Մակար Եկմալեան. Հայոց Ազգային, Հոգեւոր ու Ժողովրդական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Վարպետն ու Երախտաշատ Ուսուցիչը

Մարտ 6-ին, 112 տա­րի ա­ռաջ, 49 տա­րի­քը նոր բո­լո­րած՝ մեր աշ­խար­հէն առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցաւ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան մե­ծար­ժէք վար­պետ­նե­րէն ­Մա­կար Եկ­մա­լեան(1856-1905)։

«­Հայ­կա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րան»ը հե­տե­ւեալ խիտ գնա­հա­տա­կա­նով կը ներ­կա­յաց­նէ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ե­րախ­տա­շատ ռահ­վի­րա­յին գործն ու ար­ժէ­քը․ «­Կոմ­պո­զի­տոր, խմբա­վար եւ ման­կա­վարժ՝ ­Մա­կար Եկ­մա­լեանն իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ ու ման­կա­վար­ժա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ մե­ծա­պէս նպաս­տել է ազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան դպրո­ցի ձե­ւա­ւոր­մա­նը, մշա­կել է հայ­կա­կան մո­նո­դիա­նե­րի (միա­ձայն եր­գե­ցո­ղու­թիւն) բազ­մա­ձայն­ման սկզբունք­նե­րը, հիմ­նադ­րել օ­րա­տո­րիա-կան­տա­տի եւ ռո­ման­սի ժան­րե­րը:

«… ­Դե­ռեւս ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րին կա­տա­րել է ժո­ղովր­դա­կան եւ հո­գե­ւոր մե­ղե­դի­նե­րի խմբեր­գա­յին մշա­կում­ներ: Ն­­րա ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մէջ ա­ռանձ­նա­նում է ըն­դար­ձակ քնա­րա­վի­պա­կան «­Պա­տա­րագ»ը, ո­րը գրո­ւած է երգ­չախմ­բի հա­մար՝ ա­ռանց նո­ւա­գակ­ցու­թեան: ­Հե­տա­գա­յում այն բարձր են գնա­հա­տել կոմ­պո­զի­տոր­ներ ­Ֆե­րենց Լիս­տը, Կա­միլ ­Սեն-­Սան­սը եւ ու­րիշ­ներ»:

Հայ ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր ու ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ վար­պե­տը ծնած է 2 Փետ­րո­ւար 1856-ին, Վա­ղար­շա­պա­տի մէջ (Էջ­միա­ծին), Գ­­րի­գոր Եկ­մա­լեա­նի գիւ­ղա­կան հա­մեստ յար­կին տակ։

1872-ին, ա­ւար­տե­լով Ս. Էջ­միած­նի Ժա­ռան­գա­ւո­րա­ցը, Եկ­մա­լեան ան­վա­րան նո­ւի­րուե­ցաւ հայ հո­գիին ձայ­նա­յին խո­րա­գոյն լա­րերն ու թրթռա­ցում­նե­րը յայտ­նա­գոր­ծե­լու եւ վեր­ծա­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան։

1873-էն սկսեալ, Ն. ­Թաշ­ճեա­նի ղե­կա­վա­րու­թամբ, ըն­տե­լա­ցաւ հայ­կա­կան նո­թագ­րու­թեան եւ մաս­նակ­ցե­ցաւ հայ հո­գե­ւոր եր­գե­րու ձայ­նագ­րու­թեան ու ժո­ղո­վա­ծու­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան։

1874-ին ար­դէն սկսաւ եր­գե­ցո­ղու­թիւն եւ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րաժշ­տու­թեան տե­սու­թիւն դա­սա­ւան­դել ­Գէոր­գեան ­ճե­մա­րա­նի մէջ՝ միա­ժա­մա­նակ մշա­կե­լով իր սե­փա­կան ե­րա-ժըշ­տա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը։

1877-ին կո­չու­մը զինք ա­ռաջ­նոր­դեց դէ­պի Սեն ­Փե­թերս­պուրկ, որ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հո­գեմ­տա­ւոր պատ­րաս­տու­թեան եւ գե­ղա­ր-ւես­տի ա­րար­ման մե­ծա­գոյն կեդ­րոն­նե­րէն կը հան­դի­սա­նար։ ­Մին­չեւ 1891-ը Եկ­մա­լեան ապ­րե­ցաւ ­Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ. 1879-ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Ե­րաժշ­տա­նոց ու 1888-ին ա­ւար­տեց Ն. Կ. ­Սո­լով­չո­վի ե­րաժշ­տա­կան դա­սա­րա­նը։

Եկ­մա­լեա­նի ե­րաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան վրայ մեծ դեր ու­նե­ցաւ ու­սում­նա­ռու­թիւ­նը։ Բարձ­րա­գոյն իր ուս­ման եւ ե­րաժշ         տա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րու մշակ­ման վրայ հիմ­նա­կան ու բա­րե­րար ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծե­ցին յատ­կա­պէս Ն. ­Ռիմս­կի ­Կոր­սա­կո­վի ե­րաժշ­տա­կան դա­սա­րա­նի իր պա­րապ­մունք­նե­րը։ Ու­սում­նա­ռու­թեան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կազ­մա­ւոր­ման այդ ամ­բողջ շրջա­նին՝ Եկ­մա­լեան հայ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան խմբեր­գա­յին մշա­կում­ներ կա­տա­րեց եւ վա­րեց դպրա­պե­տու­թիւ­նը ­Սեն Փե­թերս­պուր­կի հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ։

Ան­նա Ա­սատ­րեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ «­Փե­թերս­պուր­կի ե­րաժշ­տա­նո­ցէն շրջա­նա­ւարտ Եկ­մա­լեա­նը 1891-ին կը հրա­ւի­րո­ւի ­Թիֆ­լի­զի ­Ներ­սի­սեան դպրո­ցը՝ որ­պէս ե­րաժշ­տու­թեան դա­սա­տու եւ եր­գե­ցիկ խում­բի ղե­կա­վար: «Ն­­րա պա­հան­ջով ե­րաժշ­տու­թեան դա­սե­րը բո­լոր դա­սա­րան­նե­րում լի­նում են պար­տա­դիր, շա­բա­թա­կան եր­կու ժամ: Եկ­մա­լեա­նը հիմ­նո­վին վե­րա­կազ­մում ու մե­ծաց­նում է դպրո­ցի ա­րա­կան եր­գե­ցիկ խումբն ու պա­րապ­մունք­նե­րի ժա­մե­րը հասց­նում շա­բա­թա­կան վեց ժա­մի: Եկ­մա­լեա­նի ա­ռա­ջին գոր­ծե­րից մէկն է լի­նում ընտ­րել ե­րաժշ­տա­կա­նօ­րէն ա­ռա­ւել ըն­դու­նակ տղա­նե­րին եւ ա­ռան­ձին խնամ­քով ու հո­գա­տա­րու­թեամբ վե­րա­-բերուել նրանց, յա­տուկ ծրագ­րով ար­տա­դա­սա­րա­նա­յին պա­րապ­մունք­ներ անց­կաց­նել եւ առ­հա­սա­րակ ուղ­ղու­թիւն տալ նրանց։

«­Ներ­սի­սեան դպրո­ցի քա­ռա­ձայն եր­գե­ցիկ խումբն ա­րա­գօ­րէն ձեռք է բե­րում ար­հես­տա­վարժ բարձր մա­կար­դակ, եւ 1894-1895 թո­ւա­կան­նե­րին նրա հռչա­կը տա­րած­ւում է Անդր­կով­կա­սում ու նրա սահ­ման­նե­րից դուրս: «­Հա­յու­թիւ­նը իր բո­վան­դակ կեան­քին մեջ,- հե­տա­գա­յում կը յի­շի «­Տա­րօ­նի սո­խակ» Ար­մե­նակ ­Շահ­մու­րա­տեա­նը,- Եկ­մա­լեա­նի ­Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նի խում­բին պէս նմա­նը ու­նե­ցած չէ: ­Ռուս քրի­թիկ­նե­րը (քննա­դատ­նե­րը) գրած են, թէ «Եկ­մա­լեա­նի խում­բը ամ­բողջ մայր կայս­րու­թեան ե­կե­ղե­ցա­կան խում­բե­րէն է՛ն ա­ղէկ­նե­րէն է»: Ա­մէն ­Կի­րա­կի, Թիֆ­լիզ, վան­քի ե­կե­ղե­ցին ու բա­կը խռնո­ւած էր ա­մէն ազ­գի երկ­սեռ բազ­մու­թեամբ, իր՝ Եկ­մա­լեա­նի քա­ռա­ձայն խում­բը կ­­՚եր­գէր»:

Մա­կար Եկ­մա­լեան մին­չեւ 1902-ը հա­յոց ե­րաժշ­տու­թիւն դա­սա­ւան­դեց ­Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նի մէջ, ա­րա­կան երգ­չա­խումբ կազ­մեց ու ղե­կա­վա­րեց, հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րու սե­րունդ հաս­ցուց, այդ շար­քին՝ Կո­մի­տա­սին հայ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան տե­սու­թիւն սոր­վե­ցուց եւ, միա­ժա­մա­նակ, մեծ ե­ռան­դով ստեղ­ծա­գոր­ծեց։

Պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չէր, որ հայ ե­րաժշ­տու­թեան ճա­ռա­գայ­թող հան­ճա­րը՝ ­Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ, իր ու­սու­ցի­չին նո­ւի­րո­ւած ա­ռան­ձին աշ­խա­տու­թեան մը մէջ, հե­տա­գա­յին պի­տի վկա­յէր, թէ՝ «­Հա­յոց ե­րաժշ­տա­կան ան­դաս­տա­նին մէջ ­Մա­կար Եկ­մա­լեանն անդ­րա­նիկ տուն­կը տնկեց»:

Մա­կար Եկ­մա­լեան թէեւ եր­կար կեանք չու­նե­ցաւ, այ­դու­հան­դերձ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին ժա­ռանգ թո­ղուց ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր ու ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեան մեծ հարս­տու­թիւն մը, ո­րուն հո­գե­ւոր կո­թո­ղա­կան նո­ւա­ճու­մը հան­դի­սա­ցաւ «Ս. ­Պա­տա­րագ»ը։ Այս ի­մաս­տով դի­պուկ է Վար­պե­տի ծննդեան 150-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, «Ազգ»ի է­ջե­րուն, ­Մա­րիե­տա ­Մա­կա­րեա­նի կա­տա­րած ար­ժե­ւո­րու­մը.- «­Մա­կար Եկ­մա­լեա­նի թո­ղած ժա­ռան­գու­թեան եւ հայ կոմ­պո­զի­տո­րա­կան ա­րո­ւես­տի դրսե­ւո­րում­նե­րից մէկն է Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցու ­Սուրբ Պա­տա­րա­գի մշա­կու­մը, որն ի­րա­կա­նաց­րել է ե­րեք տար­բեր երգ­չախմ­բա­յին կազ­մե­րի հա­մար. ե­ռա­ձայն՝ ա­րա­կան, քա­ռա­ձայն՝ ա­րա­կան եւ քա­ռա­ձայն՝ երկսեռ»:

Հայ ­Հո­գիին ա­մե­նէն թո­վիչ եր­գե­րը կը պար­տինք Եկ­մա­լեա­նի վաղ-գիւ­ղա­կան «­Քե­լէ, քե­լէ խո­րոտ աղ­ջիկ»ի օ­րի­նա­կով մշա­կում­նե­րէն մին­չեւ քա­ղա­քա­յին «­Սի­րու­հիս քեզ հա­մար» եւ «Աղ­ջիկ դու սի­րուն»ը, ա­շու­ղա­կան «­Վարդ կօ­շիկս»ը, հայ­րե­նա­սի­րա­կան «Ազ­նիւ ըն­կեր»ը, «­Ձայ­նը հնչեց»ը, «­Քաջ ­Զէյ­թուն»ը, «Ով ­Հա­յոց Աշ­խարհ»ն­ ու «­Թա­ղումն քա­ջոր­դոյն» եր­գե­րը։

Մա­կար Եկ­մա­լեան կը հան­դի­սա­նայ հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան ինք­նու­րոյն ո­ճին եւ բարձ­րա­րո­ւեստ ար­ժէք­նե­րուն ար­հես­տա­վարժ մշակ­ման ու կա­տա­րե­լա­գործ­ման շար­ժու­մին յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն մէ­կը՝ ­Տիգ­րան ­Չու­խա­ճեա­նի եւ Ք­­րիս­տա­փոր ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի հետ։

Ինչ­պէս որ Եկ­մա­լեա­նի սա­նե­րէն եւ իր կար­գին հայ ե­րաժշ­տու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ վար­պետ­նե­րէն Ռո­մա­նոս ­Մե­լի­քեան պի­տի վկա­յէր, իր սի­րո­ւած ու­սու­ցի­չին մա­հո­ւան 10-րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, 1915-ի ­Մարտ 6-ին «­Թատ­րոն եւ Ե­րաժշ­տու­թիւն» հան­դէ­սի է­ջե­րուն՝ «Ան­մահ է ­Մա­կար Եկ­մա­լեա­նը, ինչ­պէս ան­մահ յա­ւի­տե­նա­կան է գե­ղե­ցի­կը միայն»։­

Իսկ ե­րաժշ­տա­գէտ Փրոֆ. Ռ­. Ա. Ա­թա­յեան, որ հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցած է եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ, յատ­կա­պէս խորհր­դա­յին դա­րաշր­ջա­նին, ա­նի­րա­ւօ­րէն թե­րագ­նա­հա­տո­ւած եւ լիար­ժէք չճանչ­ցո­ւած Եկ­մա­լեա­նի ժա­ռան­գու­թիւնն ու տա­ղան­դը մո­ռաց­ման փո­շի­նե­րէն փրկե­լու եւ ըստ ար­ժան­ւոյն գնա­հա­տե­լու գոր­ծին մէջ, հե­տե­ւեալ վկա­յու­թեամբ կը խտաց­նէ Եկ­մա­լեա­նի տեղն ու ար­ժէ­քը հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան մէջ.-
«­Մա­կար Եկ­մա­լեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը ան­ցեա­լի հայ ազ­գա­յին ար­հես­տա­վարժ (պրո­ֆե­սիո­նալ) ե­րաժշ­տու­թեան մէկ ամ­բող­ջա­կան ու նշա­նա­կա­լից բա­ժի­նը կը կազ­մէ։ Այդ ժա­ռան­գու­թիւ­նը ու­նի ոչ միայն խո­շոր պատ­մա­կան, այ­լեւ մնա­յուն գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ար­ժէք։ Ա­նի­կա հա­րուստ է իր ի­մաս­տա­յին (թե­մա­տիկ) գա­ղա­փա­րա­կան բո­վան­դա­կու­թեամբ։ Ա­նոր մէջ դրո­ւած եւ նո­րա­րա­րա­կան լու­ծում են ստա­ցած հայ­կա­կան եր­գա­հա­նա­կան (կոմ­պո­զի­տո­րա­կան) ո­ճի ու վար­պե­տու­թեան կա­րե­ւոր խնդիր­ներ։ Կա­րա-­Մուր­զա­յէն յե­տոյ Եկ­մա­լեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը հայ ար­հես­տա­վարժ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը բարձ­րա­ցուց նոր մա­կար­դա­կի մը, կա­րե­ւոր դեր խա­ղաց ազ­գա­յին եր­գա­հա­նա­կան դպրո­ցի ձե­ւա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ եւ նա­խա­պատ­րաս­տեց Կո­մի­տա­սի ե­րե­ւան գա­լը։ Եկ­մա­լեա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հա­ւա­սա­րա­պէս էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ նաեւ հայ ե­րաժշ­տա­կան ման­կա­վար­ժու­թեան եւ կա­տա­րո­ղա­կան ա­րո­ւես­տի զար­գաց­ման բնա­գա­ւա­ռէն ներս»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017