ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ
Արցախի ճակատին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին՝ մտահոգիչ ձեւով։ Շաբաթավերջին, Ատրպէյճանի զօրքերը կատարեցին յարձակման փորձ մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծին վրայ։ Բախումներուն հետեւանքով հայկական կողմը չունեցաւ զոհ։ Ազէրի կողմը ունեցաւ զոհեր եւ վիրաւորեալներ։ Նոյնաժամանակ երկու ուղղութեամբ յարձակման անցան Ատրպէյճանի զօրքերը, որոնք կասեցուեցան Արցախի Պաշտպանութեան բանակին կողմէ։ Ազէրի կողմի քանի մը զոհուած զինուորի դին մնաց չէզոք գօտիին մէջ։ Երէկ, հակամարտ կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ՝ այդ դիակներու փոխադրութեան համար։ Համաձայնութեան միջնորդեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը այս մասին յայտարարեց, որ Պաքու իրավիճակը կը սրէ դիտումնաւոր։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ատրպէյճան հերթական հարուածը տուած է՝ հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին։ Ըստ նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեանի, Ատրպէյճանի բռնութիւնը կանխամտածուած սադրանք մըն է։