ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը այս շաբ­թուան մէջ պի­տի այ­ցե­լեն Ատր­պէյ­ճան։ Ռուս հա­մա­նա­խա­գահ Ի­կոր Փո­փով յայ­տա­րա­րեց, որ իր ա­մե­րի­կա­ցի եւ ֆրան­սա­ցի պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն հետ ներ­կայ շաբ­թուան ըն­թաց­քին ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ դէ­պի Պա­քու, ուր պի­տի ու­նե­նան ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հան­դի­պում­ներ։ Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը պի­տի ըն­դու­նուին Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի կող­մէ։ Ի­կոր Փո­փով յայտ­նեց, թէ Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած է այլ ժա­մա­նակ մը։ Ան ո­րե­ւէ բա­ցատ­րու­թիւն չտուաւ, թէ ին­չու միջ­նորդ­նե­րը Հա­յաս­տան չեն այ­ցե­լեր այս ան­գամ։

Ռուս դի­ւա­նա­գէ­տը այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կա­տա­րեց ե­րէկ, երբ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով Մոս­կուա­յի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վը։ Պա­քուի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ներ­կա­յիս տա­րած­քաշր­ջա­նի ազ­դու դե­րա­կա­տար­նե­րուն հետ սերտ կա­պի մէջ է։ Նոյն­պէս ե­րէկ, Իլ­համ Ա­լիեւն ալ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թեհ­րա­նի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի, ինչ­պէս նաեւ կրօ­նա­պետ Ա­յէ­թուլ­լահ Խա­մա­նէ­յի կող­մէ։

Լաւ­րով եւ Մա­մէ­տեա­րով Մոս­կուա­յի ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին քննար­կե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րը եւ այդ ամ­բող­ջին մէջ կանգ ա­ռին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման վրայ։

Լաւ­րով Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ ե­րէկ հա­մա­տեղ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րեց, որ Ռու­սաս­տան բա­ւա­րա­րուած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րէն։ Ըստ ի­րեն, Մոս­կուա պի­տի շա­րու­նա­կէ աշ­խա­տանք­նե­րը ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման շուրջ թէ՛ Պա­քուի եւ Ե­րե­ւա­նի հետ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով եւ թէ՛ ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պում­նե­րով ու ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հի դե­րին մէջ։ Ըստ Լաւ­րո­վի, հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ բո­լոր քայ­լե­րուն կը ձեռ­նար­կուին ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի միւս հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ֆրան­սա­յի հետ մշա­կուած սկզբուն­քա­յին մօ­տե­ցում­նե­րուն հա­մա­ձայն։ «Մենք բա­ւա­րա­րուած են բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րէն ու պի­տի շա­րու­նա­կենք աշ­խա­տիլ մեր նա­խա­րար­նե­րու յանձ­նա­րա­րա­կան­նե­րու կա­տար­ման շուրջ», ը­սաւ Լաւ­րով։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Լաւ­րով ընդգ­ծեց, որ Ատր­պէյ­ճան Ռու­սաս­տա­նի ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կերն է։ Եր­կու եր­կիր­նե­րու դիր­քո­րո­շում­նե­րը կը հա­մընկ­նին շարք մը կա­րե­ւոր հար­ցե­րու շուրջ։ Ըստ Լաւ­րո­վի, Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ե­ղած են շի­նիչ։ Կող­մե­րը քննար­կե­ցին յա­ռա­ջի­կայ շփում­նե­րու ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը, նե­րա­ռեալ բարձր մա­կար­դա­կի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը։ Ռու­սա­կան կող­մը հե­տա­գա­յին եւս պի­տի նպաս­տէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ըն­դու­նե­լի լու­ծում­նե­րու ո­րոն­ման։

Իր կար­գին, Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րովն ալ յայտ­նեց, թէ Ռու­սաս­տան լուրջ քայ­լե­րու կը ձեռ­նար­կէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, Պա­քուի առ­ջեւ ծա­ռա­ցած ա­մե­նա­լուրջ խնդիր­նե­րէն մին ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րումն է։ Ռու­սաս­տան շատ լուրջ քայ­լե­րու կը ձեռ­նար­կէ եւ ա­նոնք ման­րա­մաս­նօ­րէն քննար­կուած են ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։ «Ես այ­սօր զգա­ցի Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի տրա­մադ­րու­թիւ­նը, երբ մենք ման­րա­մասն կը քննար­կէինք, թէ ինչ ուղ­ղու­թեամբ պէտք է շար­ժինք, շատ թէ քիչ՝ կան ո­րոշ հե­ռան­կար­ներ», ը­սաւ Մա­մէ­տեա­րով։ Բաց աս­տի, ա­զէ­րի նա­խա­րա­րը ը­սաւ, թէ ա­մէն ինչ կա­խեալ չէ միայն իր երկ­րէն։ Ռու­սաս­տա­նէն ալ շատ բան կա­խում ու­նի՝ որ­պէս հա­մա­նա­խա­գահ։ «Ի հար­կէ, այս­տեղ մեծ դեր պէտք է խա­ղայ նաեւ հայ­կա­կան կող­մը՝ այժմ սե­ղա­նին վրայ դրուած ա­ռա­ջարկ­նե­րը ըն­դու­նե­լու հա­մար», ը­սաւ Մա­մէ­տեա­րով։

Ի­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ հեր­թա­կան ան­գամ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին անդ­րա­դար­ձաւ՝ Ա­լիե­ւի Թեհ­րան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան բե­րու­մով։ Հա­սան Ռու­հա­նի հա­մո­զուած է, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը պէտք է կար­գա­ւո­րուի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին շուրջ եւ քա­ղա­քա­կան ճա­նա­պար­հով։ «Կը յու­սամ, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը պի­տի գտնէ իր լու­ծու­մը։ Տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը պէտք է կար­գա­ւո­րուին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նի շուրջ եւ քա­ղա­քա­կան ճա­նա­պար­հով», ը­սաւ ան։ Ռու­հա­նի ա­ւել­ցուց նաեւ, որ երկ­խօ­սու­թիւ­նը ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան լուծ­ման վերջ­նա­կան մի­ջոցն է։ Ըստ ի­րեն, Ի­րան կը յար­գէ բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րու տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը, իսկ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րը պէտք է լու­ծուին քա­ղա­քա­կան մի­ջոց­նե­րով եւ երկ­խօ­սու­թեան օգ­նու­թեամբ։

Իր կար­գին, Ա­յէ­թուլ­լահ Խա­մա­նէյն ալ Ա­լիե­ւը հիւ­րըն­կա­լե­լու ժա­մա­նակ յայտ­նեց, թէ Իս­րա­յէլ կը փոր­ձէ վնաս հասց­նել Ի­րան-Ատր­պէյ­ճան կա­պե­րուն։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017