ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Սթե­ֆան Վիզ­քոն­թի (Ֆրան­սա) եւ Ռի­չըրտ Հակ­լընտ (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ) այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի այ­ցե­լեն Պա­քու։ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, որ միջ­նորդ­նե­րուն շփում­նե­րը նա­խա­տե­սուած են Մար­տի 11-ին։ Պա­քուի մէջ ա­նոնք պի­տի քննար­կեն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Մինչ այդ, Մա­մէ­տեա­րով յայտ­նեց, որ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին կը նա­խա­տե­սուի ե­ռա­կող­մա­նի տե­սակ­ցու­թիւն մը՝ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի եւ իր մաս­նակ­ցու­թեամբ։ «Որ­պէս­զի այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ըլ­լան ար­դիւ­նա­ւէտ, մենք պէտք է սպա­սենք Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին», նշեց Մա­մէ­տեա­րով։ Բաց աս­տի, ա­զէ­րի նա­խա­րա­րը ա­ւել­ցուց, որ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ տե­ղի ու­նե­ցած են՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման շուրջ լայ­նա­ծա­ւալ քննար­կում­ներ եւ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ։ «Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ մենք պի­տի վե­րա­դառ­նանք այս խնդրին», ը­սաւ ան։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Ար­ցախ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծի առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան՝ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով յայտ­նեց, որ այդ լա­րուած վի­ճա­կը ցոյց կու տայ, թէ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը պէտք է կար­գա­ւո­րուի խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով, իսկ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ պէտք է յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րուի։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017