ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՁԳՏԻ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ԶԱՐԳԱՆԱԼ ԱՌԿԱՅ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ
Մինչ Եւրոմիութիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ, նախընթաց երեկոյեան Փարիզի մերձակայքին տեղի ունեցաւ կարեւոր ժողով մը։ Վերսայի պալատին մէջ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ հիւրընկալեց Գերմանիոյ, Սպանիոյ եւ Իտալիոյ վարչապետները՝ Անկելա Մերքէլը, Մարիանօ Ռախոյը եւ Փաոլօ Ճենթիլիոնին։ ԵՄ-ի յառաջատար այս չորս երկիրներու ղեկավարները մէկտեղուեցան այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Անգլիա կը պատրաստուի գործնականօրէն դուրս գալ Եւրոմիութենէն։
Վերսայի պալատէն ներս կազմակերպուած գագաթաժողովին ընթացքին Ֆրանսուա Օլանտ յայտնեց, որ միութիւն ըլլալ չի նշանակեր ունենալ մէկ ու միակ ձեւ մը։ Իբր այդ ան կը պաշտպանէ համագործակցութեան նոր ձեւաչափերը։ Իր կարգին, Մերքէլն ալ համոզուած է, որ եւրոպացիները պէտք է համարձակութիւն ցոյց տան ընդունելու՝ թէ կարգ մը երկիրներ միւսներուն բաղդատմամբ կը զարգանան աւելի թափով։ Ըստ Մերքէլի, Եւրոմիութիւնը պէտք է կարողանայ զարգանալ, այլապէս կաթուածահար պիտի ըլլայ։ Եթէ Եւրոմիութիւնը չկարողանայ աւելի զարգանալ, ապա այս խաղաղութեան ծրագիրը ոմանց կարծածէն շատ աւելի արագ ձեւով վտանգի դէմ յանդիման պիտի մնայ։
Վերսայի հանդիպման արդիւնքին առաջին անգամ որպէս քաղաքական այլընտրանք սեղանի վրայ դրուեցաւ բազմազան արագութիւնը։ Մերքէլի խօսքերով սա անհրաժեշտութիւն մըն է։ Այսպէսով կարգ մը երկիրներ կարգ մը նիւթերու շուրջ աւելի արագ ու աւելի խոր համարկման ճանապարհով պիտի կարենան ընթանալ։ Թէեւ Եւրոմիութեան ներկայ կառոյցով կան համարկման ձեւաչափեր՝ եւրոյի գօտիի կամ շենկէնի գօտիի նման, սակայն բազմազան արագութեան տարբերակը առաջին անգամ պաշտօնապէս կը դրուի սեղանի վրայ։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Վերսայի գագաթաժողովին ընթացքին չհրապարակուեցան յստակ ծրագրեր։ Արդարեւ, Մարտի 25-ին, Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենայ կարեւոր գագաթաժողով մը, որու ընթացքին անդամ բոլոր երկիրները պիտի քննարկեն միութեան ապագային վերաբերեալ հաւանականութիւնները։ Այս գագաթաժողովը պիտի համընկնի Եւրոմիութեան հիմնարար փաստաթուղթի՝ Հռոմի համաձայնագրի ստորագրման 60-ամեայ յոբելեանին։ Պրիւքսելի շրջանակները սա կը համարեն կարեւորագոյն հնարաւորութիւն մը՝ նոր սկիզբ մը ապահովելու տեսակէտէ։