ՆՈՒԷՐ ԼԱԶՕՂԼՈՒԻ ՎԷՊԸ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒԵՑԱՒ «ՆՈՍԹԱԼԺԻ»Ի ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ

Բան­կալ­թիի «Նոս­թալ­ժի» գրա­խա­նութ-սրճա­րա­նին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ Նուէր Լա­զօղ­լուի «Kalbim Turkuaz» գիր­քին շնոր­հան­դէ­սը։ Նուէր Լա­զօղ­լու ծա­նօթ է որ­պէս լրագ­րող, սա­կայն այս գոր­ծի պա­րա­գա­յին գրա­սէր­նե­րուն կը ներ­կա­յա­նայ իբ­րեւ վի­պա­գիր։ «Kalbim Turkuaz» վէ­պը լոյս տե­սած է «Çiviyazıları» հրա­տա­րակ­չու­թե­նէն։ Սա իս­կա­պէս հե­տաքրք­րա­կան գործ մըն է։ Նուէր Լա­զօղ­լու խար­բերդ­ցի հայ ըն­տա­նի­քի մը շա­ռա­ւիղն է եւ իր վկա­յու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ այս վէ­պին մէջ լայ­նօ­րէն օգ­տա­գոր­ծած է Է­լա­զը­ղի շրջա­նի թրքե­րէն բար­բա­ռը։ Սա այս վէ­պին բնո­րոշ ե­րե­սակ­նե­րէն մին է։ Բազ­մա­թիւ հրա­տա­րակ­չու­թիւն­ներ լայն զան­գուած­նե­րու հա­սա­նե­լիու­թեան տե­սա­կէ­տէ յար­մար չեն դա­տած հրա­տա­րա­կել Լա­զօղ­լուի բնա­գի­րը, սա­կայն ի վեր­ջոյ հե­ղի­նա­կը գտած է հրա­տա­րակ­չա­տուն մը, որ հա­մա­ձայ­նած է այդ­պէս իսկ ըն­թեր­ցող­նե­րուն հրամց­նել այս գոր­ծը։ Նուէր Լա­զօղ­լու շատ ան­մի­ջա­կան ո­ճով մը հիւ­սած այս վէ­պը, ո­րուն մէջ կ՚անդ­րա­դառ­նայ նաեւ իր ըն­տա­նի­քին ու կեան­քին։ Ան այս վէ­պը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ թատ­րեր­գու­թեան մը ձե­ւա­չա­փին մէջ ալ գրի ա­ռած է, հե­տե­ւա­բար այս վէ­պը կրնայ վե­րա­ծուիլ նաեւ շար­ժան­կա­րի ծրագ­րի մը՝ ե­թէ պայ­ման­նե­րը գո­յա­նան։

«Նոս­թալ­ժի»ի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած գի­նե­ձօ­նին ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց հրա­տա­րա­կիչ Օս­ման Քէօ­քէր։ Ա­ւե­լի վերջ Նուէր Լա­զօղ­լու մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցեց ներ­կայ գրա­սէր­նե­րուն հետ, ո­րոնք զա­նա­զան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հարց տուին այս գոր­ծին շուրջ։ Ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­լէ վերջ հե­ղի­նա­կը մա­կագ­րեց իր գիր­քե­րը։

Երկուշաբթի, Մարտ 6, 2017