Տքթ. Մինաս Գոճայեանին

Կար­դա­ցինք Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քի Իս­թան­պուլ այ­ցե­լու­թեան վե­րա­բե­րեալ ձեր գրու­թիւ­նը, որ լոյս տե­սած է Պէյ­րու­թի «Զար­թօնք»ի եւ Լոս Ան­ճե­լը­սի «Նոր Օր»ի այ­սօ­րուան թի­ւե­րուն մէջ։ Խո­րա­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք ձեր ար­ձա­գան­գին հա­մար եւ հա­ւա­տա­ցէք՝ սա զուտ քա­ղա­քա­վա­րա­կան մղում­նե­րով չէ։ Լրագ­րա­կան պատ­շա­ճու­թիւն­նե­րով, պէտք էր նախ ձեր յօ­դուա­ծին տեղ տա­յինք եւ ա­նոր ա­ծան­ցէինք մեր պա­տաս­խա­նը։ Բայց եւ այն­պէս, այդ­պէս չենք ը­ներ, ո­րով­հե­տեւ, խոր­քին մէջ, պա­տաս­խան մը չէ որ գրի կ՚առ­նենք այս սիւ­նա­կին մէջ։ Պար­զա­պէս, ձեր յօ­դուա­ծին ի շա­րու­նա­կու­թիւն կ՚ար­տա­յայ­տենք կարգ մը կար­ծիք­ներ։ Դա­տե­լով ձեր գրա­ծի ո­գիէն ու տար­րէն՝ հա­մո­զուած ենք, որ ո­չինչ ու­նինք տե­սա­կէտ­ներ հա­կադ­րե­լու կամ ձե­զի դէմ ընդ­դի­մա­խօ­սե­լու հա­մար։

Մենք խոր գնա­հա­տան­քով ու ե­րախ­տա­շատ զգա­ցում­նե­րով կար­դա­ցինք, թէ որ­քան բազ­մա­կող­մա­նի ծա­ռա­յու­թիւն մը մա­տու­ցած էք ու կը շա­րու­նա­կէք մա­տու­ցել Ե­րու­սա­ղէ­մի Սուրբ Ա­թո­ռին հա­մար։ Այդ բո­լո­րը, բնա­կա­նա­բար, յօ­դուա­ծի ձեր դի­տար­կում­նե­րը կը դարձ­նեն ա՛լ ա­ւե­լի ու­շագ­րաւ եւ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ վե­րա­բեր­մունք կը պար­տադ­րեն ձեր գրած­նե­րուն նկատ­մամբ։

Յար­գե­լի Տքթ. Գո­ճա­յեան,

Հայ մա­մու­լը կը գոր­ծէ որ­պէս աշ­խար­հա­տա­րած ցանց մը եւ իր ծած­կոյ­թին տակ գտնուող լսա­րա­նը նոյն­պէս սփռուած է աշ­խար­հով մէկ։ Սա մեր ի­րա­կա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ թէ՛ ա­ռա­ւե­լու­թիւն մըն է եւ թէ տե­ղին հա­մե­մատ տկա­րու­թիւն մը։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, տուեալ պա­րա­գա­յին եւս ի զօ­րու է այս ե­րե­ւոյ­թը։ Դուք ձեր յօ­դուա­ծը ստո­րագ­րած էք Լոս Ան­ճե­լը­սէն՝ Պոլ­սոյ մէջ հրա­տա­րա­կ-ւած նիւ­թի մը կամ լրա­տուու­թեան մը պա­րա­գա­յին։ Վստահ ենք, ձեր փոր­ձա­ռու­թիւ­նով կրնաք հա­մա­ձայն գտնուիլ, թէ մեր ի­րա­կա­նու­թեան մօտ բա­զում ե­րե­ւոյթ­ներ կըր-նան տար­բեր ըն­կա­լում­ներ ու­նե­նալ տե­ղէ տեղ կամ մի­ջա­վայ­րէ մի­ջա­վայր։ Բնա­կա­նա­բար, լրագ­րա­կան ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թիւ­նը ե­րաշ­խիք մըն է այդ յա­րա­բե­րա­կա­նու­թիւ­նը նուա­զա­գոյ­նի հասց­նե­լու հա­մար, յա­մե­նայն­դէպս ան­կա­րե­լի է վերջ­նա­կա­նօ­րէն յաղ­թա­հա­րել այդ խնդի­րը։ Մեր տպա­ւո­րու­թեամբ, տըւ-եալ պա­րա­գա­յին ըն­կա­լում­նե­րը կամ ե­րե­ւոյթ­նե­րը ո­րոշ չա­փով տար­բե­րու­թիւն կը պար­զեն՝ Լոս Ան­ճե­լը­սէն կամ տեղ­ւոյն վրայ իսկ՝ Պո­լի­սէն դի­տար­կե­լու պա­րա­գա­յին։

Ե­րու­սա­ղէ­մի Նուր­հան Պատ­րիար­քը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն յա­ճա­խա­կիօ­րէն կ՚այ­ցե­լէ Թուր­քիա։ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը փոր­ձած է հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն հե­տե­ւիլ իր այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն։ Չենք ու­զեր ձե­զի հա­կադ­րուիլ, սա­կայն մեր թեր­թին մօ­տե­ցու­մը կամ ձգտու­մը եր­բեք չէ ե­ղած՝ պղտո­րել մթնո­լոր­տը։ Սա քաւ­լի­ցի որ հեր­քում մը ըլ­լար ձեր գրա­ծին դէմ։ Ընդ­հան­րա­պէս, կը խու­սա­փինք սփիւռ­քեան մեր մա­մու­լին մօտ լոյս տե­սած ո­րոշ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով բա­նա­վէ­ճի մէջ մտնե­լէ։ Կը կրկնենք՝ որ ձեր պա­րա­գա­յին, ա­ռա­ւել եւս, չենք փա­փա­քիր վէ­ճի մը բռնուիլ, սա­կայն ե­թէ «ա­մէն մարդ պէտք է զբա­ղի իր տան բա­կի մաք­րու­թեամբ», ա­պա այդ մաք­րու­թիւ­նը հասկ­նա­լիօ­րէն պի­տի կա­տա­րէ իր իսկ գիտ­ցած ձե­ւով։

Շրջա­հա­յեաց, հե­ռա­տես եւ ի­մաս­տուն ազ­գա­յին գոր­ծի­չի մը մտայ­նու­թեամբ մատ­նան­շած էք, որ կա­լուած­նե­րու վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րը կը պա­հան­ջեն գաղտ­նա­պա­հու­թիւն։ Ճիշդ է, կը բաժ­նենք ձեր մօ­տե­ցու­մը։ Հա­մա­միտ ենք ձե­զի սկզբուն­քա­յին ա­ռու­մով։ Մե­տայ­լի միւս ե­րե­սա­կին, սա­կայն, հա­շուի կ՚առ­նենք նաեւ, որ այդ սկզբուն­քը գործ­նա­կան գետ­նի վրայ ի՞նչ դրսե­ւո­րում­ներ կ՚ու­նե­նայ։ Մենք ո­րե­ւէ կան­խա­կալ կար­ծիք կամ անվս­տա­հու­թիւն չու­նինք Ե­րու­սա­ղէ­մի Նուր­հան Պատ­րիար­քին դէմ։ Մեր թեր­թին մէջ իր Պո­լիս կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձենք ցո­լաց­նել հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն։ Մին­չեւ այ­սօր իր քա­նի-քա­նի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն մա­սին գրած ենք եւ չենք բա­ցա­ռեր նաեւ, որ ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած կրնան ըլ­լալ այլ այ­ցե­լու­թիւն­ներ, ո­րոնց մա­սին տե­ղե­կա­ցած իսկ կրնանք չըլ­լալ։

Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին մեր թեր­թին մէջ քա­նիցս մատ­նան­շած ենք, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քը, որ­պէս այդ­պի­սին, «հա­սա­րակ մահ­կա­նա­ցու» մը չէ մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Հա­մայն հա­յու­թեան տե­սա­կէ­տէ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան մըն է ան։ Հե­տե­ւա­բար, իր իւ­րա­քան­չիւր տե­ղա­շար­ժը, իր Ա­թո­ռէն իւ­րա­քան­չիւր բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը, վստահ ենք՝ կը հա­մա­ձայ­նիք, սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ մը չէ։ Ա­ռա­ւել եւս, երբ ան կ՚այ­ցե­լէ մեր եր­կի­րը՝ Թուր­քիա, սա ար­դէն կրկնա­կի հե­տաքրք­րա­կան կը դառ­նայ։

Որ­պէս լրագ­րող՝ երբ մուտք կը գոր­ծէք Պոլ­սոյ կեդ­րո­նի հնգաստ­ղա­նի պան­դոկ­նե­րէն ներս ու երբ մուտ­քաս­րա­հին մէջ կը տես­նէք Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քը, ձեր կար­ծի­քով, սա սո­վո­րա­կա՞ն ե­րե­ւոյթ պէտք է ըն­կա­լուի։ Բնա­կա­նա­բար, մեր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը այս­քան մա­կե­րե­սա­յ­­նու­թեամբ չենք կա­տա­րեր։ Նուր­հան Պատ­րիար­քի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ Ե­րու­սա­ղէ­մէն մե­զի կը հաս­նին զա­նա­զան ան­հանգս­տա­ցու­ցիչ պնդում­ներ, իսկ տեղ­ւոյն վրայ՝ մեր հա­մայն­քէն ներս՝ պոլ­սա­հայ շրջա­նակ­նե­րէն ներս ան­մի­ջա­պէս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը մտնեն զա­նա­զան լսում­ներ։ Մենք այդ բո­լո­րին մա­սին գրե­թէ ո­չինչ կը հա­ղոր­դենք՝ այն պարզ պատ­ճա­ռով, որ անհ­րա­ժեշտ բա­ւա­րար տուեալ­նե­րը չենք ու­նե­նար մեր տրա­մադ­րու­թեան տակ եւ ճիշդ ձեր գրա­ծին նման՝ չենք փա­փա­քիր մթնո­լոր­տը պղտո­րել։ Բա­րի ե­ղէք հասկ­նալ, որ ա­ռանց այդ պնդում­նե­րուն եւ լսում­նե­րուն տե­ղի տա­լու՝ երբ Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քի այ­ցե­լու­թեան լու­րը կը հա­ղոր­դենք, ա­պա մթնո­լոր­տը ինք­նա­բե­րա­բար կը պղտո­րի։ Ար­դա­րեւ, Նուր­հան Պատ­րիարք կը գա­հա­կա­լէ շուրջ եր­կու­քու­կէս տա­րիէ ի վեր, քա­նիցս այ­ցե­լած է Պո­լիս եւ ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք՝ տա­կա­ւին պաշ­տօ­նա­պէս «Հրա­շա­փառ»ով մուտք չէ գոր­ծած մեր Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղե­ցին։ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րա­նէն ան­պաշ­տօն ձե­ւով հաս­տա­տած ենք, որ Նուր­հան Պատ­րիարք չկա­մու­թիւն կը դրսե­ւո­րէ այս ուղ­ղու­թեամբ։ Պատ­ճառ­նե­րը կը մնան ան­յայտ։

Շատ պարզ ու հասկ­նա­լի է, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի Սուրբ Ա­թո­ռին պատ­կա­նող կա­լուած­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման հե­տա­մուտ ե­ղած է Նուր­հան Պատ­րիարք։ Ա­ւե­լի՛ն, ինք այդ հար­ցե­րով զբա­ղե­լու սկսած էր տա­կա­ւին հո­գե­լոյս Թոր­գոմ Պատ­րիարք Մա­նու­կեա­նի վախ­ճա­նու­մէն ա­ռաջ։ Նման վար­չա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու մէջ հա­սա­րա­կու­թե­նէն խորհր­դա­պա­հու­թիւն պա­հան­ջել կա­րե­լի է՝ ե­թէ ա­մէն ինչ թա­փան­ցիկ եւ հա­մո­զիչ ձե­ւով յա­ռաջ կը տա­րուի։ Հան­րա­յին կար­ծի­քին առ­ջեւ թա­փան­ցիկ եւ հա­մո­զիչ ըլ­լալ չի նշա­նա­կեր խորհր­դա­պա­հու­թե­նէ հե­ռա­նալ կամ ներ­քին խո­հա­նո­ցա­յին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը այն­պէս մը մա­տու­ցել, որ որ­դեգ­րուած նպա­տակ­նե­րը են­թար­կուին վտան­գի։ Նուր­հան Պատ­րիարք, չենք գի­տեր ին­չու, կը նա­խընտ­րէ աշ­խա­տիլ մշու­շի մը ե­տին։ Ան ոչ թէ տար­րա­կան լու­սա­բա­նու­թիւն մը տալ կը նա­խընտ­րէ, այլ կը փոր­ձէ բա­ցա­յայ­տել իր այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն մա­սին ան­պաշ­տօն տե­ղե­կու­թիւն­ներ տա­րա­ծող աղ­բիւր­նե­րը ու նոյ­նիսկ կը ձգտի ա­նոնց դէմ հա­րուած հասց­նել։ Սա լուրջ, հե­ռա­տես եւ շրջա­հա­յեաց հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դի մը յա­րիր վա­րուե­լա­կերպ չէ։ Նուր­հան Պատ­րիար­քի Պո­լիս իւ­րա­քան­չիւր այ­ցե­լու­թիւ­նը ե­թէ ինք­նա­բե­րա­բար կը պղտո­րէ մթնո­լոր­տը, ե­թէ հար­ցը հա­սած է այդ փու­լին, ա­պա Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թիւ­նը ին­չո՞ւ չի մտա­ծեր այլ վե­րա­բեր­մունք ցու­ցա­բե­րե­լու եւ տար­րա­կան տե­ղե­կու­թիւ­նով մը հան­րու­թեան հե­տաքրք­րու­թիւ­նը յա­գեց­նե­լու մա­սին։ Մնաց որ, ան թէ­կուզ այս­պէ­սով կրնայ կար­ճել նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Սրբոց Յա­կո­բեանց վան­քէն ներս ծա­գած հար­ցա­կան­նե­րը։

Յար­գե­լի Տքթ. Գո­ճա­յեան,

Մենք կը հասկ­նանք, որ դուք բա­րի մղում­նե­րով, բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թեամբ ստո­րագ­րած էք ձեր յօ­դուա­ծը։ Ձե­զ կը վստա­հեց­նենք, որ մենք ալ նոյն բա­րի ու դրա­կան ցան­կու­թիւն­նե­րով կը վե­րա­բե­րինք Ե­րու­սա­ղէ­մի մեր Սուրբ Ա­թո­ռին նկատ­մամբ եւ մեր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը կը բխին ա­նոր հան­դէպ մեր ժո­ղո­վուր­դին ու­նե­ցած վառ հե­տաքրք­րու­թե­նէն։ Այս բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը տա­լու ժա­մա­նակ մեր նպա­տա­կը չէ ձե­զ ա­նե­լի մատ­նել, սա­կայն հա­մես­տօ­րէն կը յի­շեց­նենք նաեւ ու­րիշ ման­րա­մաս­նու­թիւն մը։ Աշ­խար­հի բո­լոր մեծ քա­ղաք­նե­րուն մէջ գրե­թէ բո­լո­րին յայտ­նի կ՚ըլ­լան այն բարձ­րաշ­խար­հիկ պան­դոկ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց եր­դի­քը կը տրա­մադ­րեն աշ­խա­տան­քա­յին նպա­տակ­նե­րու կամ զբօ­սաշր­ջա­կան-ժա­ման­ցի նպա­տակ­նե­րու հա­մար։ Ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ ա­նոնք կ՚ու­նե­նան շատ հա­սա­րա­կաց կող­մեր, սա­կայն ո­րոշ ա­ռում­նե­րով ալ ի­րար­մէ կը տա­րան­ջա­տուին։ Պոլ­սոյ մէջ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու հա­մար սո­վո­րա­բար օգ­տա­գոր­ծուած հնգաստ­ղա­նի պան­դոկ­նե­րը ծա­նօթ են։ Ա­նոնք ալ ու­նին հիւ­րեր կամ մաս­նա­գէտ­ներ ըն­դու­նե­լու բա­ւա­րար պայ­ման­ներ եւ Նուր­հան Պատ­րիարք մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը կը նա­խընտ­րէր ի­ջե­ւա­նիլ այդ իսկ պան­դոկ­նե­րուն մէջ։ Իսկ վեր­ջին շրջա­նին ան սկսաւ աս­տի­ճա­նա­բար հե­ռա­նալ քա­ղա­քի կեդ­րո­նէն եւ իր ուղ­ղու­թիւ­նը թե­քեց դէ­պի Վոս­փո­րի Եւ­րո­պա­կան ա­փը, ուր հաս­տա­տուած պան­դոկ­նե­րուն մէջ ալ թէեւ կա­րե­լի է աշ­խա­տիլ, սա­կայն ա­նոնք ա­ռա­ւել եւս կը դա­սուին՝ որ­պէս զբօ­սաշր­ջու­թեան-ժա­ման­ցի գօ­տի­ներ։ Հե­տե­ւա­բար, Նուր­հան Պատ­րիարք կ՚ե­րե­ւի ի զօ­րու է առ­նուազն իր նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կշռա­դա­տե­լու։

Պո­լիս քա­ղաք մըն է, ուր աշ­խու­ժօ­րէն կը գոր­ծէ հայ մա­մու­լը։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քը կ՚ե­րե­ւի այս հան­գա­ման­քին ալ ծա­նօթ է, ո­րով­հե­տեւ այդ­քա­նը գիտ­նա­լու հա­մար անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը չկայ բարձր մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րու։ Նուր­հան Պատ­րիարք զուտ իր փոր­ձա­ռու­թիւ­նով ալ գի­տէ այդ մա­սին, ո­րով­հե­տեւ ան­ցեա­լի մէջ մենք ու­նե­ցած ենք պա­տի­ւը իր հետ հան­դի­պե­լու։ Ե­կէք-տե­սէք, որ Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թիւ­նը լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ա­ռիթ­նե­րը կը ծա­ռա­յեց­նէ ոչ թէ Սուրբ Ա­թո­ռի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը բիւ­րե­ղաց­նե­լու նպա­տա­կին, այլ կը նա­խընտ­րէ բամ­բա­սանք­ներ տա­րա­ծել իր հո­գե­ւոր եղ­բայր­նե­րու հաս­ցէին։ Այս գոր­ծե­լաո­ճը չա­փա­զանց կը դժուա­րաց­նէ մեր աշ­խա­տան­քը։ Վստա­հա­բար դուք հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ուն­ցած ըլ­լաք Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թեան հետ լե­զու գտնե­լու, քա­նի որ թուար­կած էք Ե­րու­սա­ղէ­մի Սուրբ Ա­թո­ռին հա­մար ձեր ստանձ­նած պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րը՝ մա­նա­ւանդ, որ կը շա­րու­նա­կէք խմբագ­րել «Սիոն»ը։

Իբ­րեւ հայ մամ­լոյ հա­մեստ սպա­սա­ւոր՝ ձեզ­մէ կը խնդրենք, որ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն գոր­ծակ­ցի ձեր կար­գա­վի­ճա­կով խոր­հուրդ­ներ փո­խան­ցէք Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թեան։ Մենք չենք փա­փա­քիր կա­ցի­նա­հա­րել Նուր­հան Պատ­րիար­քի հե­տա­մուտ ե­ղած գոր­ծը։ Մեր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը իր աշ­խա­տան­քը խո­չըն­դո­տե­լու նպա­տակ չեն հե­տապն­դեր։ Պար­զա­պէս, մա­մու­լի հետ յա­րա­բե­րուե­լու տար­րա­կան պայ­ման­նե­րը երբ որ չեն յար­գուիր՝ ա­կա­մայ կը ստեղ­ծուի փա­կու­ղի մը։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թիւ­նը հաս­տա­տու­թիւն մըն է։ Ինչ­պէս ձեր յօ­դուա­ծին մէջ ալ մատ­նան­շած էք՝ հաս­տա­տու­թիւն­ներ ար­հես­տա­վարժ մաս­նա­գէտ­ներ կը վար­ձեն ի­րենց գոր­ծե­րու հե­տապնդ­ման հա­մար։ Ճիշդ այս կէ­տին վրայ կը բիւ­րե­ղա­նայ նաեւ մեր հար­ցադ­րու­մը։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Սուրբ Ա­թո­ռի գոր­ծե­րը ի՞նչ մտայ­նու­թիւ­նով կ՚ա­ռաջ­նոր­դուին, որ Նուր­հան Պատ­րիարք կը պար­տա­ւո­րուի շա­րու­նակ Պո­լիս այ­ցե­լել՝ կա­լուած­նե­րու հար­ցե­րով։ Սա հաս­տա­տու­թեան մը տես­քին խո­տոր կը հա­մե­մա­տի։ Ե­թէ պատ­րիար­քի յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը ստի­պո­ղու­թե­նէ մը կը յա­ռա­ջա­նան, ա­պա կը նշա­նա­կէ՝ որ որ­պէս գոր­ծա­կից ընտ­րուած մաս­նա­գէտ­նե­րու պա­րա­գա­յին խնդիր­ներ կան։ Այ­լա­պէս պատ­րիար­քը պի­տի չպար­տա­ւո­րուէր յա­ճա­խա­կիօ­րէն Պո­լիս գա­լու։ Իսկ ե­թէ Նուր­հան Պատ­րիար­քին հա­մար հա­ճե­լի է պար­բե­րա­բար այ­ցե­լել Պո­լիս, ա­պա այս­տեղ ալ ան­հասկ­նա­լի ո­չինչ կայ։ Սա պատ­մա­կան, գե­ղա­տե­սիլ քա­ղաք մըն է, որ ա­մէն տա­րի մի­լիո­նա­ւոր զբօ­սաշր­ջիկ­ներ կը հիւ­րըն­կա­լէ։ Նուր­հան Պատ­րիարքն ալ, բնա­կա­նա­բար, ի­րա­ւունք ու­նի զբօս­նե­լու եւ ըստ իր կա­մե­ցո­ղու­թեան ընտ­րե­լու կամ նա­խընտ­րե­լու զբօ­սան­քի վայ­րը։ Մեր քննա­դա­տա­ծը այն է, որ կա­լուած­նե­րու խնդի­րը կը ծա­ռա­յե­ցուի զբօ­սան­քի հա­մար որ­պէս հիմ­նա­ւո­րում։ Կրնայ ըլ­լալ, որ այդ տպա­ւո­րու­թիւ­նը սխալ դուրս գայ։ Բայց, Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քը ին­չո՞ւ կը յա­մա­ռի պարզ քայլ մը չառ­նել այդ տպա­ւո­րու­թիւ­նը փո­խե­լու հա­մար ու կը նա­խընտ­րէ բո­լո­րո­վին այլ ճա­նա­պար­հով մը ըն­թա­նալ։

Յար­գե­լի Տքթ. Գո­ճա­յեան,

Հուսկ ձեր բարձր նկա­տառ­ման յանձ­նել կ՚ու­զենք հե­տե­ւեալ հան­գա­ման­քը։ Իւ­րա­քան­չիւրս նախ եւ ա­ռաջ մեր տան բա­կի մաք­րու­թեամբ զբա­ղե­լու ժա­մա­նակ չենք կրնար ա­նու­շադ­րու­թեան են­թար­կել ի­րա­րու վի­ճա­կը։ Ճիշդ է, որ բո­լորս նախ եւ ա­ռաջ պա­տաս­խան­տու ենք մեր իսկ բա­կի մաք­րու­թե­նէն, սա­կայն ե­թէ այդ մօ­տե­ցու­մը մե­զ պի­տի տա­նի դէ­պի ի­րա­րու նկատ­մամբ ան­տար­բե­րու­թիւն, ա­պա այդ կէ­տին վրայ ան­գամ մը եւս մտա­ծենք։

Ե­րա­նի, ձեր գրա­ծին նման, ըլ­լար գե­րա­գոյն ազ­գա­յին մար­մին մը, ո­րու առ­ջեւ հա­շուե­տու ըլ­լա­յինք բո­լորս։ Բայց այդ մար­մի­նը չկայ։ Ու ե­թէ չկայ՝ ա­պա ի՞նչ պի­տի ը­նենք։ Մին­չեւ որ օր մը այդ ե­րա­նե­լի մար­մի­նը ստեղ­ծուի, եւ մին­չեւ այդ փու­լը մենք ա­ռաջ­նոր­դուինք Նուր­հան Պատ­րիար­քին ձե­ւով, ա­պա եր­բեք պի­տի չկա­րե­նանք հաս­նիլ այդ ե­րա­նե­լի օ­րուան, ո­րով­հե­տեւ հա­շուե­տու ըլ­լա­լիք բան մը պի­տի չմնայ։ Գե­րա­գոյն ազ­գա­յին մար­մի­նի մը կա­րի­քը որ­քան որ ալ անհ­րա­ժեշտ ըլ­լայ, հա­շուե­տուու­թեան պա­րա­գան նախ եւ ա­ռաջ խղճի եւ բա­րո­յա­գի­տու­թեան խնդիր մըն է՝ ա­ռա­ւել եւս, պատ­րիար­քի մը պա­րա­գա­յին։ Վեր­ջաց­նե­լով՝ կրկին կը խնդրենք՝ որ Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թեան հետ ձեր ու­նե­ցած աշ­խա­տան­քա­յին փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, յա­րա­բե­րու­թիւ­նը ծա­ռա­յեց­նէք խոր­հուրդ­ներ փո­խան­ցե­լու հա­մար իր նկա­տառ­ման։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Նուր­հան Պատ­րիար­քի գոր­ծե­լաո­ճը պատ­մու­թեան առ­ջեւ պի­տի չար­դա­րա­նայ՝ մա­մու­լի դէմ աս­պա­րէզ կար­դա­լով։ Իր աշ­խա­տան­քը պատ­մու­թեան կշիռ­քին վրայ պի­տի դրուի՝ մա­մու­լին ցո­լա­ցած տուեալ­նե­րով եւ իր պատ­րիար­քու­թեան շրջա­նին հա­սա­րա­կու­թեան մա­տու­ցուած հա­մո­զիչ տուեալ­նե­րով։

Կրկին ձե­զի շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք՝ ձեր գրա­ծին հա­մար ու կը վստա­հեց­նենք, որ այդ մէ­կը հե­տաքրք­րու­թեամբ ըն­թեր­ցուած է մեր կող­մէ։ Մեր յօ­դուա­ծը պա­տաս­խան մը չէ ձեր գրա­ծին դէմ, այլ Նուր­հան Պատ­րիար­քի գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ մեր դի­տար­կում­նե­րը ե­կած ենք միաց­նել ձեր ը­սած­նե­րուն։

Պո­լի­սէն յար­գան­քով կ՚ող­ջու­նենք ձե­զ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017