ԶՈՒԱՐՃԱԼԻ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՏԻԿՆԻԿՆԵՐ

Ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տի թան­գա­րա­նին մէջ, ի թիւս կարգ մը հայ­կա­կան ծի­սա­կան, ժո­ղովր­դա­կան, ա­ւան­դա­կան տիկ­նիկ­նե­րու, կայ նաեւ զուար­ճա­լի տիկ­նիկ մը, ո­րուն ա­նունն է Ակ­լա­տիզ կամ Պաս պա­պիկ: Հե­տաքրք­րա­կան պատ­մու­թիւն մը ու­նի Ակ­լա­տիզ տիկ­նի­կը: Այ­սօր, ժո­ղովր­դա­կան տօ­նե­րու վե­րա­զար­թօն­քին եւ իւ­րո­վի տօ­նե­լու ե­րե­ւոյ­թին հետ միա­սին շատ վայ­րե­րու մէջ՝ դպրոց­նե­րէն ներս, տու­նե­րու մէջ, կրկին կը պատ­րաս­տեն Ակ­լա­տի­զը եւ ամ­բողջ Պահ­քի շրջա­նին կը կա­խեն ա­ռաս­տա­ղէն կամ պա­տու­հա­նի մը մօտ կը դնեն:

«Ակ­լա­տի՜զ, բռնե­բի­բի՜զ, ե­կար մեզ հիւր, կա­խուար եր­դի­ս».

Այս­պէս կ­­՚եր­գէին մա­նուկ­նե­րը՝ Մեծ պահ­քի շրջա­նին Ակ­լա­տիզ տիկ­նի­կը տան եր­դի­քէն կա­խե­լով:

Հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան պահ­քի շրջա­նի Ակ­լա­տիզ տիկ­նի­կը կը պատ­րաս­տէին տնա­յին հում­քե­րէ: Ա­նոր մար­մի­նը կազ­մուած էր գլուխ սո­խէ (գետ­նախն­ձո­րէ կամ խմո­րագն­դի­կէ), ո­րուն վրայ խրուած կ­­՚ըլ­լար եօ­թ փե­տուր: Եօթ փե­տուր­նե­րը խորհր­դան­շա­կան օ­րա­ցոյ­ցի դեր կը կա­տա­րէին եւ կը խորհրդան­շէին պահ­քի եօ­թ շա­բաթ­նե­րը:

 Հայ­կա­կան զա­նա­զան հին բնա­կա­վայ­րե­րու մէջ այդ փե­տուր­նե­րը գոյնզ­գոյն կ­­՚ըլ­լա­յին կամ՝ չոր­սը ճեր­մակ, մէ­կը՝ սեւ ու ճեր­մակ, եր­կու­քը՝ սեւ, քա­նի որ պահ­քի ա­ռա­ջին չորս շա­բաթ­նե­րը ձմրան շրջա­նին կը զու­գա­դի­պին, վեր­ջին ե­րե­քը՝ գար­նան, երբ գե­տի­նը ար­դէն սեւ­ցած է: Ա­մէն շա­բա­թա­վեր­ջին մէկ փե­տու­րը կը հա­նէին:

Ակ­լա­տի­զը ա­րա­կան սե­ռի տիկ­նիկ էր, ա­նոր վրայ կը գծէին պեխն ու մօ­րու­քը, տղա­մար­դու հա­գուս­տը, իսկ աջ ու ձախ պար­զած թե­ւե­րէն քա­րեր կա­խուած կ՚ըլ­լա­յին: Տիկ­նի­կի ոտ­քե­րուն տակ նաեւ կծու պղպեղ կը կա­խէին:

Մեծ պահ­քի ամ­բողջ ըն­թաց­քին ան կը հսկէր, որ­պէս­զի ըն­տա­նի­քին մէջ ոչ ոք խախ­տէր պահ­քը: Հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին պա­տի­ժը չէր ու­շա­նար. ըստ ա­ւան­դու­թեան, ան քա­րե­րով կը հա­րուա­ծէր պահ­քը խախ­տո­ղը, կամ ալ կծու պղպե­ղով կը վա­ռէր ա­նոր բե­րա­նը:

Այս իւ­րա­յա­տուկ օ­րա­ցոյց-շա­բա­թա­ցոյ­ցին վրա­յէն վեր­ջին՝ եօթ­նե­րորդ փե­տու­րը կը հա­նէին Զատ­կի Շա­բաթ օ­րը եւ յա­ջորդ օ­րը կը տօ­նէին Զա­տի­կը՝ Սուրբ Յա­րու­թեան տօ­նը: Վեր­ջին փե­տու­րը իւ­րա­յա­տուկ կ­­՚ըլ­լար: Զայն սո­խին մէջ ամ­րաց­նե­լէ ա­ռաջ կը կոտ­րէին եւ այդ փե­տու­րը կ­­՚ա­նուա­նէին «կաղ ձիա­ւո­ր»: Պատ­ճառն այն էր, որ պահ­քի վեր­ջին շա­բա­թը շատ դան­դաղ կ­­՚ըն­թա­նար, քա­նի որ ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէին տօ­նին:

Պահ­քի եօ­թ շա­բաթ­նե­րուն ըն­թաց­քին տաք տան մէջ կա­խուած սո­խը կամ գետ­նախն­ձո­րը ծիլ կու տար: Զա­տի­կին, երբ Ակ­լա­տի­զը ա­ռաս­տա­ղէն կ՚ի­ջեց­նէին, այդ ա­ճած ծի­լը կը կտրէին եւ կը նե­տէին Զատ­կուան օ­րը ե­փուող ճա­շին մէջ:

Հայ­կա­կան զա­նա­զան շրջան­նե­րուն մէջ Ակ­լա­տիզ տիկ­նի­կը այլ ա­նուն­ներ ու­նե­ցած է՝ Ա­խե­լուծ, Գո­գո­ռոզ, Ֆռիգ, Խա­խա­լիճ, Խո­լո­ճիկ, Մռմռաս, Ագ­լա­տի­դիզ, Պաս բեկ, Ախ­լոճ, Կո­կո­րիճ, Ա­խա­ցե­լի եւ այլն:

Ե­րե­ւա­նի Ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տի թան­գա­րա­նին մէջ Ակ­լա­տիզ տիկ­նի­կի կող­քին կա­խուած է նաեւ ա­նոր կի­նը՝ Ու­տիս մեծ մայ­րի­կը: Հին ժա­մա­նակ Ու­տիս մեծ մայ­րիկ տիկ­նի­կը (որ ա­մէն բան ու­տել թոյ­լատ­րող խորհր­դան­շա­կան կեր­պարն է) եւ Ակ­լա­տիզ մեծ հայ­րի­կը կռիւ կ­­՚ը­նէին Պահ­քէն մէկ օր ա­ռաջ՝ Բա­րե­կեն­դա­նի օ­րը եւ կը յաղ­թէր Ակ­լա­տի­զը: Ու­տիս Մեծ մայ­րը ժո­ղովր­դա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րուն հա­մա­ձայն շե­րե­փը ձեռ­քին, գեր կին մըն էր, իսկ Ակ­լա­տիզ մեծ հայ­րը՝ նի­հար ու ձիգ ծե­րու­նի մը:

Պահ­քի եօ­թ շա­բաթ­նե­րուն ըն­թաց­քին մե­ծե­րը Ակ­լա­տիզ տիկ­նի­կով վախ­ցու­ցած են պզտիկ­նե­րը, բան մը, որ տա-­րա­ծուած էր հին ժա­մա­նակ՝ այս ինչ բա­նը չը­նես՝ հաւ­կիթ չու­տես, ե­թէ ոչ Ակ­լա­տի­զը կ­­՚իջ­նէ եւ կը տա­նի քեզ: Այ­սօր ան­շուշտ, վախց­նե­լու տար­րը այ­լեւս գո­յու­թիւն չու­նի Ակ­լա­տի­զին մէջ, ան ա­ւե­լի տօ­նա­կան, խորհր­դան­շա­կան կեր­պար մըն է, եր­բեմն նաեւ զուար­ճա­լի՝ իր սոխ-մարմ­նով, փե­տուր­նե­րով, քա­րե­րով եւ ոտ­քե­րուն տա­կէն կա­խուած պղպե­ղով:

Ե­րա­խա­նե­րը ան­համ­բեր կը սպա­սէին պահ­քի ա­ւար­տին, որ­պէս­զի վար ի­ջեց­նէին Ակ­լա­տի­զը, տա­նէին նե­տէին ջու­րը եւ ը­սէին.

Ձմեռն ան­ցաւ, գա­րունն ե­կաւ,

Պա­սը գնաց, Ու­տիսն ե­կաւ,

Քա­շուէ՛, կոր­սուէ՛, Զա­տիկն ե­կաւ:

Տի՜զ-տի՜զ,

Ակ­լա­տի՜զ…

Ինչ­պէս Ակ­լա­տի­զը կո­չուած է զա­նա­զան ա­նուն­նե­րով, զա­նա­զան բնա­կա­վայ­րե­րու մէջ նոյն­պէս նաեւ Մեծ պահ­քը զա­նա­զան ա­նուն­ներ ու­նէր. օ­րի­նակ՝ Ա­ղուցք (Մու­սա լեռ), Ջոջ պաս (Հարք), Քա­ռաս­նոր­դա­կան եւ Ճոչ պաղս (Ար­ճակ) եւ այլն:

Նա­խի­ջե­ւան­ցի­նե­րը Մեծ պահ­քը անուա­նած են Ա­ղացք, աղ ու հաց: Ա­նոնք միայն բան­ջար, աղ­ցան, խա­շիլ եւ այլ կե­րա­կուր­ներ կ­­՚ու­տէին: Իսկ ա­ռաս­տա­ղէն կա­խուած փե­տու­րէ տիկ­նի­կը կ՚անուա­նէին մռմռաս:

Հա­յոց մէջ, Մեծ պահ­քի շրջա­նին ե­ղած են գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թիւն­ներ: Հա­յե­րը այդ օ­րե­րուն շնոր­հա­ւո­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէին եւ նուի­րա­տուու­թիւն­ներ կ­­՚ը­նէին: Պահ­քի ա­ռա­ջին շաբ­թուան ա­ռա­ջին Եր­կու­շաբ­թի օ­րը նո­ր փե­սան օ­ղի բռնած կ­­՚եր­թար շնոր­հա­ւո­րե­լու ա­նե­րոջ ու զո­քան­չին Մեծ պահ­քը: Պահ­քի առ­թիւ ի­րա­րու կ­­՚այ­ցե­լէին ու կը շնոր­հա­ւո­րէին գրե­թէ բո­լո­րը: Մա­նա­ւանդ խնա­մի­նե­րու մի­ջեւ տա­րա­ծուած էր պահ­քի կե­րա­կուր­նե­րէ բաղ­կա­ցած «սե­ղան­նե­ր» ու­ղար­կե­լու սո­վո­րոյ­թը: Ջա­ւախ­քի մէջ ի­րա­րու տու­ներ կ­­՚այ­ցե­լէին եր­կու գլխա­ւոր նպա­տա­կով, նախ՝ շնոր­հա­ւո­րե­լու Մեծ պահ­քը, ա­պա՝ փոր­ձե­լու ի­րենց բախ­տը եւ ու­շա­դիր հե­տե­ւե­լու, թէ ինչ­պէ՞ս պի­տի հիւ­րա­սի­րեն զի­րենք եւ ին­չի՞ մա­սին պի­տի խօ­սին: Պա­տա­հա­կան չէ, որ ջա­ւա­խա­հա­յե­րը այդ օ­րը «բախտ փոր­ձու­կ» կը կո­չէին:

Նշա­նուած աղջ­կան սկես­րանք (կե­սայ­րը իր ըն­տա­նի­քով ու մեր­ձա­ւոր ազ­գա­կան­նե­րով), կա­ղին­ներ եւ շա­գա­նակ­ներ ա­ռած, կ­­՚այ­ցե­լէին հարս­նա­ցուին տու­նը, ուր կաղ­նի խա­ղով («ջուխտ է, թէ՞՝ վար­դ») եւ այլ խա­ղե­րով տօ­նա­կան մթնո­լորտ կը ստեղ­ծէին: Վեր­ջա­ւո­րու­թեան կ­­՚ընթ­րէին եւ ուշ ե­րե­կո­յեան կը վե­րա­դառ­նա­յին ի­րենց տու­նե­րը:

Սիւ­նի­քի մէջ Մեծ պահ­քի ա­ռա­ջին օ­րը, ե­րե­կո­յեան, նո­ր փե­սա­նե­րը ա­նակն­կալ կեր­պով կ՚այ­ցե­լէին ի­րենց ա­նե­րուն տու­նե­րը՝ հիւ­րա­սի­րուե­լու ակն­կա­լի­քով: Գան­ձա­կի մէջ տղա­մար­դիկ եւ տա­րեց կի­ներ, խնձոր­ներ ու կիտ­րոն­ներ ա­ռած, փո­խա­դար­ձա­բար կ­­՚այ­ցե­լէին ի­րա­րու: Նո­ր փե­սան ան­պայ­ման կ­­՚այ­ցե­լէր զո­քան­չին եւ զայն կը շնոր­հա­ւո­րէր ձեռ­քը համ­բու­րե­լով: Վեր­ջինս կը համ­բու­րէր փե­սա­յին ճա­կա­տը եւ զոյգ մը գուլ­պայ կը նուի­րէր ի­րեն:

Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ձիա­խա­ղեր կը կազ­մա­կեր­պէին, իսկ աղ­ջիկ­ներն ու նո­ր հար­սե­րը կը նա­խընտ­րէին ճլոր­թի խա­ղը: Այդ խա­ղե­րը եր­բեմն լուրջ ա­ռիթ­ներ կը ստեղ­ծէին նոր ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րու եւ սի­րա­յին խոս­տո­վա­նու­թիւն­նե­րու:

Մեծ պա­սի ա­ռա­ջին շա­բա­թը ա­պաշ­խա­րու­թեան օ­րեր հա­մա­րե­լով՝ ծանր գոր­ծե­րով չէին զբա­ղեր. կի­նե­րը ճա­խա­րակ չէին մա­ներ, կար չէին ը­ներ, շալ չէին գոր­ծեր:

Մեծ պահ­քի ա­ռա­ջին օ­րը տան­տի­րու­հի­նե­րը ա­ղանձ կը պատ­րաս­տէին:

Բա­սե­նի մէջ, Մեծ պահ­քի ա­ռա­ջին օ­րը իւ­րա­քան­չիւր տան մէջ եօ­թ հատ ա­ռանց ա­ղի բա­ղարջ կը թխէին, ի նշան եօ­թ շաբ­թուան:

Գա­լով Ակ­լա­տիզ տիկ­նի­կին, որ այս օ­րե­րուն պատ­րաս­տուե­ցաւ եւ կա­խուե­ցաւ կարգ մը կեդ­րոն­նե­րու մէջ, ազ­գագ­րա­գէտ­նե­րը կը նշեն, թէ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ան օժ­տուած էր բա­ւա­կան տա­րաբ­նոյթ յատ­կա­նիշ­նե­րով, մա­նա­ւանդ՝ պատ­ժե­լու, բե­րա­նը վա­ռե­լու մա­նուկ­նե­րը վախց­նե­լու, քա­րեր նե­տե­լու գոր­ծե­րով, բայց Ակ­լա­տի­զը ա­ւե­լի դրա­կան, քան բա­ցա­սա­կան կեր­պար մըն էր: Ժո­ղո­վուր­դը կը սի­րէր այս կեր­պա­րը եւ նոյ­նիսկ եր­գեր նուի­րած է ի­րեն:

Ակ­լա­տի­զը նաեւ յու­սա­բեր էր: Ան կրնար բա­րիք բե­րել, ու­րախ տա­րի ա­պա­հո­վել, դուրս վռնտել չա­րի­քը եւ ա­պա­հո­վել բա­րին:

Տիկնիկներու թանգարան

Հա­յաս­տա­նի մէջ շու­տով կը բա­ցուի Տիկ­նիկ­նե­րու թան­գա­րան: Այդ թան­գա­րա­նին մէջ իր փա­ռա­ւոր տե­ղը կը գտնէ նաեւ Ակ­լա­տիզ հայ­կա­կան ծի­սա­կան տիկ­նի­կը, ինչ­պէս նաեւ հայ­կա­կան այլ տիկ­նիկ­ներ, ինչ­պէս՝ Թե­րա­փը, Նու­րին, Խուճ­կու­լու­լուն, Չի­չի մա­ման, Պուռ­մա­տի­կի­նը, Ծաղ­կա­մե­րը եւ այլ հնա­գոյն ա­նուն­նե­րով տիկ­նիկ­ներ: Ա­նոնց­մէ մաս մը այժմ կը ցու­ցադ­րուին Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ, մաս մը՝ Ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տի թան­գա­րա­նին, նաեւ՝ Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին եւ այլ կեդ­րոն­նե­րու մէջ:

Ե­րե­ւա­նի մէջ Տիկ­նիկ­նե­րու թան­գա­րան ու­նե­նա­լու գա­ղա­փա­րը ե­ղած է ա­րուես­տա­բան, հնա­գէտ եւ տիկ­նիկ­նե­րու հա­ւա­քորդ՝ Մա­րի­նա Խաչ­մա­նու­կեա­նի­նը, որ տա­րի­ներ շա­րու­նակ տիկ­նիկ­ներ հա­ւա­քած եւ զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով զա­նոնք ցու­ցադ­րած է: Ան նաեւ առ­ցանց հար­թակ մը բա­ցած է, ուր կը ներ­կա­յաց­նէ թէ՛ իր հա­ւա­քա­ծոն եւ թէ աշ­խար­հի մէջ տիկ­նի­կի պատ­մու­թիւ­նը: Մա­րի­նա Խաչ­մա­նու­կեա­ն յա­ճախ իր մտա­հո­գու­թիւ­նը յայտ­նած է, թէ աշ­խար­հի զա­նա­զան, ինչ­պէս նաեւ մեր դրա­ցի եր­կիր­նե­րուն մէջ վա­ղուց կը գոր­ծեն տիկ­նիկ­նե­րու կամ խա­ղա­լիք­նե­րու թան­գա­րան­ներ, ուր կը պա­հուին ա­մե­նէն հին ծի­սա­կան տիկ­նիկ­նե­րէն մին­չեւ ժա­մա­նա­կա­կից՝ գոր­ծա­րա­նա­յին ար­տադ­րու­թեան կամ հե­ղի­նա­կա­յին տիկ­նիկ­ներ ու տպա­ւո­րիչ խա­ղա­լիք­ներ, իսկ Հա­յաս­տա­նի մէջ նման թան­գա­րան չկայ: Այս թան­գա­րան­նե­րը եր­կիր այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու լա­ւա­գոյն այ­ցե­վայ­րե­րէն են:

Վեր­ջա­պէս հայ մաս­նա­գէ­տին փա­փա­քը ի­րա­կա­նու­թիւն կը դառ­նայ: Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան բարձր հո­վա­նիին ներ­քոյ շու­տով Ե­րե­ւա­նի մէջ, Ա­բո­վեան փո­ղո­ցին վրայ, Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին մօտ տա­րած­քի մը մէջ կը բա­ցուի Տիկ­նիկ­նե­րու թան­գա­րան, ո­րու սրահ­նե­րէն ներս կը ցու­ցադ­րուին թէ՛ Մա­րի­նա Խաչ­մա­նու­կեա­նի տիկ­նիկ­նե­րը, թէ՛ այլ տիկ­նիկ­ներ: Հա­ւա­նա­բար Մա­րի­նա Խաչ­մա­նու­կեանն ալ կը տնօ­րի­նէ թան­գա­րա­նը, քա­նի որ ի՛նք ե­ղած է գա­ղա­փա­րի յղաց­ման հե­ղի­նա­կը եւ այս մտայ­ղա­ցու­մը ի՛նք ներ­կա­յա­ցու­ցած է նո­րան­շա­նակ նա­խա­րար՝ Ար­մէն Ա­մի­րեա­նին, որ­մէ ալ ստա­ցած է դրա­կան պա­տաս­խա­ն: Ար­դէն նա­խա­տեսուած է, որ թան­գա­րա­նի ցու­ցադ­րու­թիւ­նը պէտք է բաղ­կա­ցած ըլ­լայ քա­նի մը բա­ժին­նե­րէ. հայ­կա­կան ծի­սա­կան, պաշ­տա­մուն­քա­յին տիկ­նիկ­ներ, հին ո­ճի (եւ­րո­պա­կան) տիկ­նիկ­ներ, խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րու տիկ­նիկ­ներ, թա­տե­րա­կան տիկ­նիկ­ներ եւ գե­ղա­րուես­տա­կան, հե­ղի­նա­կա­յին տիկ­նիկ­ներ: Հե­տա­գա­յին, ըստ ձեռք բե­րուած տիկ­նիկ­նե­րու, բա­ժին­նե­րը կրնան ա­ւել­նալ:

Թան­գա­րա­նի ցու­ցան­մոյշ­նե­րու ա­ռա­ջին մեծ խմբա­քա­նա­կը՝ շուրջ չորս հա­րիւր տիկ­նիկ, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ար­դէն ստա­ցած է Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն: Վեր­ջերս ԱՄՆ հաս­տա­տուած ի­րա­նա­հայ ա­րուես­տա­բան՝ Ա­լիս Նա­ւա­սար­կեա­ն Հա­յաս­տա­նին նուի­րա­բե­րած է տաս­նա­մեակ­նե­րով ժո­ղված իր տիկ­նիկ­նե­րը, ո­րոնք հա­զուա­գիւտ եւ նշա­նա­ւոր տիկ­նիկ­ներ են՝ զա­նա­զան ազ­գե­րու կեր­պար­ներ, հե­ղի­նա­կա­յին գոր­ծեր, մշա­կու­թա­յին զա­նա­զա­նու­թիւն ներ­կա­յաց­նող նմոյշ­ներ, հե­րոս­ներ, հռչա­կա­ւոր մար­դիկ՝ տիկ­նիկ­նե­րու տես­քով եւ այլն: 

Ա­լիս Նա­ւա­սար­կեա­ն իր նուի­րա­տուու­թիւ­նը կա­տա­րած է թա­տե­րա­կան գոր­ծիչ՝ Ե­րուանդ Ղա­զան­չեա­նի մի­ջո­ցաւ: Ա­լիս Նա­ւա­սար­կեան մտե­րիմն է Ղա­զան­չեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին, իր «Բե­մին նուի­րուած հա­յու­հի­նե­ր» գիր­քին մէջ ման­րա­մաս­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձած է Ե­րուանդ Ղա­զան­չեա­նի տիկ­նոջ՝ հան­գու­ցեալ դե­րա­սա­նու­հի՝ Կա­լիա Նո­վեն­ցին: Ե­րուանդ Ղա­զան­չեա­ն տե­ղեակ ե­ղած է, որ Ա­լիս Նա­ւա­սար­կեան ու­նի տիկ­նիկ­նե­րու հրա­շա­լի հա­ւա­քա­ծոյ մը, զոր հա­ւա­քած է շուրջ քա­ռա­սուն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին: Ս­­պա­հա­նի հա­մալ­սա­րա­նը ա­ւար­տած, գիր­քե­րու հե­ղի­նակ լո­սան­ճե­լը­սա­բանկ Ա­լիս Նա­ւա­սար­կեա­նին հա­մար տիկ­նի­կը զբա­ղու­մէ ա­ւե­լի դար­ձած է մաս­նա­գի­տու­թիւն եւ ան իր հա­ւա­քա­ծոն հա­մալ­րած է ա­մե­նայն բծախնդ­րու­թեամբ: Ե­րուանդ Ղա­զան­չեան տե­ղեակ ե­ղած է, որ ԱՄՆ-ի նախ­կին ա­ռա­ջին տի­կին՝ Մի­շէլ Օ­պա­մա­յի մտե­րիմ­նե­րէն մին հա­մո­զած է Տի­կին Ա­լի­սը՝ տիկ­նիկ­նե­րու հա­զուա­գիւտ հա­ւա­քա­ծոն նուի­րել Մի­շէլ Օ­պա­մա­յին: Ե­րուանդ Ղա­զան­չեան ա­մէն ինչ ը­րած է, որ այդ նուի­րա­տուու­թիւ­նը տե­ղի չու­նե­նայ եւ նա­խօ­րօք գիտ­նա­լով, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ թան­գա­րան բա­նա­լու գա­ղա­փար կայ, հե­ռա­ձայ­նած է Ա­լի­ս Նա­ւա­սար­կեա­նին եւ ա­ռա­ջար­կած հա­ւա­քա­ծոն նուի­րել Հա­յաս­տա­նին: Ա­րուես­տա­գէտ, հայ մշա­կոյ­թի նուի­րեալ հա­յու­հին ո­գեւորուած է եւ ա­ռանց նիւ­թա­կան ակն­կա­լի­քի՝ արկղ­ե­րով Հա­յաս­տան ու­ղար­կած է իր տիկ­նիկ­նե­րը: Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թե­նէն կը տե­ղե­կա­նանք, որ Ա­լիս Նա­ւա­սար­կեան ամ­րան կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան եւ իր սի­րե­լի տիկ­նիկ­նե­րուն կը հան­դի­պի ար­դէն նո­րա­բաց թան­գա­րա­նին մէջ:

Յ.Գ.- Հա­յաս­տա­նի Մ­­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը մօտ ա­պա­գա­յին բա­ցուե­լիք Տիկ­նիկ­նե­րու թան­գա­րա­նի նմոյշ­նե­րը կը փա­փա­քի հա­մալ­րել նաեւ Ձեր ա­ջակ­ցու­թեամբ: Թե­րեւս մէ­կու մը տան մէջ «դուրս գա­լու» իր աս­տե­ղա­յին ժա­մուն կը սպա­սէ ա­մե­նէն իւ­րօ­րի­նակ տիկ­նի­կը: Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կ՚ա­ռա­ջար­կէ գիրք՝ իւ­րօ­րի­նակ տիկ­նի­կին փո­խա­րէ­ն։

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017