ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՅՈՐԴՈՐԵՑ՝ ԸԼԼԱԼ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԵՒ ՀԵՌՈՒ ՄՆԱԼ ՊԱՌԱԿՏՈՒՄՆԵՐԷ
Գումգաբուի մէջ երէկ աւանդական շուքով նշուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ աւանդական տօնակատարութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան մեր հոգեւորականաց դասու անդամները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առթիւ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան եւ օրհնութեան խօսքով մը։ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը իր բարձր գնահատանքը արտայայտեց մեր հոգեւորականաց դասու անդամներուն կողմէ ծաւալուած նուիրեալ աշխատանքին բերումով։ Ընդհանուր փոխանորդը միեւնոյն ժամանակ շեշտեց, որ Պատրիարքական Աթոռը կը դիմագրաւէ դժուարին շրջան մը եւ այս իրավիճակի յաղթահարման համար մատնանշեց հոգեւորականաց դասուն վիճակած դերակատարութեան կարեւորութիւնը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յորդորեց, որ մեր հոգեւոր հայրերը մնան համախումբ, միասնական ու պառակտումներէ հեռու՝ որպէսզի Պատրիարքական Աթոռը յաղթահարէ առկայ հերթական փորձութիւնը։
Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին ձօնուած մեծահանդէս արարողութիւններուն առթիւ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի շուրջն էր Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Տ. Եղիա Քհնյ. Քերվանճեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին քահանայից դասու անդամները՝ առաջնորդութեամբ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի։
Նախքան Տէրունական աղօթքը, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան կարդաց Ս. Ղեւոնդ Քահանայի ճառը Աւարայրի դաշտին վրայ։ Յետ ընթերցման, քարոզեց, բնաբան ունենալով Յովսէփ Կաթողիկոսի նախքան իր նահատակութիւնը արտասանած վերջին խօսքերը։ Հայր Սուրբը ընդարձակօրէն պատմեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանաներու գըլ-խարկման ներքեւ յիշատակուած սուրբերու վարքը՝ ընդգծեց, թէ անոնց մէջ կը գտնուէր օրուան կաթողիկոսը Յովսէփ Հողոցմեցի, իր կողքին ունենալով եպիսկոպոսներ, քահանաներ եւ սարկաւագներ։ Շեշտեց անոնց կարեւոր դերը, Աւարայրի ճակատամարտին մէջ. զօրացնելով բանակի զօրականները։ Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց շարժումը ներկայացուց, որպէս ողնասիւնը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ գոյութեան։ Անդրադարձաւ նաեւ, թէ իր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, ողն ու ծուծն էր հայ ժողովուրդի որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ գոյատեւման։ Իր խօսքերու աւարտին քարոզիչ Հայր Սուրբը յանձին Արամ Արքեպիսկոպոսի, Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասուն Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը շնորհաւորեց։ Սրտագին մաղթանքներով յիշեց Ն.Ս.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն եկեղեցւոյ հանգուցեալ բոլոր սպասաւորներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Աւագութեան պատիւ եւ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն շնորհեց պատարագիչ Տ. Եղիա Քահանայ Հօր, որ կը պատրաստուէր մեկնիլ Գանատա, իր հոգեւոր ծառայութիւնը շարունակելու համար գանատահայոց թեմէն ներս։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ յարակից «Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան» սրահին մէջ հոգեւորականներու ի պատիւ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։
Հաւաքոյթի ընթացքին արտայայտուեցաւ Տ. Եղիա Ա. Քհնյ. Քերվանճեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Սրբազան Հօր եւ իր անձին մէջ բոլոր հոգեւոր եղբայրներուն։
Հուսկ բանքը արտասանեց Արամ Սրբազան Հայրը եւ անդրադարձաւ հոգեւոր եղբայրներու միջեւ սիրոյ եւ եղբայրական զգացման կարեւորութեան, որ գլխաւոր ազդակն էր եկեղեցւոյ առողջ հիմերու վրայ գոյատեւման։ Տէրունական աղօթքի արտասանմամբ վերջ գտաւ սիրոյ սեղանը։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024