ՍՈՒՏԸ Կ՚ԱՊՐԻ ՊԱՀՈՒԸՏԱԾ
«Սուտ»ը՝ որ ճշմարտութեան հակադրումն է՝ խաւարի եւ լոյսի, չարի եւ բարիի, վնասակարի եւ օգտակարի, շահամոլութեան եւ առատաձեռնութեան նման, միշտ կ՚ապրի պահուըտա՛ծ, որպէսզի չյայտնուի իր իսկական երեսը։ Ծածուկ կը շարժի, գաղտնօրէն կը վարէ իր կեանքը, քանի որ մի՛շտ վախը ունի յայտնուելու։
Սուտը գիտէ իր թերութիւնը, ան գիտակից է իր տկարութեան ճշմարտութեան հանդէպ։ Այս պատճառով գաղտնօրէն կը գործէ եւ խաւարը կը նախընտրէ։ Մութը եւ թաքստոցները անոր համար միշտ նախընտրելի վայրեր եւ միջավայրեր են, հոն՝ անոնց մէջ կը շարունակէ իր կեանքը, քանի որ այնպիսի տեղեր ինքզինք ապահով կը զգայ։
Սուտով, մարդ ինքզինք արդարացնել կ՚աշխատի յաճախ, մինչդեռ աւելի՛ շատ կը մխրճուի անիրաւութեան մութ աշխարհի ճահիճին մէջ։
Սուտի գեղեցիկ օրինակ մը կրնայ ըլլալ խլուրդը՝ հողին տակ ապրող եւ այնտեղ անցքեր բացող անասունը։ Ան կը սիրէ դեգերիլ, թափառիլ, շրջիլ ստորգետնի զով ու մութ անցուղիներու մէջ։ Ան իր անցուղիներէն վեր կ՚ելլէ միայն ուտելիք ճարելու եւ կեանքը տեւականացնելու համար։ Բայց չի սիրեր երբեք վերը մնալ եւ հոն ապրիլ։ Անոր նկարագիրն է ստորերկրեայ կեանքը՝ մութ եւ գաղտնի՛։
Կը պատմուի, թէ խլուրդը, օր մը ուսումնասիրելով իր հարստութիւնը եւ կալուածները՝ անծանօթ ճամբու մը մէջ փորձեց յառաջանալ եւ տեսնել, թէ՝ ո՛ւր կը տանի այդ անծանօթ ճամբան զինք։
Երբ քիչ մը յառաջացաւ, նախազգուշական ձայն մը լսեց, որ կ՚ըսէր իրեն. «Կանգ ա՛ռ, այդ ճամբան վտանգաւոր է»։ Բայց անդիմադրելի հետաքրքրութենէ մղուած ու դրդուած՝ խլուրդը վեր, աւելի՛ վեր բարձրացաւ եւ վերջապէս, թաթերով հողը ետ քշելով, ան իր առջեւ տեսաւ բացուող կապո՜յտը, կապոյտ անհո՜ւնը…։
Բայց այդ կապոյտ անհունը եղաւ անոր տեսած վերջին բանը՝ զոր խեղճը տեսաւ իր կեանքին մէջ։ Արեւը իր պայծառ ճառագայթներովը հարուածեց կիսակոյր խլուրդին աչքերը եւ վերջնականօրէն կուրացուց զայն։ Եւ խլուրդը բոլորովին կոյր դարձաւ։
Ահաւասիկ, սիրելի՜ բարեկամներ, նոյնն է պարագան սուտին համար. սուտը կրնայ ապրիլ միա՛յն թաքստոցներու մէջ պահուըտելով եւ այն ատեն որ ան լոյս աշխարհ գայ, հոն, անմիջապէս կը մեռնի, կ՚ոչնչանայ՝ ճշմարտութեան պայծառ լոյսէն կուրանալով։
Սուտը, ինչպէս ըսինք, ճշմարտութիւնը մերժել, ճշմարիտը ուրանալ, հակադրել կը նշանակէ զայն։
Ճշմարտութիւնը մինչդեռ մէ՛կ է եւ անայլելի եւ մշտնջենաւոր, այնպէս որ նոյնիսկ բազմաթիւ սուտեր չե՛ն կրնար խափանել զայն, քանի որ ան կը նմանի արեւի ճառագայթներուն եւ ի վերջոյ պարտութեան կը մատնէ խաւարը։ Եւ քանի որ ո՛չ մէկ խաւար բոլորովին մութ է եւ անոր մէջ կայ անպայման լոյսի շող մը, նշոյլ մը, երբեւիցէ կը լուսաւորուի, ինչպէս սուտը կը պարտուի ճշմարտութեան դէմ։ «Ան որ գիտէ իր խօսքերը կշռել՝ կատարեալ մարդ է», կ՚ըսէ Յակոբոս Տեառնեղբայր իր ընդհանրական նամակին մէջ. (ՅԱԿ. Գ 2)։ Ուրեմն հարցը լեզուն կշռելու խնդիր մըն է՝ ո՛չ թէ ըսել այն՝ որ պէտք է ըսել, այլ եւ մանաւա՛նդ չըսել այն՝ ինչ որ վանասակար է եւ անպատե՛հ։ Եւ անշուշտ վնասակար է եւ անպատեհ՝ ճշմարտութեան դէմ խօսիլ, ճշմարտութիւնը փոխել կամ ծածկել, այսինքն՝ սո՛ւտ խօսիլ։
Եւ դարձեալ, Յակոբոս Տեառնեղբայր, կ՚ըսէ, թէ՝ լեզուն կրա՛կ է. (ՅԱԿ. Գ 6)։ Ուրեմն այդ կրակը պէտք է գործածել զգուշութեամբ, առանց առիթ տալու վիրաւորանքներու, վնասներու։
Սուտը, արդարեւ, մարդկային կեանքի ամենէն բացասական երեւոյթներէն մէկն է, մարդիկ որքան որ կը խուսափին անկէ, ա՜յնքան կը քննադատեն, կ՚արհամարհեն, բայց եւ այնպէս շատ դժուարութեամբ կ՚ապրին առանց անոր։ Ուստի, պէտք է խոստովանիլ, թէ սուտը ամէնուրեք կը տիրէ մարդկային կեանքին, գրեթէ մարդ շրջապատուած է սուտերով, երբեմն կը խաբուի սուտով, երբեմն կը խաբէ սուտերով եւ ամենէն ցաւալին՝ ինք ալ կը հաւատայ սուտերուն եւ ինքնախաբէութեան մէջ ինքզինք ճշմարտութեան մարմնացում կը կարծէ։ Եւ կարծեմ ամենէն վտանգաւորն ալ, մարդուն ինք իր սուտին հաւատալն է, ուրիշ խօսքով ինքնախաբէութիւնը, քանի որ անիկա սրբագրել շատ դժուար է, նոյնիսկ անկարելի՛։
Սուտը, ստելը, սուտ վկայութիւն տալը, ստախօսելը, սուտ երդում ընելը մեծ վնաս կը պատճառեն հոգիին, կ՚ապականեն զայն, քանի որ անկեղծութեան, հաւատարմութեան դէմ գործուած յանցանք մըն է սուտը իր ընդհանուր առումով։ Անկեղծութիւն, հաւատարմութիւն՝ առաքինութիւններ են, որոնք կ՚ազնուացնեն հոգին, կեանքին իմաստը կ՚ընդարձակեն, որակը կը բարձրացնեն։ Սուտը մոլութիւն մը, մոլորութիւն մըն է, որ կը ստորնացնէ մարդկային արժանիքը, կը վիրաւորէ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ մարդ կը տուժէ իր կեանքով։
Սուտը, պատճառ կ՚ըլլայ որ մարդ կորսնցնէ իր վստահութիւնը ո՛չ միայն ստախօսին նկատմամբ, այլ եւ ամբողջ մարդոց նկատմամբ, քանի որ կամայ-ակամայ կասկածով կը դիմաւորէ ամէն մօտեցում, ամէն «բարեկամական» արտայայտութիւն։
Սուտը թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական ցաւառիթ երեւոյթ մըն է, մանաւանդ որ ան պատճառ կը հանդիսանայ բարոյական փլուզումներու։
Ցաւալի է նաեւ այն, երբ ստախօսը միշտ արդարացում մը կը գտնէ իր սուտին։ Արդարեւ ստախօսին համար միշտ արդարացուցիչ պատճառ մը պատրա՛ստ է, երբ ինքն ալ կը հաւատայ իր սուտին։
Բայց «սուտ»ը չունի երբեք որեւէ արդարացուցիչ պատճառ, քանի որ սուտը այլասերո՛ւմն է ճշմարտութեան։ Եւ մարդիկ ո՜րքան թշուառ վիճակներու կը մատնուին, երբ կը ստեն եւ կամ սուտերով կը շրջապատուին։ Եւ սուտերուն տիրապետած կեանքը ո՜րքան անտանելի կ՚ըլլայ, քանի որ սուտը խաբէական է եւ անկայուն եւ մա՛րդ չ՚ուզեր անկայուն գետնի վրայ շարունակել կեանքը։
Սուտը երբ կու գայ վստահելի կարծուած մէկէ մը շատ աւելի մեծ ցաւ ու վիշտ կը պատճառէ, քանի որ ան իր հետ կը բերէ նաեւ հիասթափութիւն, յուսալքութիւն, որոնք եւս կը դժուարացնեն եւ անտանելի կը դարձնեն կեանքը։
Մարդ երբ սուտ կը խօսի, միամտօրէն կը կարծէ որ դիմացինը չի հասկնար սուտ, եւ կը կարծէ թէ կրնայ խաբել զայն, բայց սուտը ի վերջոյ կը յայտնուի, եթէ ո՛չ այն պահուն, ժամանակին եւ ամօթով կը թողու ենթական։
Ճշմարտութեան վկայել մարդավայել եւ աստուածահաճոյ առաքինութիւն մըն է, պատիւը՝ մարդ էակին, իսկ սուտը՝ ցոյց կու տայ ստախօսին վատութիւնը, չարամտութիւնը ե՛ւ անվստահելի անձ մը ըլլալը…։
- Օգտուեցանք՝ Վարդան Աւագ Քահանայ Մկրտչեանի, Ադամ Քահանայ Մակարեանի եւ Սմբատ Սարկաւագ Խանուէլեանի աշխատասիրութիւններէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 25, 2017, Իսթանպուլ