ԳՏՆԵԼ ՆՈՐ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հրաւէրին ընդառաջ։ Էլիզէի պալատին մէջ այսօր նախատեսուած է Սերժ Սարգսեանի եւ Ֆրանսուա Օլանտի հանդիպումը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ վիճակը։
Պաշտօնական այցելութեան առաջին օրը՝ երէկ Նախագահ Սարգսեանի ի պատիւ դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Փարիզի «Էնվալիտ»ներու պալատի պատուոյ հրապարակին վրայ։ Նախագահ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ զինուորական արարողութեամբ։
Օրուան տեւողութեան Սերժ Սարգսեան այցելեց Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան կեդրոնակայանը, ուր տեսակցեցաւ ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան կը պատրաստուի հիւրընկալել այս կազմակերպութեան 2018 թուականի գագաթաժողովը, որու պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են։
Երեկոյեան Սերժ Սարգսեան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպայի հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։ «Դուք էք մեր ելքը դէպի արտաքին աշխարհ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան Փարիզի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին։
Ելոյթի ընթացքին Սերժ Սարգսեան խօսեցաւ առկայ խնդիրներուն համար նոր լուծումներ գտնելու մասին։ Ան Սփիւռքի հետ համագործակցութեան նոր օրակարգին համար որպէս կարգախօս ընդգծեց հետեւեալը. «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն»։