ԱՆԹԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Անթալիոյ մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր եռակողմանի հանդիպում մը։ Այսպէս, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար մէկտեղուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի եւ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Վալերի Կերասիմովի հետ։ NTV-ի հաղորդումներով, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները ամփոփ տեղեկութիւններ տուին եռակողմանի այս կարեւոր տեսակցութեան շուրջ։ Ըստ Թուրք զինեալ ուժերու պաշտօնական աղբիւրներուն, եռակողմանի ժողովին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ եւ Իրաքի իրադարձութիւնները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ խնդիրներու։