ՅԱԿՈԲ ԵՒ ՆԱՐՕՏ ԿԻՒԼԷՉ ԱՄՈԼԸ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՏԱՆԻ ՄԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ՊԱՐԵՐԸ ԾՐԱԳԻՐԸ

Մեր հա­մայն­քի ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին կեան­քի մղիչ ու­ժե­րէն Յա­կոբ եւ Նա­րօտ Կիւ­լէչ ա­մո­լը այս շրջա­նին ձեռ­նա­մուխ ե­ղած է «Մենք եւ մեր պա­րե­րը» խո­րագ­րեալ ծրագ­րի մը։ Այս­պէս, Կիւ­լէչ­նե­րը կը կազ­մա­կեր­պեն հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան պա­րե­րու դա­սըն­թացք­ներ։ Ա­նոնք կը փոր­ձեն հայ­կա­կան ազ­գագ­րա­կան պա­րե­րու եւ ե­րաժշ­տու­թեան խան­դա­վա­ռու­թեան հա­ղորդ դարձ­նել մե­րօ­րեայ սե­րունդ­նե­րը։ Շատ դրա­կան եւ ող­ջու­նե­լի մղու­մով մը Յա­կոբ եւ Նա­րօտ Կիւ­լէչ ա­մո­լը ձեռ­նար­կած է այս ծրագ­րին։ Ա­նոնք հա­շուի ա­ռած են, որ մեր պա­պե­րը բնա­կա­նօ­րէն, ա­ռանց մաս­նա­ւո­րա­պէս բան մը սոր­վե­լու՝ կ՚եր­գէին ու կը պա­րէին ի­րենց մի­ջա­վայ­րին մէջ։ Այ­սօ­րուան սե­րունդ­նե­րը զուրկ են այդ­պի­սի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէ։ Հե­տե­ւա­բար, ի­րենք ու­զած են հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռել բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք կը փա­փա­քին սոր­վիլ հայ­կա­կան պա­րե­րը եւ հա­ղորդ դառ­նալ այդ ծով ժա­ռան­գու­թեան։

Կիւ­լէչ ա­մո­լը ա­մէն Չո­րեք­շաբ­թի դա­սըն­թացք­ներ կը կազ­մա­կեր­պէ Գա­րա­կէօ­զեան Տան հա­մա­լի­րէն ներս «Նա­տիա եւ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցի եր­դի­քին տակ։ Զու­գա­հե­ռա­բար Կիւ­լէչ ա­մո­լը Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ ալ նման բնոյ­թով աշ­խա­տանք մը կը տա­նի։ Այդ դա­սըն­թացք­ներն ալ տե­ղի կ՚ու­նեան Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հա­մա­լի­րէն ներս։

Քա­ղա­քիս եր­կու հիմ­նա­կան շրջան­նե­րէն ներս տա­րուած այս աշ­խա­տան­քը կ՚ար­ժա­նա­նայ ա­նան­տե­սե­լի թի­ւով ա­րուես­տա­սէր­նե­րու ու­շադ­րու­թեան եւ հե­տաքրք­րու­թեան, ինչ որ մե­ծա­գոյն խրա­խոյ­սը կը հա­մա­րուի Յա­կոբ եւ Նա­րօտ Կիւ­լէչ պա­րու­սոյց ա­մո­լին։

Ուրբաթ, Մարտ 3, 2017