ՌԻՀԱՄ ԱՖԻՖԻ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՍԿԱԿԱՆ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ Է»

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ե­րէկ, նա­խա­րա­րու­թեան մօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ  շնոր­հան­դէ­սը The land of legends գրքին, ո­րուն հե­ղի­նակն է ե­գիպ­տա­ցի ակ­նա­բոյժ Ռի­համ Ա­ֆի­ֆի։

Իր բաց­ման խօս­քին մէջ, Սփիւռ­քի նա­­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան գնա­հա­տեց հե­ղի­նա­կին ի­րա­կա­նա­ցու­ցած մեծ գոր­ծը, որ կը դրսե­ւո­րէ ա­նոր մեծ սէ­րը հան­դէպ Հա­յաս­տա­նի­ն։

Նա­խա­րա­րը «Ար­շիլ Կոր­քի» մե­տայ­լով պար­գե­ւատ­րեց հե­ղի­նա­կը, իսկ Նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Կա­րէն Ա­ղա­մեան յայ­տա­րա­րեց, թէ ա­նոր կը շնոր­հեն Հա­յաս­տա­նի Նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան պա­տուա­ւոր ան­դա­մի կո­չու­մը։

Այ­նու­հե­տեւ իր խօս­քը փո­խան­ցեց Հա­յաս­տա­նի մօտ Ե­գիպ­տո­սի դես­պան Թա­րէք Մաա­­թի, որ գնա­հա­տան­քի խօս­քե­րու կող­քին անդ­րա­դար­ձաւ Հայ-ե­գիպ­տա­կան վա­ղե­մի ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու­ն։

Ներ­կա­նե­րուն իր սրտի խօս­քը փո­խան­ցեց նաեւ հե­ղի­նա­կը, որ անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տան իր ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թեան՝ 2015 թուա­կա­նի Ապ­րի­լի 23-ին, յուզ­մուն­քով յի­շե­լով Սուրբ Էջ­միա­ծին իր այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ այն պա­հը, երբ Մեծ Ե­ղեռ­նի 100-րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով՝ աշ­խար­հի բո­լոր հայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ կը ղօ­ղան­ջէին բո­լոր զան­գե­րը։ Ան դի­տել տուաւ, որ այդ օ­րը, պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, ինքն իր վրայ պարտք զգա­ցած է ո­րե­ւէ աշ­խա­տան­քով մը անդ­րա­դառ­նա­լու Հա­յաս­տա­նին ու հա­յու­թեան։ Ա­ֆի­ֆի խօ­սե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի հա­րուստ բնու­թեան, գու­նա­գեղ ու հա­մեղ պտուղ­նե­րուն մա­սին՝ շեշ­տե­լով, որ Հա­յաս­տա­նի իս­կա­կան գե­ղեց­կու­թիւ­նը նոյ­նինքն երկ­րի բնակ­չու­թիւնն է։

Միւս կող­մէ, գիր­քը կը ներ­կա­յաց­նէ հե­ղի­նա­կին կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած հա­յաս­տա­նեան գե­ղան­կար­նե­րու շարք մը, ա­նոնց բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րո­վ։ Գե­ղան­կար­նե­րը, ամիսներ առաջ ցուցադրուած եւ վաճառուած են Եգիպտոսի մէջ, իսկ անոնց հասոյթը նուի­րուած է ե­գիպ­տա­կան «Կեց­ցէ Ե­գիպ­տո­սը» հիմ­նադ­րա­մին՝ կրթա­կան ծրա­գիր­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կով:

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2017