«Հայապահպանութեան Գործին Մէջ Նշանակալի Աւանդի Համար» Համահայկական Մրցանակաբաշխութիւն - 2017

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, Հա­մաշ­խար­հա­յին հայ­կա­կան գոնկ­րէ­սը եւ Ռու­սաս­տա­նի Հա­յե­րու միու­թիւ­նը «Հա­յա­պահ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դի հա­մար»  2017-ի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ծի­րէն ներս կը յայ­տա­րա­րեն մրցոյթ­նե­րու պայ­ման­նե­րը հե­տե­ւեալ ա­նո­ւա­նա­կար­գե­րու մէջ՝

«Մայ­րե­նիի պաշտ­պան» (ան­հատ­ներ),

«Լա­ւա­գոյն հայ­կա­կան կրթօ­ճախ»,

«Ե­րի­տա­սար­դա­կան, ու­սա­նո­ղա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն»,

«Ա­զատ Ար­ցախ» ման­կա­պա­տա­նե­կան լա­ւա­գոյն   ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու մրցոյթ (նկար, քան­դակ (լու­սան­կար), երգ, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն, պատ­մո­ւածք, շա­րադ­րու­թիւն, գրա­կան փորձ եւ այլն):

«Հա­յա­պահ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դի հա­մար» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան նպա­տակն է խրա­խու­սել Սփիւռ­քի մէջ հայ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման հար­ցով կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, տար­բեր խում­բե­րու, ա­ռան­ձին ան­հատ­նե­րու ու­նե­ցած ներդ­րու­մը, գնա­հա­տել եւ ար­ժե­ւո­րել այս ուղ­ղու­թեամբ հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:

 1. «Մայ­րե­նիի պաշտ­պան» (ան­հատ­նե­րու հա­մար) մրցոյ­թի կազ­մա­կերպ­ման նպա­տակն է խրա­խու­սել սփիւռ­քեան կա­ռոյց­ներ ու ան­հատ­ներ, ո­րոնք մեծ ներդ­րում ու­նին մայ­րե­նիի պահ­պան­ման, տա­րած­ման, հա­յե­ցի կըր-թու­թեան եւ դաս­տիա­րա­կու­թեան գոր­ծին մէջ:

Մրցոյ­թին կրնան մաս­նակ­ցիլ Սփիւռ­քի մէջ գոր­ծող հա­մայն­քա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, կրթօ­ճախ­ներ, մշա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թիւն­ներ, մայ­րե­նի լե­զո­ւի ու­սու­ցիչ­ներ, լե­զո­ւա­բան­ներ, մշա­կոյ­թի եւ գրա­կան գոր­ծիչ­ներ:

2. «Լա­ւա­գոյն հայ­կա­կան կրճօ­ջախ» մրցոյ­թի նպա­տակն է խրա­խու­սել Սփիւռ­քի մէջ հայ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման, սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի կրթու­թեան եւ դաս­տիա­րա­կու­թեան, հա­յա­պահ­պա­նա­կան ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման գոր­ծին մէջ նշա­նա­կա­լի ներդ­րում ու­նե­ցող հայ­կա­կան կրթօ­ճախ­նե­րը, խթա­նել ա­նոնց ստեղ­ծումն ու ազ­գա­պահ­պան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:

3. «Ե­րի­տա­սար­դա­կան, ու­սա­նո­ղա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն» մրցոյ­թի նպա­տա­կան է աշ­խու­ժաց­նել եւ խրա­խու­սել Սփիւռ­քի ե­րի­տա­սար­դա­կան, ու­սա­նո­ղա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ կա­րե­ւո­րե­լով ա­նոնց դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հա­մա­հայ­կա­կան, հա­մազ­գա­յին խնդիր­նե­րու լուծ­ման գոր­ծին մէջ:

Մրցոյ­թին կրնան մաս­նակ­ցիլ Սփիւռ­քի մէջ գոր­ծող ե­րի­տա­սար­դա­կան կա­ռոյց­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ ու­սա­նո­ղա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք.

Գրան­ցո­ւած են տո­ւեալ երկ­րի օ­րէնսդ­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան կամ կը գոր­ծեն տեղ­ւոյն հայ­կա­կան հա­մայն­քի, մշա­կու­թա­յին, ե­կե­ղե­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րուն կից կամ հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ:

Ու­նին առ­նո­ւազն ե­րեք տա­րո­ւան գոր­ծու­նէու­թեան փորձ:

4. «Ա­զատ Ար­ցախ» ման­կա­պա­տա­նե­կան լա­ւա­գոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու մրցոյ­թը (նկար, քան­դակ (լու­սան­կար), երգ, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն, պատ­մո­ւածք, շա­րադ­րու­թիւն, գրա­կան փորձ եւ այլն) նպա­տակ ու­նի նպաս­տել հայ­րե­նա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րու, ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան, պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին գի­տակ­ցու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման ու զար­գաց­ման:

Մաս­նա­կից­նե­րը կրնան ներ­կա­յաց­նել ա­րո­ւես­տի տար­բեր ո­լորտ­նե­րը ներ­կա­յաց­նող աշ­խա­տանք­ներ՝ նկար, քան­դակ, փայ­տա­գոր­ծա­կան, խե­ցե­գոր­ծա­կան իր/ա­ռար­կայ, ե­րաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն,  շա­րադ­րու­թիւն եւ այլն:

Աշ­խա­տանք­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու ժա­մա­նակ պէտք է նշել՝ հե­ղի­նա­կի ա­նու­նը, ազ­գա­նու­նը, տա­րի­քը, բնա­կու­թեան եր­կի­րը, քա­ղա­քը, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ա­նո­ւա­նու­մը, հաս­ցէն (ե­լեկտ­րո­նա­յին) եւ հե­ռա­ձայ­նի թի­ւը, ինչ­պէս նաեւ կրթօ­ճա­խը, մշա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թիւ­նը, ման­կա­պա­տա­նե­կան կեդ­րո­նը, ա­րո­ւես­տի դպրո­ցը կամ խմբա­կը, ուր կը սոր­վի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան հե­ղի­նա­կը (տո­ւեալ­նե­րը թե­րի ներ­կա­յաց­նե­լու պա­րա­գա­յին դի­մու­մը չ՚ըն­դու­նո­ւիր):

Մրցոյ­թը կ՚ի­րա­կա­նա­ցո­ւի եր­կու հանգ­րո­ւա­նով.

Հա­մայնք­նե­րէն ներս կ՚ի­րա­կա­նա­ցո­ւի մրցոյ­թի ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւա­նը, ո­րուն ար­դիւն­քով ընտ­րո­ւած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կ՚ու­ղար­կո­ւին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւն:

Երկ­րորդ հանգ­րո­ւա­նին նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէն ձե­ւա­ւո­րո­ւած մրցու­թա­յին յանձ­նա­խում­բը աշ­խա­տանք­նե­րու գնա­հատ­ման ար­դիւն­քով կը յայ­տա­րա­րէ մրցոյ­թի յաղ­թող­նե­րը:

ՄՐՑՈՅԹ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ՄԱՍ­ՆԱԿ­ՑԵ­ԼՈՒ ՑԱՆ­­ԿԱ­ՑՈՒ­ԹԻՒՆ ՈՒ­ՆԵ­ՑՈՂ­ՆԵ­ՐԸ ԼՐԱ­ՑՈ­ՒԱԾ ԴԻ­ՄՈՒՄ­ՆԵ­ՐԸ ՊԷՏՔ Է ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱՑ­ՆԵՆ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՀԱՆ­ՐԱ­ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ ՍՓԻՒՌ­ՔԻ ՆԱ­ԽԱ­ՐԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ ՄԻՆ­ՉԵՒ 2017 ԹՈ­ՒԱ­ԿԱ­ՆԻ ՆՈ­ՅԵՄ­ԲԵՐ 1:

Մրցոյթ­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը կ՚ամ­փո­փո­ւին 2017-ի Դեկ­տեմ­բե­րին:

Մաս­նակ­ցու­թեան դի­մու­մին կից անհ­րա­ժեշտ է ներ­կա­յաց­նել.

- կրթու­թեան մա­սին փաս­տա­թուղթ (պատ­ճէ­նը),

- հա­մայն­քի, կա­ռոյ­ցի կամ դպրո­ցի կող­մէն տրո­ւած բնու­թա­գիր-ե­րաշ­խա­ւո­րա­գիր (հաս­տա­տո­ւած կնի­քով եւ ղե­կա­վա­րի ստրոագ­րու­թեամբ),

- ի­ւա­քան­չիւր ա­նո­ւա­նա­կար­գի հա­մար դի­մո­ղի գոր­ծու­նէու­թեան նկա­րա­գիր,

- նիւ­թեր, նե­րա­ռեալ՝ տե­սա­նիւ­թեր, ո­րոնք կը փաս­տեն մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան մաս­նակ­ցե­լու դի­մող­նե­րու կող­մէն ի­րա­կա­նա­ցո­ւած հա­յա­պահ­պա­նա­կան ծրա­գիր­նե­րու մա­սին: Մրցու­թա­յին յանձ­նա­խում­բը կրնայ դի­մել դի­մոր­դին՝ վեր­ջի­նիս գոր­ծու­նէու­թիւ­նը լու­սա­բա­նող լրա­ցու­ցիչ տպա­գիր նիւ­թեր, գիր­քեր, հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ, տե­սաե­րիզ­ներ, լու­սան­կար­ներ եւ այլ լրա­ցու­ցիչ նիւ­թեր տրա­մադ­րե­լու խնդրան­քով:

Ներ­կա­յա­ցո­ւած դի­մում­նե­րը կ՚ու­սում­նա­սի­րո­ւին մաս­նա­գի­տա­կան մրցու­թա­յին յանձ­նա­խում­բի կող­մէն:

Դի­մու­մը կրնաք ներ­բեռ­նել www.min­dias­­pora.am նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջէն կամ www.hayernaysor.am ե­լեկտ­րո­նա­յին թեր­թէն, լրաց­նել, ստո­րագ­րել, հա­մայն­քա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան (կամ ե­կե­ղեց­ւոյ) կամ կրթօ­ճա­խի կող­մէն տրուած ե­րաշ­խա­ւո­րագ­րի հետ միա­սին ու­ղար­կել gitakrtakan.diaspora@yandex.ru, gitakrtakan-diaspora@mail.ru, mshakuyt.diasopora@mail.ru ե­լեկտ­րո­նա­յին հաս­ցէ­նե­րուն:

Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման պա­տաս­խա­նա­տու՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մի հա­մա­հայ­կա­կան ծրա­գիր­նե­րու վար­չու­թիւն (հեռ.՝ +374 10 58 56 01 (7-00), +374 60 500-830):

«Հա­յա­պահ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ նշա­նա­կե­լի ա­ւան­դի հա­մար» հա­մա­հայ­կա­կան ա­մե­նա­մեայ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան 2017 թուա­կա­նի մրցոյթ­նե­րու ար­դիւնք­նե­րու մա­սին տե­ղե­կատ­ւու­թիւ­նը կը տե­ղադ­րուի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջի մէջ՝ www.mindiaspora.am կամ www.hayernaysor.am  «Հա­յերն այ­սօր» ե­լեկտ­րո­նա­յին թեր­թի մէջ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 6, 2017