ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑՈՅԹԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Երէկ երեկոյեան Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ սկսաւ միջմիութենական գիտական մրցոյթը, որ այս տարի կը կազմակերպուի տասն միութիւններու մասնակցութեամբ։ Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ ու տանտիրութեամբ կը կազմակերպուի այս տարուան մրցոյթը, որ պիտի շարունակուի երեք շաբաթ։ Ամէն Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի մասնակից տասն միութիւններու ներկայացուցիչները պիտի մրցին իրենց գիտելիքներով։ Տասն անուանակարգերու մէջ հարցումներ կ՚ուղղուին միութիւններու ներկայացուցիչներուն։
Երէկուան բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Գէորգ Սիմքէշեան, որ կը գլխաւորէ միջմիութենական կարգադիր յանձնախումբը։ Հանդիսավարն էր Ռուպինա Էրչիք։ Դատակազմի անդամները ուշադրութեամբ հետեւեցան մրցոյթի ընթացքին։
Ծրագրին մասնակցութիւն կը բերեն հետեւեալ միութիւնները. Մէրամէթճեան, Մխիթարեան, Թարգմանչաց, Տատեան, Պէզճեան, Լեւոն-Վարդուհեան, Դպրեվանք, Սահակեան, Պոմոնթի Մխիթարեան եւ «Մարալ»։