Է­մի­րա­թեան Փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէն. Նա­խա­րա­րին Հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը

«Իւ­րա­քան­չիւր օր պէտք է հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան օր ըլ­լայ»:

Շատ ան­գամ մար­դիկ ու բա­րե­կամ­ներ հարց տուած են ին­ծի աշ­խա­տան­քա­յին աս­պա­րէ­զիս՝ Աս­տուա­ծա­շուն­չի ըն­կե­րու­թեան եւ Ծո­ցի տա­րած­քաշր­ջա­նի մէջ գոր­ծե­լու կա­րե­լիու­թեան մա­սին, ո­րով­հե­տեւ, եւ հասկ­նա­լի պատ­ճառ­նե­րով, դժուար կ՚ըլ­լայ պատ­կե­րաց­նել, որ իս­լա­մա­կան այս եր­կիր­նե­րը, ո­րոնք ծա­նօթ են նաեւ որ­պէս նոյն այս կրօ­նին հիմ­քը նկա­տուող ոս­տան­ներ, որ­պէս պե­տու­թիւն եւ պե­տա­կա­նու­թիւն, ի­րենց մէջ կրնան ընդգր­կել քրիս­տո­նէա­կան ներ­կա­յու­թիւն:

Բայց եւ այն­պէս ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը կը տար­բե­րին՝ այ­սօ­րուան ի­րա­վի­ճա­կէն մեկ­նե­լով եւ ըն­թա­նա­լով պատ­մու­թեան հո­լո­վոյթ­նե­րուն մէ­ջէն: Այ­սօր կի­սա­պաշ­տօ­նա­կան վի­ճա­կագ­րա­կան տուեալ­նե­րով, մօ­տա­ւո­րա­պէս հինգ մի­լիոն քրիս­տո­նեայ կ՚ապ­րի ու կ՚աշ­խա­տի այս տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ, եւ ա­նոնք կու գան ա­ւե­լի քան հա­րիւր տար­բեր եր­կիր­նե­րէ ու ազ­գու­թիւն­նե­րէ:

Բայց հոս կ՚ար­ժէ բա­նալ փա­կա­գիծ մը, ո­րով­հե­տեւ կայ պատ­մու­թեան ճշմար­տա­ցիու­թիւ­նը եւ փաս­տը այն մա­սին, որ Ծո­ցի այս ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նը կազ­մուած էր քրիս­տո­նեայ եր­կիր­նե­րէ եւ՝ ա­ռա­ջին իսկ դա­րե­րէն սկսեալ: Իս­լա­մա­կան ներ­խու­ժու­մը,  հին­գե­րորդ դա­րէն սկսեալ, կա­մաց-կա­մաց սկսած է տկա­րաց­նել քրիս­տո­նեայ ներ­կա­յու­թիւ­նը, իսկ ին­նե­րորդ դա­րուն ար­դէն քրիս­տո­նեայ ներ­կա­յու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ ան­հե­տա­ցած է: Պատ­մու­թիւ­նը կ՚անդ­րա­դառ­նայ այս ան­հե­տաց­ման քա­նի մը վար­կած­նե­րու: Կար տնտե­սա­կան գոր­ծօ­նը, ուր իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու պար­տադ­րած տու­գան­քը՝ ճի­զան, փոք­րա­թիւ հա­մայնք­նե­րու հա­մար (հրեայ եւ քրիս­տո­նեայ) ստի­պած է քրիս­տո­նեայ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը ար­տա­գաղ­թել, բայց նաեւ են­թար­կած է կրօ­նա­փո­խու­թեան: Պատ­մա­կան տուեալ­ներ նաեւ կը խօ­սին հա­լա­ծանք­նե­րու մա­սին, ո­րոնց են­թար­կուած են քրիս­տո­նեայ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ՝ տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ: Բայց կայ նաեւ ներք­րիս­տո­նէա­կան վար­կա­ծը, ե­կե­ղեցի­նե­րու մի­ջեւ ե­ղած ու ծա­գած հար­ցե­րը՝ աս­տուա­ծա­բա­նա­կան թէ այլ, ո­րոնք մղած են քրիս­տո­նեա­նե­րը՝ ա­ւե­լի «մատ­չե­լի» գտնե­լու իս­լա­մա­կան կրօ­նը ու փա­րե­լու ա­նոր:

Հոս պի­տի գո­ցենք փա­կա­գի­ծը, բայց կան նաեւ ներ­կայ օ­րե­րու տուեալ­նե­րը. այ­սինքն այն,  մնա­ցած են պատ­մու­թեան հետքն ու հիմ­քը՝ տա­կա­ւին շա­րու­նա­կուող քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու յայտ­նա­բե­րու­մը, հնու­թիւն­նե­րու եւ պե­ղում­նե­րուն գոր­ծըն­թա­ցը: Եւ այս՝ ան­կախ ան­կէ, թէ ի՛նչ վար­կած(ներ) պատ­ճառ ե­­ղած են այս շրջան­նե­րէն քրիս­տո­նէու­թեան շո­գիաց­ման:

Այ­սօր քրիս­տո­նեայ ներ­կա­յու­թիւ­նը Ծո­ցի տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ կազ­մուած է, շատ մեծ հա­մե­մա­տու­թեամբ, այ­սինքն ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ՝ օ­տար­նե­րէ (բա­ցի Քուէյ­թի եւ Պահ­րէյ­նի շատ փոքր ազ­գա­յին քրիս­տո­նեայ հա­մայն­քէն), եւ ո­րոնք կազ­մա­կեր­պած են ի­րենց ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քե­րը օ­րի­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կով ու ի­րենց ե­կե­ղե­ցի­նե­րով եւ կա­ռոյց­նե­րով:

Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Տու­պա­յի քա­ղա­քին, ստեղ­ծած են յա­տուկ «հմայք» մը ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին: Հմայ­քին մէջ կայ գրաւ­չու­թիւ­նը, ո­րուն պատ­ճա­ռով ա­ւե­լի քան հա­րիւր եւ քսան­հինգ տար­բեր ազ­գու­թիւն­ներ կ՚ապ­րին հոն: Թէեւ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ են, բայց խոր­քին մէջ աշ­խար­հը մէկ­տե­ղող եր­կիր կը հան­դի­սա­նան: Ու տա­կա­ւին, աշ­խար­հի այս բո­լոր քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու հա­մախմբ­ման վայր ե­ղող այս եր­կի­րը կրցած է ստեղ­ծել հա­մա­կարգ մը, ո­րուն հիմ­քը այս բո­լոր ազ­գու­թիւն­նե­րու եւ ա­նոնց մշա­կոյթ­նե­րու հա­մա­կե­ցու­թիւնն է: Եւ պե­տու­թիւ­նը այս հա­մա­կե­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը ոչ միայն կը քա­ջա­լե­րէ ու կը պաշտ­պա­նէ, այլ նաեւ ա­տի­կա վե­րա­ծած է պե­տա­կան կա­ռոյ­ցի՝ ստեղ­ծե­լով հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը:

***

Ե­րեք­շաբ­թի, 17 Յու­նուար 2017: Ա­պու Տա­պիէն (Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու մայ­րա­քա­ղաք) ե­րե­սուն քրիս­տո­նէա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րով, պե­տա­կան հրա­ւէ­րով ու դա­սա­ւո­րու­մով, յա­տուկ օ­դա­նա­ւով էջք կը կա­տա­րենք Սիր Պա­նի Եաս կղզին, ուր 1994-ին յայտ­նա­բե­րուած են քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղեց­ւոյ մը հնու­թիւն­ներ՝ հին­գե­րորդ դա­րէն մնա­ցած: Մին­չեւ օրս, պե­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Եւ­րո­պա­յէն յա­տուկ մաս­նա­գէտ­ներ եւ հնա­գէտ­ներ կը պե­ղեն, կը խնա­մեն եւ կը պահ­պա­նեն այս ե­կե­ղե­ցա­կան հնու­թիւն­նե­րը:

Ե­թէ տա­րա­ծաշր­ջա­նի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ պատ-­մա­կան-քրիս­տո­նէա­կան մշա­կոյթ­ներ ու կո­թող­ներ կը քան­դուին, Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու մէջ ա­նոնք կը պահ­պա­նուին: Հոս­կէ ալ ըն­թացք ա­ռաւ մեր այ­ցե­լու­թիւն-հա­ւա­քին հիմ­քը:

Շէյ­խա Լուպ­նա Քա­սի­մի նա­խա­րարն է հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան այս պե­տա­կան կա­ռոյ­ցին: Ան ըն­դար­ձա­կեց մեր՝ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան պե­տա­կան հա­յե­ցա­կէ­տը, որ կ՚ընդգր­կէ իս­լա­մա­կան հա­ւատ­քը, պե­տա­կան կա­նո­նագ­րու­թիւ­նը, պատ­մա­կան ա­ւան­դը, բայց նաեւ՝ երկ­րին ու հա­ւա­քա­կա­նու­թեան բա­րո­յա­կան սկզբունք­նե­րը, եւ ուր այդ նոյն բա­րո­յա­կան սկզբունք­նե­րուն մէջ նե­րա­ռած են հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րը: «Ա­մէն օր հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան օր պէտք է ըլ­լայ», ը­սաւ շէյ­խան:

Այս հա­ւա­քին Սիր Պա­նի Եա­սի կղզիին մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լը, քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մա­կան հնու­թիւն­նե­րու մէջ պարզ զու­գա­դի­պու­թիւն չէր, այլ այն պատ­ճա­ռով էր, որ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­նոր ար­ժէ­քը հիմ­նուած են ան­հա­տին ու հա­ւա­քա­կա­նու­թեան ա­ւան­դին ճա­նա­չու­մին եւ պահ­պան­ման վրայ, բայց կայ նաեւ ա­նոր նկատ­մամբ յար­գան­քի գի­տակ­ցու­թիւ­նը: Ե­թէ «ու­րի­շը» պէտք է ըն­դու­նիլ, բայց նաեւ պէտք է տես­նել ա­նոր՝ «ու­րի­շին» ա­ւան­դը: Վեր­ջա­պէս, հա­ւա­քա­կան մեր կեան­քե­րուն եւ շատ ան­գամ ա­նոր հա­կա­դիր կե­ցուածք­նե­րու եւ տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու մէջ «հա­մա­խո­հու­թիւն ստեղ­ծե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը շատ ա­ւե­լի կրնան ըլ­լալ, երբ կայ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը» (Ան­կե­լա Մեր­քէլ, 2017):

Նա­խա­րա­րը հա­ղոր­դա­կան է եւ՝ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու ա­տակ: «Պէտք է ու­նե­նալ դրա­կան կե­ցուածք, բա­ցուիլ մարդ­կու­թեան եւ աշ­խա­տիլ ու յա­րա­բե­րիլ բո­լո­րին հետ: Բայց նաեւ կ՚ար­ժէ գի­տակ­ցիլ, որ ապ­րի­լը այս մեր բազ­մա­թիւ մշա­կոյթ­նե­րը ընդգր­կող  հա­ւա­քա­կա­նու­թեա­նը մէջ՝ հա­մա­զօր է հարս­տու­թեան», ը­սաւ ան:

Նա­խա­րա­րին հարս­տու­թիւ­նը մարդ­կա­յին ար­ժէ­քին գի­տակ­ցու­թեան մէջ ու ա­նոր հա­մար է: Նա­խա­րա­րը կը գի­տակ­ցէր իր պաշ­տօ­նին անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, բայց նաեւ՝ այժ­մէա­կա­նու­թեան, թէ՝ ներ­կայ աշ­խար­հի գլխա­ւոր եւ հրա­տապ հար­ցե­րէն մէկն է  ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը. մար­դիկ, ըն­տա­նիք­ներ, հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն, կրօն-պե­տու­թիւն եւ այլն: Եւ ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան հետ կը յա­ռա­ջա­նայ ա­տե­լու­թիւ­նը, որ ճամ­բայ կը հար­թէ ժխտա­կան կե­ցուած­քի ու առ­ճա­կա­տու­մի: «Մեր գլխա­ւոր նպա­տա­կա­կէ­տը ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը եւ ըն­տա­նիք­ներն են, պէտք է դաս­տիա­րա­կենք զա­նոնք հե­ռու մնա­լու ա­տե­լու­թե­նէ: Եւ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը կը հե­ռաց­նէ մար­դը ժխտա­կան մտա­ծո­ղու­թե­նէ եւ կա­մուրջ­ներ կը հաս­տա­տէ ան­հատ­նե­րու եւ մշա­կոյթ­նե­րու մի­ջեւ», հաս­տա­տեց ան:

Բայց կա­յին իմ մտա­ծում­ներս: Ար­դեօք ու­շա­ցա՞ծ ենք այս բո­լո­րին հա­մար…

Ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը միայն մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան ներ­կայ օ­րե­րու ճգնա­ժա­մը չէ: Այ­սօր ընդ­հան­րա­ցած ե­րե­ւոյթ է, որ նե­րա­ռած է ամ­բողջ  աշ­խար­հը: Չեմ գի­տեր, թէ այս «վի­ճակ­նե­րը» հա­կազ­դե­ցու­թի՞ւն են, թէ՞ այլ բան… Ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թիւն,  ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւն, սկսած են մշա­կոյթ­նե­րու դի­մա­գիծ­ներ փո­խել:

Նա­խա­րա­րը կոչ ուղ­ղեց քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, որ­պէս­զի աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րեն այս ար­շա­ւին, քա­նի որ ե­րե­ւի կը գի­տակ­ցէր, գէթ լռե­լեայն, թէ քրիս­տո­նէա­կան աս­տուա­ծա­բա­նու­թիւ­նը «ու­րի­շը» հասկ­նա­լու եւ ըն­դու­նե­լու գի­տակ­ցու­թեան մէջ է: Ու­րի­շը, որ տար­բեր է ինձ­մէ, քեզ­մէ, եւ որ նոյն­քան ար­ժա­նի է, որ ան-ա­նոնք նաեւ ըն­դու­նուին, այդ ալ՝ ըստ պատ­շա­ճի:

Ե­թէ ուշ է այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւն-մտայ­ղա­ցու­մը, բայց՝ եր­բեք ու­շա­ցած: Եւ ժո­ղովր­դա­յին խօս­քը դի­պուկ է՝ «Ա­ւե­լի լաւ է ուշ, քան եր­բեք»: Ո­րով­հե­տեւ «եր­բե­քը» կը փա­կէ ա­մէն կա­րե­լիու­թիւն, բայց «ու­շը» կրնայ յու­սադ­րել, որ կա­րե­լիու­թիւն­ներ կան՝ պա­տեհ ա­ռի­թը եւ ա­ռիթ­նե­րը ստեղ­ծե­լու, «քիչ» մը շտկե­լու այն հսկայ ա­ւեր­նե­րը, ո­րոնք կը գոր­ծուին մարդ­կա­յին կեան­քե­րու մէջ եւ ա­մէն տեղ…

Եւ չու­շա­ցաւ մեր խմբա­կին յանձ­նա­ռու­թիւ­նը նա­խա­րա­րին, թէ՝ «քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցին Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու մէջ կ՚ու­զէ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րել մի­ջա­վայ­րի մը մէջ, որ ցոյց կրնայ տալ, թէ կրօն­նե­րը, ի­րենց տար­բե­րու­թիւն­նե­րով, պէտք չէ խթա­նեն պա­տե­րազմ­ներ, այլ պէտք է դառ­նան ա­մուր կռուան՝ շի­նե­լու հա­ւա­քա­կան կեան­քե­րը ար­դա­րու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան տես­լա­կա­նով»:

Նա­խա­րա­րին հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը: Ուշ է, բայց եր­բեք ու­շա­ցած: Քա­նի կ՚ար­ժէ հա­ւա­տալ, որ կա­րե­լի է այս ոչ խա­ղաղ ու ա­նար­դար աշ­խար­հին մէջ մէջ­տեղ հա­նել խա­ղա­ղու­թիւն եւ ար­դա­րու­թիւն, թէ­կուզ այդ մէ­կը ըլ­լայ քիչ, բայց ան­պայ­մա­նօ­րէն ըլ­լա­լու հա­մար յու­սադ­րող:

Նա­խա­րա­րին հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը: Ե­թէ նա­խա­րա­րինն է, նաեւ կ՚ար­ժէ որ ըլ­լայ իմս եւ բո­լո­րի­նը: Հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւն մը, ուր «ու­րի­շը» կը տես­նես եւ կ՚ըն­դու­նիս:

Եւ հե­տե­ւե­լով բա­նաս­տեղ­ծին միտ­քին կ՚ար­ժէ ը­նել հա­մե­մա­տա­կա­նը: Այ­սօր աշ­խարհ «հա­ցի, օ­դի եւ ջու­րի նման  պէտք ու­նի» խա­ղա­ղու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան:

Եւ «ՈՒ­ՐԻ­ՇԸ»  հան­դուր­ժե­լը  կրնայ ճամ­բայ բա­նալ՝ կեր­տե­լու հա­մար այս սպա­սուած խա­ղա­ղու­թիւ­նը եւ ար­դա­րու­թիւ­նը:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017