ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԼԵԶՈՒՆ
ՄՈՒՏՔ
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան խնդրին մէջ պաշտամունքի լեզուն դասական գրաբարէն դէպի աշխարհաբար թարգմանութիւն եղած է մնայուն հարց մը՝ մօտ հարիւր տարիներէ ի վեր։ Յաճախ թելադրուած է, որ գրաբարը անհասկնալի ըլլալով հաւատացեալին չէր կրնար ծառայել որպէս հաղորդական միջոց Ս. Գիրքը եւ անոր վրայ հիմնուած ժամապաշտութիւնը հասկնալի դարձնելու։ Հետեւաբար, ան-ցեալին նոյնիսկ առաջարկեցին աղօթքներն ու շարականները թարգմանաբար պարզաբանել աշխարհաբարի օգտագործումով։
Հարցը սակայն շատ աւելի բարդ է։ Այդ մասին նահատակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Տ.Տ. Խորէն Ա. Մուրատբէկեան 1937 թուականին «Զեկուցում» կրճատեալ անունին տակ Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան յատուկ ծաւալուն թղթածրարով լեզուի հարցն ալ կարեւորութեամբ առաջադրած էր աղօթքներու, աւետարանական ընթերցումներու եւ արարողակարգերու մատուցման մէջ։ Հարցը բարդ է, որովհետեւ միայն թարգմանութեամբ պիտի չլուծուէին լեզուական եւ մեկնաբանական հարցերը, որոնք նոյնիսկ, ընդհակառակը, պիտի եղծէին բնագիրներուն իմաստն ու անոնց արտայայտած աստուածաբանութիւնը։
ԲՆԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐՔԻՆ ՊԱՀԱՆՋԸ
Եկեղեցական պաշտամունքային բնագիրներու պարագային մեր առջեւ պիտի ցցուին աստուածաբանական եզրերու եւ շարականներու յատուկ երաժշտութեան անկարելի թարգմանութիւնները։ Սկիզբէն վճռապէս իմանալու ենք, որ Հայ Եկեղեցւոյ շարականները անհպելի են, քանի որ անոնց գրաբար լեզուին վրայ է որ երաժաշտութիւնը հիմնուած է եւ անկարելի է երգել որեւէ շարական տարբեր լեզուով՝ սկսեալ աշխարհաբարէն։ Եթէ փորձենք նոյնիսկ, պարզապէս այդ շարականները երգած չենք ըլլար, այլ միայն զանոնք հեգնանքի առարկայ դարձուցած կ՚ըլլանք։ Այդ մասին ոչ մէկ խօսք։ Իսկ եթէ որպէս ուսուցման կերպ պիտի թարգմանենք զանոնք դասագիրքի ձեւով, այդ անշուշտ կարելի է եւ ուսանելի որպէս բնագիր միայն, եւ ոչ որպէս երգ։ Դասապահերը տարբեր են եւ պաշտամունքը տարբեր է հիմնովին։
Առաւել եւս անցնող դարուն գաղթաշխարհի պատկերը բոլորովին տարբեր նկարագիր ստացաւ, նոյնիսկ աշխարհաբարը սուրբ գրական եւ արտասանելի աղօթքներու պարագային «անգործածելի» եղաւ, տեղական լեզուներու պարտադրանքին տակ։ Չմոռնանք նաեւ, որ աշխարհաբար լսող հաւատացեալը պէտք է նաեւ կարենայ հասկնալ աշխարհաբարը։ Շատ լաւ գիտենք, որ մեր ներկայ դարուն աշխարհաբարն ալ տեղական լեզուներու վերածելով է որ հասկնալի կը դառնան ընթերցումներն ու շարականները, եւ հետեւաբար գրաբարէն մեծ ոստում մը կատարելով, ի հարկին, անգլերէն կամ ֆրանսերէն լեզուներով մասամբ միայն կը կատարենք մեր պաշտամունքը։
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ՝ ԳՐԱԲԱՐ ԵՒ ԼՐԻՒ ԱՌԱՆՑ ԲԱՑԱՌՈՒԹԵԱՆ
Այս պարագան սակայն շատ զգայուն ըլլալով իր սահմանները պէտք է ունենայ։ Մինչդեռ մէկ կողմէն անկարելի պէտք է ըլլայ Սուրբ Պատարագը գրաբարէն տարբեր որեւէ լեզուով կատարել, միւս կողմէ սակայն թարգմանուած եւ հրատարակուած բազմաթիւ պատարագամատոյց գիրքեր պիտի ծառայեն ուսուցման միայն, եւ ո՛չ անոր կատարումին։ Դասագիրքը տարբեր է այս պա-րագային Խորհրդատետրէն, որ սրբազան գիրքն է Ս. Պատարագի մատուցման։ Արեւմտեան լեզուները հարկ եղած ենք օգտագործել որպէս միջոցներ եւ ոչ նպատակ, որպէսզի առանց եղծելու Հայ Եկեղեցւոյ իսկութիւնն ու նկարագիրը, յաջորդական սերունդներ գաղթաշխարհի մէջ չհեռանան իրենց մայրենի եկեղեցիէն։
Քահանաներ իրենց կոչումին վրայ հաստատ Ս. Պատարագը անպայման կատարելու են գրաբար բնագրով միայն եւ լրիւ արարողակարգով։ Որքան ողբալի է, երբ ոմանք կրճատելու միտքով զանց կ՚առնեն Ս. Պատարագի բացման «Խորհուրդ Խորին» հոգեզմայլ շարականը, կ՚անտեսեն իրենց անձին հոգեւոր պատրաստութիւնը՝ լուացումով եւ խոստովանանքով, զանց կ՚առնեն թափօրը, եւ հաւատացեալները կը զրկեն անձնական օրհնութիւն ստանալէ՝ խունկով եւ խաչահամբոյրով։ Կը տեսնենք եւ հիասթափ կ՚ըլլանք երբ պատարագիչը, անպատրաստ, աճապարանքով, ծածկեալ խորանի ետին պահուըտած, յանկարծ «Օրհնեա Տէր»ով երեւան կ՚ելլէ։ Իսկ անոնք որոնք Ս. Պատարագի աղօթքները մասամբ անգլերէն կ՚արտասանեն, կ՚աղարտեն ամէն ինչ որ Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ է։
ՈՐՔԱՆ ՄԵՂԱԴՐԵԼԻ Է ԿՐՃԱՏՄԱՆ ԱՅՍ ՔՄԱՀԱՃՈՅՔԸ
«Կանուխ ժամերուն մարդ չի գար եկեղեցի այնպէս որ», կ՚ըսեն անփոյթ քահանաներէն ոմանք, «Օրհեա՛ Տէր»էն կը սկսինք», ինքզինքնին կանոնին եւ օրէնքին տէրը կարծելով։ Այդպէս մտածողներուն ըսելու ենք, որ երբ չես կատարեր կանոնական կարգը, մարդիկ գիտնալով կանուխ չեն գար, կամ երբեք չեն գար, եւ դուն հոգեւոր դաստիարակպատասխանատու անոնց ուշ գալուն։ Ինչո՛ւ համար մի քանի եկեղեցիներ, որոնք հաւատարիմ կերպով կը կատարեն մուտքի կանոնական կարգը, եկեղեցւոյ մէջ ներկայ կ՚ունենան նուազագոյնը մէկ քառորդը հաւատացեալներուն։ Մեղադրելի է երբ Պատարագի ընծաներու մատուցումը կը պատրաստուի վարագոյրի ետին մի քանի վայրկեաններու ընթացքին «անպատրաստ» քահանային կողմէ։ Աստուածաբանական եւ պաշտամունքային խոր իմաստ ունի Ընծայից Պատրաստութիւնը։ Քրիստոսի Մարդեղութեան խորհուրդն է որ փակեալ խորանով կ՚ընծայաբերուի, եւ վարագոյրը երբ կը բացուի, Քրիստոս կը յայտնուի եւ Ս. Խորանէն իջնելով Տիրոջ աշխարհ շրջիլը կը խորհրդանշէ։ Ինչպէս զեղչել այս բոլորը եւ ինչ համարձակութեամբ զրկել հաւատացելոց իսկական ներկայութիւնը որպէս Եկեղեցի՝ Մարմինը Քրիստոսի։
ԾԻՍԱԿԱՆ ՄԱՏԵԱՆՆԵՐԸ
Գլխաւորաբար հինգ են անոնք. Աստուածաշունչ Մատեան, Ժամագիրք, Շարակնոց, Պատարագամատոյց, Մաշտոց, Ճաշոց եւ Տաղարան։ Իւրաքանչիւրը իր տեղը ունի օրական եւ տարեկան պաշտամունքի երկայնքին՝ ըստ բովանդակութեան։ Աստուածաշունչէն է որ կը քաղենք ամենօրեայ ընթերցումները՝ Հին եւ Նոր Կտակարաններէն, որոնց կը յաջորդէ Հաւատոյ Հանգանակը։ Մաշտոցը եկեղեցւոյ Խորհուրդներու մատակարարման անձեռնմխելի գիրքն է։ Քահանային առձեռն մատեանն է ան, որով կը կատարէ Մկրտութեան, Դրոշմի, Պսակի եւ Հաղորդութեան եւ մնացեալ միւս բոլոր խորհուրդները, առաւել ննջեցեալներու Յուղարկաւորութեան ու Թաղման Կարգը՝ դարձեալ ընդունուած գրաբար լեզուով։ Հայ Եկեղեցին կը հաւատայ, որ գրաբարով արտասանուած բանաձեւերը միայն վաւերական են ու ազդեցիկ։ Ամէն պարագայի անփոխարինելի են գրաբար օրհնութիւններն ու բանաձեւումները, որոնց անմիջապէս կրնայ յաջորդել թարգմանութեանց միջոցը՝ ստանալէ ետք գրաբարի վերջնական կնիքը։
Ժամագիրքը ամենէն գործածելին է օրական ժամապաշտութեան համար, իսկ Ճաշոցը մեծագոյն հատորն է Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, ուր կան Ս. Գրքի գրեթէ լրիւ բովանդակութիւնը, ըստ օրուան տօնին կամ յիշատակին, ինչպէս նաեւ արարողակարգերու ամբողջական միաւորները, ինչպէս Ջրօրհնէքի, Խաչահանգիստի, Ոտնլուայի, Խաղողօրհնէքի, Խաչվերացի Թափօրին եւ այլ կարգերու, հայ եւ ուղղափառ եկեղեցական հայրերու ընդարձակ աղօթքներով միասին։ Ճաշոցը գրեթէ անգործածելի է այժմ, եւ սակայն եկեղեցիներ պրակներու վերածելով յիշեալ արարողակարգերը ըստ աւուր պատշաճի առձեռն կը գործածեն զանոնք, գրաբարով, աշխարհաբարով եւ տեղական այլ լեզուներով, միշտ նկատի ունենալով որ Պատարագամատոյց գիրքը բացառութիւն կազմելով բոլորովին անկախ կը մնայ եւ տարբերակ չի կրնար հանդիսանալ այլալեզու գործածութեամբ։
ՄԵՐ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ
Հայ Եկեղեցին իր իսկութեանը մէջ հայկական հաստատութիւն մըն է, եւ եթէ աշխարհաբար լեզուն պիտի որդեգրենք որպէս օժանդակ եւ ոչ որպէս փոխարինող գրաբարին, բարեկարգութեան ոգիին համաձայն քայլ մը առած կ՚ըլլանք։ Նոյն հասկացողութեամբ արեւմտեան երկիրներուն մէջ՝ Եւրոպա, Ամերիկաներ, Աւստրալիա, ուր անպայման գործածուելու են տեղական լեզուները որպէս ուսանելի միջոցներ, եւ ի հարկին որպէս գործադրելի՝ յատկապէս պսակադրութեան եւ անձնական աղօթքներու պարագաներուն։ Հոս եւս շատ զգոյշ ըլլալու ենք, որ զանոնք իբր օրինակ չգործածենք Ս. Պատարագի բնագրին եւ մատուցման համար։ Ս. Պատարագը հասարակաց Խորհուրդն է հաւատացեալներու միացեալ պաշտամունքին համար, եւ ո՛չ անձնական, ինչպէս են Խորհուրդները։ Պատարագամատոյցը վեր է ամէն բանէ եւ հարկ անհրաժեշտ է անոր մատուցումը կատարել լրիւ աւանդական լեզուով եւ կերպով։ Հաւատացեալներու պարտքը եւս անհրաժեշտ է, սերտել եւ յարատեւ մասնակցիլ արարողութեանց, եւ ոչ թէ առարկայական կեցուածք որդեգրել եւ գանգատիլ, թէ բան չեն հասկնար կատարուածէն։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Կլէյնտէլ
«Պայքար», Պոսթոն