Եթովպահայ Երաժշտագէտ Ներսէս Նալպանտեանին Նուիրուած Նուագահանդէս
Կազմակերպութեամբ Հայ մշակոյթի բարեկամներու հիմնարկին (Friends of Armenian Culture Society), Ուոթըրթաունի, Մասաչուսեց, «Մովսէսեան» սրահին մէջ հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ եթովպահայ երաժիշտ Ներսէս Նալպանտեանի յիշատակին նուիրուած նուագահանդէս մը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց հիմնարկի գործավար Արմինէ Միրզաբէկեան, որ իւրայատուկ նկատեց սոյն հանդիսութիւնը՝ շեշտելով երաժիշտ Ներսէս Նալպանտեանի՝ Եթովպիոյ երաժշտութեան բնագաւառէն ներս ունեցած ներդրումը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Նալապանտեանի ընտանեկան պարագաներուն, որոնք ժամանած էին Մոնթրէալէն, Թորոնթոյէն եւ Օհայոյէն, ներկայ ըլլալու այս հանդիսութեան:
Շնորհակալական խօսքով ելոյթ մըն ալ ունեցան Նալպանտեանին զաւակը՝ Յարութ Նալպանտեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ յատկապէս Արմինէ Միրզաբէկեանին, որ քանի մը տարի առաջ պատահմամբ Ուաշինկթընի մէջ, երբ «թաքսի»ով կը մեկնէր հանդիպումի մը, եթովպացի վարորդին հետ զրոյցի ընթացքին, ի յայտ եկած էր, թէ Նալպանտեան մեծ հռչակ ունէր էր, իր բնակած երկրէն ներս:
Իսկ օրուան բանախօսն էր Պորիս Աճէմեան, որ ժամանած էր Փարիզէն, փոխանցելու համար յաւելեալ տեղեկութիւններ Ներսէս Նալպանտեանի մասին:
Ան տեղեկացուց, թէ Ներսէս Նալպանտեան ծնած է Այնթապ, 1915 թուականին։ Անոր ընտանիքը կրցած է խոյս տալ Մեծ եղեռնէն, փոխադրուելով Հալէպ: Երաժշտութիւն ուսանած եւ դասաւանդած Ներսէս իր հօրեղբօր՝ Գէորգի ցուցմունքներուն հետեւելով, 1938 թուականին գաղթած է Եթովպիա, ղեկավարելու համար կայսեր՝ Հայլէ Սելասիէի «Քառասուն մանուկներ» (Arba Lijoch) խումբը, յատկապէս բաղ-կացած փողահարներէ:
1924 թուականին, Երուսաղէմ այցելութեան ժամանակ կայսեր Հայլէ Սելասիէ, ընբոշխնած էր այս քառասուն որբերուն երա-ժըշտութիւնը եւ տպաւորուած ու որոշած էր որդեգրել զանոնք:
Պորիս Աճէմեան յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելով՝ յայտնեց, թէ Ներսէս Նալպանտեան այս նուագախումբը ղեկավարելու կողքին, նաեւ ստանձնած էր բարձր պաշտօններ. պետական երաժշտանոցէն ներս բանալի պաշտօններ, ապա, յատուկ հանդիսութեամբ մը եւ Հայլէ Սելասիէի հրամանով, Ներսէս Նալպանտեան ստացած է Եթովպական հպատակութիւն:
Աճէմեան ընդհանուր ակնարկ մը փոխանցելով եթովպահայ գաղութին մասին՝ տեղեկացուց թէ, նախքան 1915-, արդէն իսկ հայ վաճառականներ ժամանած էին Ատիս Ապեպա: 1920-ականներուն, Եթովպիոյ հայութեան թիւը գերազանցած է 1200-ը:
Ապա ելոյթ ունեցաւ «Իտըր օրքեսթրա» խումբը, որ ներկայացուց ստեղծագործութիւններու շարք մը, որոնց կարգին յատկապէս համաափրիկեան միութեան քայլերգը, որուն հեղինակն է Ներսէս Նալպանտեան:
Վերոյիշեալ խումբին ղեկավարը՝ Ռաս Կերշըն յաւելեալ տեղեկութիւններ տուաւ ներկայացուած գործերուն մասին: Ան նշեց, որ Նալպանտեան մեծ ներդրում ունեցած է երաժշտութեան բնագաւառէն ներս՝ եթովպական կշռոյթն ու արդի ճազ երաժշտութեան երանգները ներմուծելով եւ նոր ստեղծագործութիւններ կատարելով:
Նալպանտեանի զաւակներուն հրաւէրով 2004 թուականին «Իտըր օրքեսթրա» խումբը այցելած էր Եթովպիա եւ՝ քանի մը ելոյթներ ունեցած:
Կերշընի կողքին, ելոյթ ունեցան՝ սրնգահար Մարք Զելեսքի, դաշնակահար Կիլսըն Շաշլիք, հարուածային գործիքներու մասնագէտներ՝ Վիչենթէ Լըպրոն եւ Ճեք Սմիթ, թաւջութակահար Ռիք ՄըքԼաֆլին եւ փողահարներ՝ Թոմ Հալթըր, Տան Ռոզընթալ, Ժոէլ Ենիոր եւ Չարլի Քոլհաս: Հիւրաբար բեմ բարձրացան Պրուք Թեսֆայէ, Ռոնըլտ Մըրֆի, Մանոլօ Մայրենա եւ Սերենա Չորպաճեան: Այս վերջինը երգեց Կոմիտաս Վարդապետի «Քելէ քելէ»ն: