ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղար Եու­րի Խա­չա­տու­րով եւ Ռու­սաս­տա­նի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Փաթ­րու­շեւ վեր­ջին օ­րե­րուն հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցան Ե­րե­ւա­նի մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, երկ­կող­մա­նի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան անվ­տան­գու­թեան ո­լոր­տին վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան հար­ցեր։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ։ Մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծի վրայ տի­րող կա­ցու­թիւ­նը։ Զրու­ցա­կից­նե­րը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ դաշ­նակ­ցա­յին գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­նակ­նե­րէ ներս ի­րա­կա­նա­ցուող ռազ­մա­թեք­նիկ եւ ռազ­մատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ներ­կայ ըն­թաց­քին շուրջ։

Խա­չա­տու­րով եւ Փաթ­րու­շեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին ստո­րագ­րե­ցին ար­ձա­նագ­րու­թիւն մը։ Այս այ­ցը տե­ղի ու­նե­ցաւ կող­մե­րու 2017 եւ 2018  թուա­կան­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրագ­րի ծի­րէն ներս։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017