ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՓՈՒԼ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ ար­դէն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին հա­սած են Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին ե­րեք սրբա­զան­նե­րը։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ ա­նոնք այս եր­կու օ­րե­րուն կը խորհր­դակ­ցին Պատ­րիար­քա­րա­նի շուրջ ստեղ­ծուած ծանր կա­ցու­թեան ա­ռըն­չու­թեամբ։ Այս ա­ռա­ւօտ, Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պէք­ճեան եւ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի հրա­ժա­րեալ ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան մաս­նակ­ցե­ցան Սրբոց Վար­դա­նանց տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րը ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Ս. Պա­տա­րա­գին յա­ջոր­դած Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թան­քին՝ քա­նի որ Ս. Վար­դա­նանց տօ­նին օ­րը կը նշուի Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ա­նուա­նա­կո­չու­թիւ­նը։

Վեր­ջին շուրջ տասն օ­րուան ըն­թաց­քին մեր հա­մայն­քէն ներս ստեղ­ծուած տագ­նա­պի լոյ­սին տակ Մայր Ա­թո­ռի խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը կը բնո­րո­շեն ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին փուլ մը։ Ե­կե­ղե­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րը հա­մո­զուած են, որ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը կա­տա­րած է ի­մաս­տուն կար­գադ­րու­թիւն մը։ Պոլ­սա­հայ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը, ինչ­պէս վեր­ջին օ­րե­րուն միշտ կը մատ­նան­շուի, ան­վե­րա­պա­հօ­րէն կ՚ող­ջու­նեն Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին այս տե­ղին նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, որ յոյս կը ներշն­չէ ներ­կայ ծանր ի­րա­վի­ճա­կի յաղ­թա­հար­ման հա­մար։

Ներ­կայ դրու­թեամբ՝ հիմ­նա­կան հար­ցը կը թուի ըլ­լալ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի մի­ջեւ տար­րա­կան հա­մե­րաշ­խու­թեան մը հաս­նի­լը։ Ար­դա­րեւ, ա­ռանց այդ ալ բա­ւա­կա­նին բարդ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը ծան­րա­բեռ­նուած է շուրջ ինն տա­րիէ ի վեր կու­տա­կուած խնդիր­նե­րով։ Բայց եւ այն­պէս, եր­կու սրբա­զան­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն հու­նէ դուրս գա­լը, բա­ռին բուն ի­մաս­տով, կա­թուա­ծա­հար դար­ձու­ցած է ընտ­րու­թեան առ­կա­խեալ գոր­ծըն­թա­ցը։ Այ­սօր ար­դէն հո­րի­զո­նին վրայ ու­րուագ­ծուած են տե­ղա­պա­հի մը ընտ­րու­թիւ­նը, նոր նա­խա­ձեռ­նարկ մարմ­նի մը կազմուի­լը եւ վեր­ջա­պէս Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թեան մի­ջո­ցաւ՝ յաչս պե­տու­թեան դի­մու­մին կա­տա­րուի­լը։ Պատ­րիար­քա­րա­նի վեր­ջին զե­կոյ­ցին մէջ ալ պաշ­տօ­նա­պէս վե­րա­հաս­տա­տուած է այս պա­րա­գան։ Բայց եւ այն­պէս, գոր­ծըն­թա­ցին բնա­կա­նոն շա­րու­նա­կու­թիւ­նը կա­խում ու­նի Ա­րամ Սրբա­զա­նի եւ Սա­հակ Սրբա­զա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւո­րու­մէն։ Ցարդ քա­նիցս մատ­նան­շուե­ցաւ, որ սա թէեւ ան­բա­ւա­րար, սա­կայն անհ­րա­ժեշտ նա­խադ­րեալ մըն է՝ առ­կայ ճգնա­ժա­մի շրջան­ցու­մով ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։ Այս նուրբ կէ­տին վրայ է որ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, պի­տի բիւ­րե­ղա­նայ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին մի­ջամ­տու­թիւ­նը։ Ե­կե­ղե­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րէն հա­սած լսում­նե­րով, Նո­րին Սրբու­թիւ­նը մտա­դիր չէ ո­րե­ւէ բան պար­տադ­րե­լու կամ թե­լադ­րե­լու։ Իր գերն­պա­տակն է բնա­կա­նոն վի­ճա­կի վե­րա­հաս­տա­տու­մը եւ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ե­րաշ­խա­ւո­րու­մը։ Այս բո­լո­րի ա­ռա­ջին քայ­լը պի­տի ըլ­լայ տե­ղա­պա­հի մը ընտ­րու­թիւ­նը՝ ինչ­պէս նշուած է Պատ­րիար­քա­րա­նի վեր­ջին զե­կոյ­ցին մէջ։ Ե­թէ Ա­րամ եւ Սա­հակ սրբա­զան­նե­րուն յա­րա­բե­րու­թիւ­նը կար­գա­ւո­րուի, ա­պա մնա­ցեալ ըն­թա­ցա­կար­գը յայտ­նի է ու պարզ են այն հար­թակ­նե­րը, ո­րոնց վրայ գործ­նա­կան լուծ­ման քայ­լեր պի­տի առ­նուին։ Տե­ղա­պա­հը պի­տի ընտ­րուի Պոլ­սոյ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րին կող­մէ։ Այ­սինքն, այս­տեղ կայ ժո­ղո­վա­կա­նու­թեան հարց։ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րն ալ ա­րա­ւե­լա­գոյն զո­հո­ղու­թիւն պէտք է ը­նեն՝ որ­պէս­զի հաս­նին հա­մա­ձայ­նու­թեան։ Ա­նոնք միայն Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին պէտք չէ ա­պա­ւի­նին եւ պէտք չէ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը նեղ վի­ճա­կի մատ­նեն հա­ւա­նա­կան առաւե­լապաշտ դիր­քո­րո­շու­մով։ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րը նա­խան­ձախն­դիր պէտք է ըլ­լան նաեւ՝ որ­պէս­զի Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի կամ­քը չան­տե­սուի եւ ի­րենց տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն գե­րի դառ­նա­լով՝ թատ­րո­նի մը չվե­րա­ծեն Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րին ժո­ղո­վը։

ՈՒՇԱԴԻՐ ԱՉՔ ՄԸ՝ Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՉՈՒԼՃԵԱՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԷՆ  ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Պոլ­սոյ Ա­թո­ռին շուրջ ստեղ­ծուած ճգնա­ժա­մին ա­ռըն­չու­թեամբ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մար դրա­կան ար­ձա­գանգ մը ե­կաւ նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Ա­թո­ռէն։ Պատ­րիար­քա­րա­նի դի­ւա­նա­պետ Տ. Կո­րիւն Վրդ. Պաղ­տա­սա­րեան «Ա­ռա­ջին լրա­տուա­կան»ի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին նշեց, որ կը հե­տե­ւին Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան շուրջ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին։ Ան յի­շե­ցուց, որ ընդ­հա­նուր առ­մամբ՝ ար­դէն ին­նե­րորդ տա­րին է, որ պատ­րիար­քի ա­ռող­ջա­կան լուրջ խնդիր­նե­րուն հե­տե­ւան­քով Ա­թո­ռը կը ղե­կա­վա­րուի փո­խա­նոր­դի մա­կար­դա­կով։ «Մեր փա­փաքն է, որ այս խնդի­րը խա­ղաղ հան­գու­ցա­լու­ծուի, յա­ռա­ջի­կա­յին տե­ղի ու­նե­նայ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն եւ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռը այ­լեւս ու­նե­նայ իր ար­ժա­նի գա­հա­կա­լը», ը­սած է դի­ւա­նա­պե­տը եւ ա­ւել­ցու­ցած՝ որ ի­րենք տե­ղեակ չեն ե­ղած այն հար­ցե­րէն, ո­րոնք օ­րա­կար­գի վրայ բե­րուած են Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի կող­մէ։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Մայր Ա­թո­ռի խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի դի­ւա­նա­պե­տը պա­տաս­խա­նած է նաեւ այն հարց­ման, թէ ար­դեօք կա­րե­լի կրնա՞յ ըլ­լալ խնդրին լու­ծում մը գտնել Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ։ «Կը կար­ծեմ ա­յո։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ի­մաս­տուն կար­գադ­րու­թեամբ եւ մեր սրբա­զան հայ­րե­րու ող­ջա­միտ խո­հե­մու­թեամբ՝ հնա­րա­ւոր է այս թնճու­կը լու­ծել եւ այս բա­նէն պէտք է շա­հի թէ՛ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րա­նը եւ թէ Հայ Ե­կե­ղե­ցին», ը­սաւ Տ. Կո­րիւն Վրդ. Պաղ­տա­սա­րեան։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017