ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ «ԴԻՄԱԿԱՆՀԱՆԴԷՍ»Ը՝ ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ՍՊԵՆԴԻԱՐԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԷՆ ՆԵՐՍ

Մար­տի 5-ին Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեա­նի ա­նուան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ա­րամ Խա­չատ­րեա­նի «Դի­մա­կա­հան­դէս» պա­լէի ա­ռաջ­նա­խա­ղը:

Բե­մադ­րու­թեամբ՝ թատ­րո­նի գլխա­ւոր «պա­լետ­մայս­տըր» Վի­լէն Գալս­տեա­նի եւ թատ­րո­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Կոնս­տան­դին Օր­բե­լեա­նի: Իսկ գլխա­ւոր դե­րե­րով հան­դէս պի­տի գան Հայաստանի վաս­տա­կա­ւոր արուես­տագէտներ՝ Ռու­բէն Մու­րա­տեան (Ար­բե­նին), Մե­րի Յով­հան­նի­սեա­ն (Նի­նա), Մա­րիա  Դի­ւա­նեա­ն (Շտրալ), Մի­լի­տոն Կի­րա­կո­սեան (Զվեզ­դիչ), Գրի­գոր Գրի­գո­րեա­ն (Ան­յայ­տը), սոփ­րա­նօ Տիա­նա Յա­րու­թիւ­նեա­ն (Նի­նա­յի ձայն):

1941 թուա­կա­նին Ա­րամ Խա­չատ­րեա­ն ռու­սա­կան դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան աւան­դոյթ­նե­րով գրեց ե­րաժշ­տու­թիւն Մի­խա­յիլ Լեր­մոն­տո­վի «Դի­մա­կա­հան­դէս» տրա­մա­յի, իսկ 1954 թուա­կա­նին Բ. Լաւ­րենեո­վի «Լեր­մոն­տով» տրա­մա­յի բե­մադ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար: 1982 թուա­կա­նին, ե­րաժշտա­հան Է­տկար Յով­հան­նի­սեա­ն՝ այդ եր­կու տրա­մա­նե­րուն ե­րաժշ­տու­թիւ­նը խմբագ­րե­լով, ստեղ­ծեց «Դի­մա­կա­հան­դէս» պա­լէն, որ բե­մադ­րուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի թատ­րո­նին մէջ եւ մեծ յա­ջո­ղու­թիւն արձանագրեց:

«Ես կ՚ապ­րէի այդ տրա­մա­յով, ե­րաժշ­տու­թիւ­նը սրտի թրթի­ռով կը գրէի: Իսկ թէ ինչ­պէս այն ծնունդ ա­ռաւ, բա­ռե­րով դժուար է ար­տա­յայ­տել...», «Դի­մա­կա­հան­դէս» պա­լէի վրայ տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րէն ստա­ցած իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը հե­տա­գա­յին այս­պէս կը ներ­կա­յաց­նէր աշ­խար­հահռ­չակ երգա­հան Ա­րամ Խա­չատ­րեան:

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017