ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒ «ՅԱՂԹԱՆԱԿ» ՄԸ ՏԱՐԱՒ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ

Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հուի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւ­նը «կը պսա­կուէր» Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փին հետ «սպա­սուած» հան­դիպ­մամբ, ո­րու ա­ւար­տին եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը հան­­դէս կու գա­յին մամ­լոյ «ազ­դե­ցիկ» ա­սու­լի­սով մը:

Նե­թա­նի­յա­հու, որ բա­ւա­կան գո­հու­նակ ժպի­տով մը կը հե­ռա­նար Սպի­տակ տու­նէն՝ կը յայ­տա­րա­րէր, որ Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան հա­մար վճռո­րոշ ժա­մա­նակ­ներ են, ո­րով­հե­տեւ «Ա­րա­բա­կան շարք մը պե­տու­թիւն­ներ Իս­րա­յէ­լը նախ­կի­նին նման ի­րենց թշնա­մին չեն տես­ներ, այլ բա­րե­կա­մը»:

Իր կար­գին, Տա­նըլտ Թրամփ, որ կը փոր­ձէր «եր­կար սպա­սուած» խա­ղա­ղու­թեան հա­մար «պայ­քա­րող» նա­խա­գա­հի պատ­կե­րով հան­դէս գալ, մեծ սայ­թա­քում մը կա­տա­րե­լով կը յայ­տա­րա­րէր. «Մե­զի հա­մար կա­րե­ւո­րը եր­կու կող­մե­րուն կող­մէ ըն­դու­նե­լի ծրագ­րի մը շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թիւնն է: Կա­րե­ւոր ալ չէ, որ ինչ ձե­ւա­չա­փի տակ պի­տի ըլ­լայ այդ խա­ղա­ղու­թիւ­նը՝ մէկ պե­տու­թեան կամ եր­կու պե­տու­թեան լու­ծու­մով»:

Թրամփ, որ իր այս խօս­քով ջու­րը կը նե­տէր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նախ­կին նա­խա­գահ Պիլ Քլին­թը­նի կող­մէ ա­ռաջ քա­շուած եւ «եր­կու պե­տու­թեանց լու­ծում» ծրա­գի­րը։ Կար­ծես թէ չէր ըմբռ­ներ, թէ ինչ հա­կազ­դե­ցու­թիւն­ներ կրնայ ու­նե­նալ իր բա­ւա­կան «վտան­գա­ւոր» յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը:

Ե­թէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հին հա­մար հիմ­նա­կա­նը «խա­ղա­ղու­թեան կեր­տում»ն է, ա­պա ինչ ձե­ւա­չա­փով պի­տի ըլ­լայ ա­տի­կա: Թրամ­փի ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն ետք Թել Ա­ւի­ւի կա­ռա­վա­րու­թեան հիմ­նա­կան բաղ­կա­ցու­ցիչ տար­րե­րը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հին «ա­ռա­ջարկ»ը կ՚ըն­կա­լէին որ­պէս յաղ­թա­նակ՝ ի­րենց հին-նոր պա­ղես­տի­նեան «Ա­րեւմ­տեան ափ»ը Իս­րա­յէ­լին միաց­նե­լու, եւ մա­նա­ւանդ, պա­ղես­տի­նեան հա­մա­հա­ւա­սար պե­տու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ծրա­գի­րը վերջ­նա­կա­նա­պէս «այ­րե­լով»:

Ե­ղած զե­կու­ցում­նե­րուն ա­մե­նէն ու­շագ­րա­ւը «Իս­րա­յէ­լեան տուն» կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ եւ Կրթու­թեան նա­խա­րար Նաֆ­թա­լի Պե­նէ­թի կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւնն էր: Պե­նէթ, որ հիմ­նա­կան ջա­տա­գովն է պա­ղես­տի­նեան «Ա­րեւմ­տեան ափ»ը Իս­րա­յէ­լին միաց­նե­լու գա­ղա­փա­րին, թուի­թը­րեան գրա­ռում մը կա­տա­րե­լով կը յո­խոր­տար ու կ՚ը­սէր. «Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը մեր կող­մէ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր սպա­սուած զե­կու­ցում­ներ էին ու յստակ է նաեւ, որ մենք՝ բո­լորս մտած ենք նոր հանգրուան մը: Բո­լո­րո­վին նո՛ր գա­ղա­փար­ներ եւ նոր քննար­կում­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան ու բա­ցի Յոր­դա­նա­նէն եւ Կազ­զէէն, այ­լեւս եր­րորդ պա­ղես­տի­նեան պե­տու­թեան մը կա­րի­քը չկայ»։ Պե­նէթ այս գրա­ռու­մով նոյ­նիսկ չէր սպա­սած իր կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ կա­տա­րուե­լիք ո­րե­ւէ պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թեան:

Իր կար­գին, Պա­ղես­տի­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը բա­ւա­կան «կշռա­դա­տուած» յայ­տա­րա­րու­թիւն մը ը­նե­լով ա­րա­գօ­րէն կը հա­կազ­դէր Սպի­տակ տան մէջ հնչած միտ­քե­րուն եւ կը յայտ­նէր, որ ի­րենց հա­մար կայ մէկ լուծ­ման ճա­նա­պարհ եւ այդ ճա­նա­պար­հը «եր­կու պե­տու­թեանց լու­ծում»ն է:

Տա­կա­ւին չենք խօ­սիր պա­ղես­տի­նեան «ար­մա­տա­կան» հա­տուած­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք մին­չեւ այս պա­հը կը նա­խընտ­րեն լուռ մնալ եւ չհա­կազ­դել ա­մե­րի­կեան կող­մին՝ յոյս ու­նե­նա­լով, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հին խօս­քե­րը այդ­քան ալ «լուրջ» եւ վերջ­նա­կան դի­տար­կում­ներ չեն:

Այս ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին դի­մաց հարկ է նաեւ մատ­նա­ցոյց ը­նել «դի­մադ­րա­կան» նոր ճա­կա­տի մը ստեղծ­ման ուրուա­գի­ծը: Այդ մա­սին ա­ռա­ջին ան­գամ նշում կը կա­տա­րէր Վար­չա­պետ Նե­թա­նի­յա­հու:

Նա­խա­գահ Թրամփ, որ ա­նակն­կա­լի կը մատ­նուէր Նե­թա­նի­յա­հուի կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թե­նէն, իր կար­գին «կը խոս­տո­վա­նէր», թէ ի­րենք կ՚աշ­խա­տին պատ­րաս­տել «խա­ղա­ղու­թեան ծրա­գիր» մը, ո­րուն բա­ցի պա­ղես­տին­ցի­նե­րէն եւ իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րէն, մաս պի­տի կազ­մեն ա­րա­բա­կան շարք մը «ազ­դե­ցիկ» տէ­րու­թիւն­ներ:

Այս «խա­ղա­ղու­թեան ծրագ­րին» մա­սին ե­ղած յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի ա­կա­նա­ւոր վեր­լու­ծա­բան­ներ խօ­սուած­նե­րուն մա­սին կարճ մեկ­նա­բա­նու­թիւն մը տա­լով կը յայտ­նէին, թէ կազ­մուե­լիք «ճա­կատ»ին հիմ­նա­կան թի­րա­խը պի­տի ըլ­լայ Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւ­նը եւ այդ երկ­րի քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն եւ գոր­ծու­նէու­թե­նէն դժգոհ բո­լոր կող­մե­րը տեղ պի­տի ու­նե­նան նո­րաս­տեղծ «ճա­կատ»ին մէջ:

Այս­տեղ հարկ է յի­շեց­նել, որ Թրամ­փի նա­խա­գա­հու­թեան ա­ռա­ջին օ­րէն սկսեալ երկիրը սկսաւ «կարծր» դիր­քո­րո­շու­մով հան­դէս գալ Թեհ­րա­նի նկատ­մամբ:

Նա­խա­գահ Թրամ­փի նա­խընտ­րա­կան խօս­քե­րուն մէջ ալ Թեհ­րա­նի հան­դէպ դրա­կան շեշ­տադ­րում­ներ չկա­յին, բայց հի­մա նոր փուլ մըն է եւ ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ա­մէն գնով պի­տի փոր­ձէ ճնշու­մի են­թար­կել Ի­րա­նը:

Այս դիր­քո­րո­շու­մին լոյ­սին տակ ու հա­կա­ռակ Թեհ­րա­նի կող­մէ հնչող եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դե­րը կաս­կա­ծի տակ դնող յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն՝ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նին լծուած է ա­ւե­լի կա­րե­ւոր գոր­ծի մը: Ան 16 Փետ­րուա­րին միօ­րեայ այ­ցով կը հանգ­րուա­նէր Քուէյթ, ա­պա Օ­ման: Թեհ­րան, ո­րուն ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն հա­մար բա­ցա­յայ­տուած գաղտ­նիք է Իս­րա­յէլ-ա­րա­բա­կան աշ­խարհ հետզ­հե­տէ աճ ար­ձա­նագ­րող կա­պը, նպա­տակ դրած են ա­մէն գնով Ծո­ցի ա­րա­բա­կան եր­կիր­նե­րուն հետ «լե­զու գտնել»ու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը, ո­րուն նախ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը ե­րե­ւան կրնան գալ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին:

Վե­րա­դառ­նա­լով Իս­րա­յէլ-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ յա­րա­բե­րու­թեանց, հարկ է յի­շեց­նել, որ նախ­կին նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան վեր­ջին հանգ­րուա­նին այդ կա­պե­րը ապ­րե­ցան բա­ւա­կան լա­րուած ի­րա­վի­ճակ մը:

Խնդի­րը այն էր, որ Օ­պա­մա հա­կա­ռակ տար­բեր թղթած­րար­նե­րու վե­րա­բե­րեալ իր ու­նե­ցած «յա­րա­փո­փոխ» կե­ցուածք­նե­րուն՝ մնաց ան­զի­ջող Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան վե­րաբ­նա­կեց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռըն­թեր:

Մինչ Օ­պա­մա­յի հա­մար վե­րաբ­նա­կեց­ման վայ­րեր կա­ռու­ցե­լու Թել Ա­ւի­ւի մի­տում­նե­րը կտրա­կա­նա­պէս մեր­ժե­լի էին, ներ­կայ նա­խա­գահ Թրամփ մաս­նա­ւո­րա­պէս այդ խնդրին ա­ռըն­չու­թեամբ նոյն «կտրա­կան» կե­ցուածք­նե­րով հան­դէս չի գար:

Ճիշդ է նաեւ, որ այս հար­ցե­րուն ա­ռըն­թեր ցարդ շատ վաղ է վերջ­նա­կան եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու յան­գիլ։ Բայց եւ այն­պէս իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն Թրամ­փի վար­չա­կազ­մին հա­մար ա­ռաջ­նա­յին դար­ձած է կար­գի բե­րել Իս­րա­յէ­լի հետ բա­ւա­կան «վնաս­ներ» կրած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:

Յստակ է նաեւ, որ Թեհ­րա­նի եւ մա­նա­ւանդ լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լահ»ի դէմ «պա­տիժ­ներ» տնօ­րի­նե­լու ու զա­նոնք «թշնա­մի էու­թիւն­ներ» հա­մա­րե­լու մի­տում­ներն ալ ջուր կը լեց­նեն Նե­թա­նի­յա­հուի կա­ռա­վա­րու­թեան ջրա­ղա­ցին:

Իս­րա­յէլ ի զօ­րու չէ նոր պա­տե­րազ­մի սկսիլ «Հիզ­պուլ­լահ»ի դէմ ու այս ա­ռու­մով յստակ է նաեւ, որ այդ պե­տու­թեան հա­մար գե­րա­գոյն նպա­տակ դար­ձած է՝

ա.- Կտրել Թեհ­րան-Դա­մաս­կոս-«Հիզ­պուլ­լահ» զի­նուո­րա­կան մա­տա­կա­րար­ման բո­լոր ճա­նա­պարհ­նե­րը:

բ.- Ստեղ­ծել շրջա­նա­յին դա­շինք՝ Ի­րա­նի դէմ, ո­րուն պի­տի ան­դա­մակ­ցին «Իս­րա­յէ­լը այ­լեւս թշնա­մի տէ­րու­թիւն մը չէ» յայ­տա­րա­րող բո­լոր ա­րա­բա­կան եր­կիր­նե­րը:

գ.- Եւ վեր­ջին՝ լա­րուա­ծու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տին հասց­նել Ո­ւա­շինկ­թըն-Թեհ­րան «կա­պեր»ը եւ հնա­րա­ւո­րինս «պատ­ժա­կան» տնօ­րի­նում­ներ «ա­պա­հո­վել» Թեհ­րա­նի դէմ:

Ե­թէ այս բո­լոր հիմ­նա­հարց­ե­րը դնենք սե­ղա­նին վրայ, ա­պա յստակ պի­տի դառ­նայ, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը «դրա­կան ցնցուղ» են Նե­թա­նի­յա­հուին հա­մար։ Ան ու­նի ներ­քա­ղա­քա­կան բա­ւա­կան բարդ հար­ցեր ու «ար­տա­քին թշնա­մի»ի դէմ ա­նոր բա­նա­լիք պայ­քար­նե­րը լա­ւա­գոյն մի­ջոց կրնան հան­դի­սա­նալ զինք դուրս բե­րե­լու հա­մար երկ­րին մէջ իր դէմ օր ըստ օ­րէ մեծ­ցող բո­ղո­քի մթնո­լոր­տէն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Մարտ 4, 2017