ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ 12-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Հայ բժիշկ­նե­րու 12-րդ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը 31 Մա­յիս-2 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Պուէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ։ Ար­ժան­թի­նի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ նա­խա­տե­սուած այս հա­ւա­քին հա­մար ար­դէն սկսած են նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։ Հա­մա­ժո­ղո­վի հիմ­նա­կան նպա­տակն է՝ հա­մախմ­բել ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ո­լոր­տի աշ­խար­հաս­փիւռ հայ մաս­նա­գէտ­նե­րը՝ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար այս բնա­գա­ւա­ռի վեր­ջին նո­րու­թիւն­ներն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։ Որ­դեգ­րուած նպա­տակ­նե­րէն մին է նաեւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռել գի­տե­լի­քի եւ փոր­ձի փո­խա­նակ­ման հա­մար։

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րու կազ­մա­կեր­պիչ­ներն են՝ FIDEC հիմ­նադ­րա­մը, «Իս­թան­պու­լեան» հիմ­նադ­րա­մը եւ PLAS-ը (Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան լա­տի­նա­մե­րի­կա­հայ ար­հես­տա­վարժ­ներ)։

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017