Վիրաւոր ԶինուորներՈՒՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԾ ԲացիկներԸ՝ Հայ Կանանց Համար
Մարտ 8-ի Կանանց տօնին շնորհաւորական բացիկ՝ արցախեան պատերազմին վիրաւորուած զինուորու ձեռքով:
Armeniasputnik.am-ի հաղորդած տեղեկութիւններով՝ գաղափարը Երեւանի Բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեանինն է, որուն միացած են նաեւ արուեստի ու մարմնակրթութեան աշխարհահռչակ հայ գործիչները:
Մարտ 8-ի շնորհաւորական բացիկով կարելի է ոչ միայն շնորհաւորել կանանց, այլեւ աջակցիլ Արցախի մէջ վիրաւորուած ու մինչ օրս վերականգնողական բուժում ստացող հայ զինուորին: Երեւանի Բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեանի այս գաղափարը արդէն իրականութիւն դարձած է: Գաղափարի իրականացման աջակցած են Փանոս Թերլեմեզեանի անուան Գեղարուեստի ակադեմիոյ ուսանողները:
«Կարեւոր չէր, որ զինուորը ամբողջական բացիկը նկարէր: Կարեւոր էր, որ ան վրձինը ձեռքը առնէր ու հասակակից թերլեմեզեանցիներուն օգնութեամբ իր հերոսութեան մէկ մասնիկը փոխանցէր բացիկին, որ հասցէատիրոջ հասնելով՝ ան ալ մասնակից պիտի դարձնէ իր սխրանքին», Արմէն Մուրատեան ներկայացուցած է նախաձեռնութեան գաղափարական նշանակութիւնը: Վերականգնողական բուժման զուգահեռ՝ մասնագէտները կարեւոր կը համարեն նաեւ զինուորներու հոգեբանական վերականգնման՝ ընկերականացման անհրաժեշտութիւնը: Բացիկներու պատրաստման գործընթացը, նկարչութիւնը անոր լաւագոյն տարբերակներէն են: Իսկ հասարակութեան մասնակցութիւնը ծրագրին՝ զինուորը պէտք է անգամ մը եւս վստահեցնէ՝ հայրենիքը այսօր ալ ունի անոր կարիքը:
«Մեր զինուորները վնասուածքներ ստացած են ոչ թէ դահուկ քշելու կամ դժբախտ պատահարի հետեւանքով, այլ մեր ու մեր երախաներու անվտանգութիւնը ապահովելու ընթացքին, մեր երկրի ու պետականութեան սահմանները անառիկ պահելու ընթացքին, եւ կը կարծեմ՝ անոնց իւրաքանչիւրին վնաս-ուածքներուն մէկ մասը նաեւ մերն է, եւ անոնց վերականգնման գործընթացին մասնակցիլը կը դառնայ բոլորիս պարտքը», ըսած է Մուրատեան:
Ծրագրի առաջին իսկ օրէն՝ Արմէն Մուրատեան չէ կասկածած անոր յաջողութեան ու հասարակական մասնակցութեան: Հայ զինուորի ձեռքով պատրաստուած հարիւրաւոր բացիկները այսօր կը սպասեն իրենց հասցէատէրերուն: Անոնք գնելու ցանկութիւն յայտնողները արդէն այնքան շատ են, որ ծրագրի հեղինակները կը վախնան չհասցնեն բաւարարել պահանջարկը:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը առաջին պետական կառոյցն է, որ ցանկութիւն յայտնած է այս տարի կիները շնորհաւորել զինուորի պատրաստած բացիկներով: Խորհրդա-նըշական շարժման միացած են նաեւ արուեստի ու մարմնակրթութեան շարք մը գործիչներ՝ նկարիչ Նուռը, Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի գլխաւոր խմբավար Սէրկէյ Սմբատեանը, որ նաեւ ներկայ եղած է ու մասնակցած է բացիկներու ստեղծման աշխատանքներուն։
Անգլիական «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան այս տարի, Մարտ 8-ին, իր հարազատները կ՚ուզէ շնորհաւորել այդ բացիկներով:
Հայկական ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեան եւս միացած է Բժշկական համալսարանի նախաձեռնած ծրագրին, որուն նպատակն է օգնել վիրաւոր զինուորներուն:
«Մեծ սիրով հարազատներս կը շնորհաւորեմ մեր վիրաւոր զինուորներու պատրաստած բացիկներով:
«Կը միանամ Բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեանի ծրագրին: Միացէք դուք նաւ՝ ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի վիրաւոր զինուորներու վերականգնողական կեդրոնի վերանորոգման», դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է ան:
Բացիկներուն մէկ խումբը վաճառքի պիտի հանուի երեւանեան ծաղիկի ու յուշանուէրներու խանութներուն մէջ: Վաճառքէն ստացուած հասոյթն ալ պիտի ուղղուի վերանորոգման վերականգնողական նոր կեդրոնի, ուր հերոս զինուորները պէտք է շարունակեն իրենց ապաքինումը:
«Այս բացիկներէն իւրաքանչիւրին զինուորի ձեռք դպած է: Ինծի համար անոնք անգին են», ցոյց տալով իր աշխատասեղանին դրուած բազմաթիւ բացիկները՝ ըսած է Մուրատեան: Յետոյ առանձնացնացուցած է անոնցմէ մէկը ու աւելցուցած՝ «Ասիկա ամենաառաջին պատրաստուած բացիկն է, զոր շատ հաւնած եմ։ Որոշած եմ զայն գնել ու Մարտ 8-ին մայրիկիս նուիրել»:
Մուրատեանը վստահ է՝ ծրագիրը նոր թափ կը հաւաքէ եւ Մարտ 8-ին չ՚աւարտիր, կը շարունակուի մինչեւ Ապրիլի 7-ը:
Իսկ Ապրիլ 7-էն ետք՝ զինուորները նոր զբաղմունք պիտի ունենան: Մուրատեանը արդէն կը մտածէ ծրագրի շարունակութեան մասին: