ԲԱԶԷԻ ԽԱՉՔԱՐԵՐԸ
Երեւանի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ յայտնի լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեանի «Խաչքարեր» խորագրեալ պատկերագիրքին շնորհանդէսը։ Այս գործը կ՚ընդգրկէ Հայաստանի եւ Արցախի խաչքարերը։ Անոնցմէ մէկ քանի հատը Բազէի կողմէ նկարահանուած են տարուան զանազան եղանակներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, պատկերագիրքի ներկայացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մատենադարանի դահլիճին մէջ։
«Խաչերեան է մականունս. խաչ, խաչքար, խաչելութիւն։ Սա իմ խաչն է, զոր կը կրեմ մեծ հաճոյքով։ Ալպոմը 516 էջ է։ Նկարած եմ սահմանաքարեր, քարակոթողներ՝ կլոր, խաչաձեւ։ Պատկերագիրքը երեք լեզուով է՝ ֆրանսերէն, անգլերէն, հայերէն։ Կը կարծեմ՝ մշակութային ժառանգութիւնը սերունդներուն փոխանցելու լաւագոյն ձեւերէն մին պատկերագիրքն է», ըսաւ հաւաքոյթի ընթացքին Բազէ եւ աւելցուց, որ առաջին խաչքարերը 1992 թուականին լուսանկարած է Արցախի մէջ, այնուհետեւ ալ Հայաստանի եւ այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր կան հայկական խաչքարեր։ Պատկերագիրքին մէջ կան լուսանկարներու մասին տեղեկութիւններ, ինչ որ այդ մէկը հասկնալի եւ ընկալելի կը դարձնէ նաեւ օտարերկրացիներուն տեսակէտէ։
Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան հաւաքոյթի ընթացքին նշեց, որ Հրայր Բազէ Խաչերեան արհեստավարժ լուսանկարիչ մըն է, հետազօտող մը, առաջամարտիկ մը։ «Ան կը սաւառնի Հայաստանի լեռներով, եղած է հայկական լեռնաշխարհի բոլոր կէտերուն վրայ եւ իսկապէս բացառիկ աշխատանք մը կը կատարէ», ըսաւ Տէր-Ղեւոնդեան։
Բազէի ընկեր, Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ, մայր ցուցակի եւ ձեռագրագրութեան ցուցակի վարիչ Գէորգ Տէր-Վարդանեանն ալ ելոյթ մը ունեցաւ գինեձօնի ընթացքին։ Ան ըսաւ, որ Բազէի հետ ընկերութիւնը սկսած էր 2001 թուականին։ «Սա իր 14-րդ ալպոմն է։ Ան կը կարողանայ տեսնել կարեւորը։ Վստահ եմ, որ այս գիրքը կրնայ ունենալ գիտական մեծ նշանակութիւն։ Հաւանաբար մօտակայ ժամանակներուն հանրութեան պիտի ներկայացնենք վանք, ձեռագրերու ծննդավայրեր եւ ձեռագրեր բովանդակող նոր պատկերագիրքը, որու վրայ կ՚աշխատինք», շեշտեց Տէր-Վարդանեան։ Բաց աստի, Տէր-Վարդանեան աւելցուց, որ մարդու աչքը միշտ կարօտ է գեղեցիկին, իսկ Բազէ կը կարողանայ ընդգծել եւ պատկերաւոր ներկայացնել այդ գեղեցկութիւնը։ «Միշտ իր կողքին կ՚ըլլամ ի շահ ազգիս հայոց», ըսաւ Տէր-Վարդանեան։
Շնորհանդէսի ընթացքին լուսանկարիչը ցուցադրեց նաեւ կարճատեւ ժապաւէն մը՝ իր կատարած աշխատանքին վերաբերեալ։ Աւելի վերջ ան մանրամասն ներկայացուց այն բոլոր տարածքները, ուր ինք եղած է եւ լուսանկարած՝ խաչքարերը։
Հրայր Բազէ Խաչերեան ծնած է Լիբանանի մէջ։ Տասնմէկ տարեկանէն ի վեր կը հետաքրքրուի լուսանկարչութեամբ։ Ան լուսանկարչական փոքրիկ սարքով նկարած է դասընկերները, ծառերն ու փողոցները։ Ժամանակի ընթացքին այդ զբաղումը մեծ նշանակութիւն ունեցած է Բազէի համար։ Ան թերեւս ամենաշատ եկեղեցիներ նկարած լուսանկարիչն է։ Հայաստան գացած է տակաւին Արցախի գոյամարտի տարիներուն եւ ցայսօր կը շարունակէ լուսանկարչութեան միջոցաւ բացայայտել ու ծանօթացնել հայոց աշխարհը։ Իր ալպոմները կ՚առանձնանան բացառիկ որակով ու միշտ կ՚արժանանան մօտիկ հետաքրքրութեան: