Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ
Երէկ, Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ հանրաքուէ, որու նպատակն էր բարեփոխել Սահմանադրութիւնը։ Կը հաղորդուի, որ ընտրողներու 75.91 տոկոսը մասնակցութիւն բերած է հանրաքուէին։ Ստեփանակերտի աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ հանրաքուէի մասնակցողներուն 87.6 տոկոսը հաւանութիւն տուած է առաջարկուած Սահմանադրութեան փոփոխութեան։
Հարկ է նշել, որ Արցախի հանրաքուէին հետեւեցան նաեւ բազմաթիւ միջազգային դիտորդներ։
Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017