ԿԼԻՄԱՅԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
(Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին).- Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի կեանքէն ներս շուրջ երկու շաբաթ առաջ ծագած տագնապը արդէն պաշտօնապէս մտած է կարգաւորման հունի մէջ։ Մեր համայնքային շրջանակներուն առընթեր, սփիւռքի զանազան գաղութներու նախկին պոլսահայերը եւ ընդհանրապէս ազգային-եկեղեցական շրջանակները կ՚ողջունեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գոյացած ընդհանուր համաձայնութիւնը։ Հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Հիմա այլեւս պատրիարքական ընտրութեան հորիզոնը անշրջադարձելիօրէն ուրուագծուած է թրքահայութեան հորիզոնին վրայ։ Այս հեռանկարը կու գայ փաստել նաեւ, որ թէ՛ Պատրիարքական Աթոռին եւ թէ մեր համայնքին տեսակէտէ աւարտին կը մօտենայ անցումային շրջանը։ Պատրիարքական Աթոռը գործնականօրէն թափուր է ինն տարիէ ի վեր։ Ճիշդ է, որ սպասման երկար շրջանը լուրջ վնասներ հասցուց մեր համայնքին։ Բոլորը թէեւ որոշ չափով համբերեցին, սակայն դժբախտաբար յառաջացան վէրքեր, որոնց սպիացումը կը պահանջէ յաւելեալ ջանքեր։ Համայնքէն ներս կան բեւեռացումներ, կան պառակտումներ, որոնք կը հասնին մտահոգիչ համեմատութիւններու։ Շուտով հիմնական փոփոխութիւններ պիտի ըլլան թրքահայ իրականութեան մօտ։ Մինչեւ Մարտի 15-ը պիտի ընտրուի տեղապահ մը եւ անմիջապէս վերջ պիտի կազմուի պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը։ Այս բոլորը գործնական հունի մէջ պիտի դնեն պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։ Համայնքը պիտի ընէ իրմէ կախեալ ամէն ինչը ու պիտի սպասուի պետութեան մօտ կատարուելիք դիմումի արձագանգին։
Վերջին իրադարձութիւններով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ ծագած ճգնաժամը շրջանցուեցաւ եւ զուգահեռաբար ստեղծուած ցնցումի յաղթահարումով՝ ձեւաւորուեցաւ ընտրութեան ձեռնարկելու համար անհրաժեշտ մթնոլորտը։ Ինն տարուան այս մաշեցուցիչ գործընթացին մէջ, կարճ խօսքով, հասաւ բեկումնային պահը։ Կլիմայի այս դրական փոփոխութիւնը ապահովուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Շրջադարձային քայլ մը առնուեցաւ ու վստահաբար ժամանակի ընթացքին աւելի պիտի բիւրեղանայ անոր բախտորոշ ու պատմական նշանակութիւնը։ Թէ ի՞նչ եղաւ այս վերջին օրերուն... Ինչպէ՞ս կրնան ամփոփուիլ վերջին երկու շաբթուան իրադարձութիւնները։ Ինչպիսի՞ պայմաններու ներքեւ սկսան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի խորհրդակցութիւնները եւ ի՞նչ նշանակութիւն ունի անոնց արդիւնքը։ Ի՞նչ հարցեր լուծուեցան եւ ի՞նչ ռիսքեր կանխուեցան այնտեղ։
Խորհրդակցութիւններուն նախորդած մթնոլորտին մէջ կային բազում գործօններ, որոնք կը պայմանաւորէին շարք մը հաւասարակշռութիւններ։ Բայց եւ այնպէս, երբ Պոլսոյ մէջ գործող երկու սրբազաններուն յարաբերութիւնները հունէ դուրս եկան, ապա ստեղծուած տագնապալի պայմաններուն ներքեւ ժողովուրդի բողոքն ու անհանգստութիւնն ալ հասաւ գագաթնակէտին: Թրքահայութեան բոլոր խաւերը հակազդեցութիւն ցոյց տուին եւ զայրոյթի մատնուեցան, ըստ էութեան, շատ պարզ պատճառով մը։ Մեր ժողովուրդը կը գիտակցի, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը վարչական ծով աւանդութիւններու, հարուստ նախընթացներու առանցք մըն է։ Այս բոլորով հանդերձ, կարծես այլեւս բանելէ դադրած ըլլար մեր Պատրիարքարանի վարչական միտքը։ Ինն տարիէ ի վեր չլուծուած, աւելի՛ն, փակուղիի մատնուած պատրիարքական ընտրութեան հարցը ծնաւ ծանր մթնոլորտ մը։ Ճիշդ է, որ յաճախ անձնականացուած ձեւով կ՚ընկալուէր իրավիճակը եւ սկզբունքային հարթութենէ հեռացումը ա՛լ աւելի կը բարդացնէր կացութիւնը։ Հակադիր հոսանքները, իրերամերժ շարժումները, խորքին մէջ, կը սնէին նո՛յն կաթուածահար վիճակը։ Քիչ մըն ալ այս էր յապաղման, արհեստական յապաղման պատճառը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հրաժարականը եկաւ ամրապնդել այդ անձնաւորուած մօտեցումները։ Այդ քայլը առաջին քայլափոխին աշխատեցաւ ի վնաս Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, սակայն անմիջապէս վերջ ցասումէն բաժին հասնիլ սկսաւ նաեւ նոյնինքն Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։ Այս իրավիճակին մէջ երկու սրբազաններն ալ մաշեցան եւ այդ կացութենէն դուրս գալու համար չէին կրնար գործակցիլ, որովհետեւ իրենց յարաբերութիւնը ամբողջութեամբ փճացած էր ու վերականգնումի ներուժը՝ սպառած։ Որքան որ անոնց դէմ բողոք մը կուտակուած էր անձնաւորուած ձեւով, այնպէս ալ այդ ալիքը շուտով վստահութեան պակաս մը յառաջացուց Պատրիարքարանի շուրջ։ Ցնցուած էր հաւատը նաեւ Աթոռին հանդէպ։
Ահա նման իրավիճակի մը մէջ, բարեբախտաբար, վրայ հասաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին նախաձեռնութիւնը։ Շուրջ ինն տարուան մաշեցուցիչ, յոգնեցուցիչ այս իրավիճակին մէջ առաջին անգամ բոլորին կողմէ միանշանակօրէն դրական ընկալուեցաւ քայլ մը, որու առթած յոյսը դարձաւ հասարակաց յայտարար։ Համապատասխան մթնոլորտի մը մէջ կազմակերպուեցան մայրավանքի խորհրդակցութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետի հովանաւորութեան ներքեւ նոյն սեղանին շուրջ համախմբուելու ժամանակ, Պոլսոյ Աթոռի երեք սրբազաններն ալ ունէին իրենց խաղաքարտերը, նաեւ իրենց խոցելի կէտերը։ Անոնք նաեւ կը գիտակցէին, որ ինն տարիէ ի վեր կուտակուած ժողովրդական բողոքը հաւասարապէս մաշեցուցած էր իրենցմէ իւրաքանչիւրը։ Առկայ փակուղիին հետեւանքով վստահութեան պակաս մը գոյացած էր անոնց նկատմամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, սրբազանները կը զգային, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի խորհրդակցութիւնները վերջին բախտ մըն է իրենց տեսակէտէ, անմսխելի կարելիութիւն մըն է իրենց վարկի հնարաւորինս բարձրացման տեսակէտէ, այլապէս գործընթացի շարունակութիւնը կրնայ դառնալ լրիւ անկառավարելի ու մանաւանդ՝ իրենց համար անվերահսկելի։ Եթէ այս անել վիճակին մէջ անոնք հանդէս չգային շինիչ ոգիով, ապա մեր ժողովուրդը դժուար թէ ներէր իրենց։
Այս համայնապատկերին վրայ սկսաւ մայրավանքի երկօրեայ խտացեալ աշխատանքը։ Հին վեհարանի խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ, Վեհափառ Հայրապետի կողմէ գլխաւորուած սեղանին շուրջ համախմբուեցան Պոլսոյ Աթոռի երեք սրբազանները։ Նորին Սրբութիւնը արդէն նախապէս բոլորին հետ առանձին ալ հանդիպելով՝ բռնած էր անոնց զարկերակը։ Խորհրդակցութիւններու օրերուն առիթն ունեցանք զանազան պահերով հակիրճ զրոյցներ ունենալ մեր սրբազաններուն հետ։ Մեր տպաւորութիւնը եղաւ այն, որ Վեհափառ Հայրապետը յաջողած էր հաւասար հեռաւորութեան վրայ մնալ իւրաքանչիւրին նկատմամբ, պահած էր չէզոքութիւն, գետին պատրաստած էր բաց ու արդար աշխատանքի համար եւ ի լրումն այս բոլորին՝ իր յորդորները մնացած էին միշտ սկզբունքային հարթութեան վրայ։ Իր որդեգրած այդ ընթացքը ինքնաբերաբար ապահոված էր, որ սրբազաններն ալ դադրին վերջնագրային ոճով արտայայտուելէ եւ նախապայմաններու լեզուով խօսելէ։ Ան բացարձակապէս հեռու մնաց դատաւորի մը դերէն ու երբեք չփորձեց կամք պարտադրել կամ իր պատկերացուցած լուծման տարբերակով ուղղորդել քննարկումները։ Այլ խօսքով, ան մտային ազատ վարժանքի մը միջավայրը ստեղծեց եւ այդպէսով բարձրացաւ աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը։
Ընդհանուր առմամբ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան առանձինն էր՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի դիմաց։ Սա ենթադրելի է եւ աւելի՛ն, ան հիմնական թիրախն էր կուտակուած ժողովրդական հակազդեցութեան։ Իսկ միւս երկու սրբազաններուն խոցելի կողմը այն էր, որ չէին կրցած կասեցնել իր ընթացքը։ Բնականաբար, անոնք պատասխանատուութիւնը կրնային վերագրել ընդհանուր փոխանորդին, սակայն սա հարիւր տոկոսով պիտի չարդարացնէր զիրենք։ Արդարեւ, երեքի ըրածին ու չըրածին հանրագումարը այն էր, որ ինն տարուան սպասումէ մը վերջ մեծ հաշուով պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը մատնուած էր փակուղիի։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի թէ՛ ուժեղ եւ թէ խոցելի կողմերը ընդելուզուած էին։ Մէկ կողմէ ան չէր կրնար խուսափիլ ընտրական գործընթացի յապաղեցման մեղադրանքէն։ Միւս կողմէ, սակայն, ան կրնար պնդել, որ ինն տարիէ ի վեր իր կրած պատասխանատուութեան պատճառով հարկադրուած ձեւով կը հանդուրժէր՝ ընտրութենէ խուսափող գործօնի տպաւորութեան եւ սա եղած էր իր կրած խաչը։ Ի վերջոյ, լաւէն կամ վատէն անկախ, ըստ էութեան, կշիռքի վրայ էր ընդհանուր փոխանորդին գործունէութիւնը։ Կ՚արժեւորուէր իր իսկ աշխատանքը՝ որպէս հիմնական դերակատար։ Միւս երկու սրբազանները առաւել չափով քննադատողի, ընդդիմախօսի դերին մէջ էին, հասկնալիօրէն։ Վստահաբար, բաւական դժուար հաշուեկշիռ մը կատարուեցաւ՝ երկու օրերու վրայ տարածուած աշխատանքով։ Ապահովաբար, բոլորը դրած ըլլան իրենց խաղաքարտերը սեղանի վրայ։
Մենք, բնականաբար, տեղեակ չենք քննարկումներու մթնոլորտին, տեղատուութիւններու կամ մակընթացութիւններու պահերուն, բայց հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութենէն կը հետեւցնենք հետեւեալը. Վեհափառ Հայրապետը համբերատար ու յամառ աշխատանքով մը ապահոված է, որ խորհրդակցութիւններու արդիւնքին ծնի մեծ ու հեռահար համադրութիւն մը։ Ան յաջողած է միաձուլել՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հասունութիւնը, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի փորձառութիւնը եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի համարձակ եռանդը։ Սա ո՛չ միայն հեռահար, այլ նաեւ հեռատես համադրութիւն մը եղած է։ Արդարեւ, առնուած են նպատակասլաց քայլեր, որոնց շնորհիւ երեք սրբազանները զիրար վերավարկաւորած են՝ տիրանալով յառաջիկայ շրջանին պատասխանատուութիւն ստանձնելու համահաւասար հնարաւորութեան։ Անոնք Վեհափառ Հայրապետի հովանիին ներքեւ իրենց յօժար կամքով հասած են այս արդիւնքին, ինչ որ ճանապարհ կը հարթէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի վերակենդանացման առջեւ։ Նորին Սրբութիւնը քննարկումները վերադիտած է բացառապէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դարաւոր կարգ ու կանոններուն պրիսմակէն։ Շնորհիւ այս զգայնութեան երաշխաւորուած է՝ կանոնական մարմիններու ազատ կամքի դրսեւորումը։ Որպէս օրինակ՝ նշենք, որ Պոլսոյ Աթոռի Հոգեւորականաց համագումարը յառաջիկային պիտի կարենայ տեղապահ մը պաշտօնի կոչել՝ ընտրութեան առաւելագոյն հնարաւորութեամբ։
Ընդհանուր առմամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ապահովուած համաձայնութիւնը կը նախատեսէ լուրջ նախադրեալներ՝ որպէսզի ինն տարուան այս գործընթացին մէջ կատարուած սխալները չկրկնուին։ Փոխադարձ ըմբռնում գոյացած է այնպիսի նախազգուշական միջոցներու շուրջ, որոնք ունին ապահովագրութեան նշանակութիւն։
Ամփոփելով՝ յայտնենք, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի խորհրդակցութիւններուն աւարտը բնորոշեց վիթխարի աշխատանքի մը սկիզբը, պատրիարքական ընտրութեան բո՛ւն գործընթացին մեկնարկը։ Մինչեւ Մարտի 15-ը պիտի ընտրուի տեղապահ մը։ Սպասենք ու տեսնենք, որ Հանրապետական շրջանին յառաջիկայ՝ վեցերորդ պատրիարքական ընտրութիւնը ինչո՛վ պիտի տարբերի նախորդներէն եւ ինչո՛վ պիտի նմանի անոնց։
Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՉՈՒԼՃԵԱՆ ՄԵԶԻ ՀԵՏ ԲԱԺՆԵՑ ԻՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցանք Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Եպսկ. Չուլճեանի հետ։ Ան հրաւիրուած էր Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած այն հաւաքոյթին, որուն մասնակցեցան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ եւ Պոլսոյ Աթոռի երեք սրբազանները՝ հաշուի առնելով, որ առաջադրած է իր թեկնածութիւնը Պոլսոյ պատրիարքի պաշտօնին համար։
Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի պոլսահայ մամուլին, մեզի հետ բաժնեց իր կարծիքը մեր վերջին կարգ մը հրապարակումներուն համար։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս այս սիւնակին մէջ գրած էինք, որ Իսթանպուլի՝ արտասահմանի թեկնածուներուն համակիր շրջանակները փորձած են թունաւորել Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի յարաբերութիւնը։ Սա մեր ենթակայական դիտարկումն էր ու մեր տեսանկիւնէն ունէր որոշ տրամաբանութիւն մը։ Յամենայնդէպս, Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան մեզի յայտնեց, որ իր համակիրները չեն ունեցած այդպիսի մտադրութիւն մը։ Հարկ է նշել, որ այս մասին նախապէս մեզի նոյնանման կարծիք մը փոխանցած էր նաեւ մեր ազգայիններէն Նազար Պինաթլը, որ կը պաշտպանէ Նորին Սրբազնութեան թեկնածութիւնը։
Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան անհանգստացած էր նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ Երեւանի մէջ կատարուած յայտարարութենէն, ըստ որու Թուրքիա-Հայաստան առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ իր թեկնածութիւնը կրնայ չարձանագրուիլ։ Մենք թէեւ այդ յայտարարութիւնը արտատոպած էինք «Հայ Ձայն» կայքէջէն ու նոյնիսկ համարած՝ քննադատելի։ Իսկ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի մօտեցումը այն է, որ հոգ չէ, թէ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ըրած է այդ յայտարարութիւնը, բայց մամուլը պէտք չէ գրէ այդ մասին։
Մենք Նորին Սրբազանութեան խոստացանք, որ անպայման արձագանգ պիտի հանդիսանանք իր տեսակէտներուն՝ խորապէս յարգելով իր պատասխանի իրաւունքը եւ այս պարագային նպատակայարմար չենք նկատեր յաւելեալ քննարկման բանալ այդ տրամաբանութիւնը։ Էականը այն է, որ իր տեսակէտը գտնէ պատշաճ արձագանգ՝ մանաւանդ, որ ան ֆիզիքապէս հեռու է Պոլիսէն։
Տ. Սեպուտ Արք. Չուլճեանին շնորհակալութիւն յայտնեցինք, որ զգացած էր՝ մեզի հետ իր մօտեցումները անկեղծօրէն բաժնելու անմիջականութիւնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ