Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր Մեծ պահոց շրջանի առաջին Արեւագալին հանդիսապետեց եւ քարոզեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Յարութիւն Սրկ. Սարգիսեանի մականին ներքեւ։ Օրուան երգեցիկներու շարքին էին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, ուրարակիր Արթաքի Չոքշէն, Յարութիւն Սահակեան, Գէորգ Թիւյսիւզեան, Եփրեմ Միհրանեան, Անդրանիկ Տուփինեան, Մարտիրոս Մարտիկեան, Յակոբ Ղազէրօղլու, Գարեգին Աւետիքօղլու, Լութֆիկ Փնարպաշը, Հաճի Եըլմազ եւ Շահին Քալայ։
Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուցած էին Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրը։
Արեւագալի արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէք։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան սրբազան հայրը, տէր հայրը եւ հաւատացեալները։ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հաւատացեալները։ Սիրոյ սեղանի աւարտին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ունեցաւ հակիրճ ելոյթ մը, որու ընթացքին բարձր գնահատեց Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդին ջանքերը։