ԵԸԼՏԸՐԸՄ ԵՒ ՊԱՐԶԱՆԻ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԸ
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։ Նախընթաց օր Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ Պեշթեփէի մէջ հիւրընկալուելէ վերջ, Պարզանի երէկ տեսակցեցաւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ։ Չանքայայի նախագահական ապարանքէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, օրակարգի վրայ եկան տարածքաշըր-ջանէ ներս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցեր։
Պինալի Եըլտըրըմ եւ Մեսուտ Պարզանի մօտաւոր անցեալին հանդիպում մը ունեցած էին Գերմանիոյ մէջ, Միւնիխի 55-րդ միջազգային անվտանգութեան համաժողովի օրերուն։ Այդ տեսակցութենէն շաբաթ մը անց Եըլտըրըմ եւ Պարզանի վերստին տեսակցեցան այս անգամ Անգարայի մէջ։ Անոնց առանձնազրոյցը տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ։ Երկու ղեկավարները միասին ճաշեցին եւ կանգ առին անվտանգութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան բնագաւառներուն վերաբերեալ բոլոր հարցերուն վրայ։ Վարչապետը ընդգծեց Թուրքիոյ վճռակամութիւնը՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ։ Քննարկուեցան՝ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ հասարակաց պայքար մղելու ուղղութեամբ առնուելիք յաւելեալ քայլերը։
Պինալի Եըլտըրըմ եւ Մեսուտ Պարզանի առանձնապէս կանգ առին նաեւ Մուսուլի եւ Սինճարի իրադարձութիւններուն վրայ։ Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը այս շրջանին Իրաքի հիւսիսին կը խտանայ Սինճարի մէջ։ Հետեւաբար, երէկուան զրոյցին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Քանտիլի եւ Սինճարի այս կազմակերպութենէն մաքրագործման հարցը։ ՓՔՔ Սինճարը կ՚օգտագործէ հասնելու համար Սուրիոյ իր շառաւիղին՝ ՓԵՏ-ին։