­ւալ քա­ղա­քի յա­ռա­ջի­կայ քա­ղա­քա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն իր թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րած է լա­ւա­լա­հայ Ա­րամ Է­լա­կէօզ։ Ընտ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի կա­յա­նան յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րին։ Ան նախ­կին իս­թան­պու­լա­հայ է։

 Ա­րամ Է­լա­կէօզ աս­պա­րէ­զով մաս­նի­կա­յին կեն­սա­բան (molecular biologist) է։ Տոք­թո­րա­կա­նի իր վկա­յա­կա­նը ստա­ցած է Ֆրան­սա­յի Սթրազ­պուրկ քա­ղա­քի «Լուի Փաս­թէօր» հա­մալ­սա­րա­նէն։ Քսան տա­րիէ ի վեր Գա­նա­տա հաս­տա­տուած է։ Կ՚աշ­խա­տի դե­ղա­գի­տա­կան տար­բեր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու մէջ։ Ա­րամ Է­լա­կէօզ Լա­ւա­լի հայ հա­մայն­քի գոր­ծու­նեայ ազ­գա­յին­նե­րէն է, եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր նաեւ գոր­ծօն ան­դա­մը՝ Քե­պէ­քի հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին։

Միւս կող­մէ, Լա­ւալ Գա­նա­տա­յի տաս­ներ­րորդ մե­ծա­գոյն քա­ղաքն է, ուր կը բնա­կին ա­ւե­լի քան տասն­հինգ հա­զար հա­յեր։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017