Հայուհին Եւ Ներկայ Մարտահրաւէրները
Ազգի մը պատմութեան «ձեռագիրը» մշակող գլխաւոր տարրը իգական դէմքն է, ըլլայ ան մայր, քոյր, կին, դուստր թէ մեծ մայր: Փաստօրէն, երբ տղամարդիկ «փողոց իջած» կը պայքարին ազգային ինքնութեան, գոյատեւման ու հասարակաց առընչակից հարցերու համար, անդին իգական տարրն է, որ տան չորս պատերէն ներս, քուլիսներու ետին կը խնամէ, կը պատրաստէ, կը կրթէ ու գործելու աւիշ «կը ներարկէ» տղամարդուն, ըլլայ ան իր զաւակը, ամուսինը, եղբայրը թէ հայրը: Ա՛յս է անհերքելի իրողութիւնը, որքան ալ փորձուի թերագնահատել կամ նսեմացնել իգական տարրի վարկն ու դերը հայ հասարակական կեանքին մէջ: Սակայն այս իրողութեան առընթեր ստեղծուած են նոր պայմաններ, որոնք կամայ թէ ակամայ կ՚ազդեն մեր ու առհասարակ մարդկային կենցաղին վրայ: Այս դիտանկիւնէ, հայութիւնը եւս իբրեւ ինքնուրոյն հասարակութիւն ենթակայ է այս պայմաններուն պարտադրած ազդեցութեան, ինչ որ հայուհին կը դնէ նոր մարտահրաւէրներու դիմաց, միաժամանակ վերահաստատելով անցեալէն կուտակուած մտահոգութիւնները:
Հիմնական այդ մտահոգութիւններէն են, օրինակ, հայ ժողովուրդի ազգային կրտսերագոյն բայց ամենէն էական կառոյցներու կորիզի՝ ընտանիք հասկացողութեան պահպանման հրամայականը: Փաստօրէն, յաճախ կը լսենք ու կը կարդանք անդրծովեան գաղութահայ իրականութեան մէջ հետզհետէ «ընտանիք» հասկացողութեան նահանջին մասին, ուր այլեւս հազուադէպօրէն կարելի է հանդիպիլ նոյն յարկին տակ գոյատեւող հայ ընտանիքներու՝ իրենց լրիւ անդամներով: Աւելի՛ն, հետեւելով տուեալ երկիրներու մարդկային իրաւանց գծով որդեգրուած պետական որոշումին, 18 տարիքը շատ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներու համար դարձած է ցանկալի «անցագիր» մը, որուն միջոցով հայ (նաեւ՝ ոչ հայ) երիտասարդը իրաւունքն ու ընտրանքը ունի անջատուելու ծնողքէն, ընտանիքէն եւ իր առանձին, իւրայատուկ օճախը հիմնելու, հոգ չէ, թէ ամուրի կարգավիճակով: Սակայն Միջին Արեւելքի հայ իրականութեան մէջ այդ երեւոյթը հետզհետէ կը դառնայ կատարուած իրողութիւն, նոյնիսկ առանց պետական օրինական վաւերացումի:
Հոս ալ սկսած է մտահոգիչ դառնալ հայ ընտանիքի «նօսրանալու» երեւոյթը: Այսօր շատ մը հայ ընտանիքներու անդամներ, թէեւ նոյն յարկին տակ կ՚ապրին, սակայն անոնցմէ գրեթէ իւրաքանչիւր անդամը (յատկապէս՝ պատանի ու երիտասարդ տարրը) ստեղծած է իր առանձնայատուկ մթնոլորտը, աշխարհը՝ կլանուելով ու խորասուզուելով համացանցի, Դիմատետրի, «Թուիթըր»ի, «Պլոկ»ի թէ ընկերային ցանցերու այլ գրառումներու մէջ: Յետեղեռնի սփիւռքեան պայմաններու բերումով հետզհետէ նահանջող նահապետական հայ ընտանիքի տոհմիկ դիմագիծը այսօր եւս կը շարունակէ իր տեղքայլը: Այս իմաստով հիմնական դեր ունի հայուհին, որպէս հայ մանուկի, հայ նոր սերունդի հոգատար մայր, քոյր թէ մեծ մայր: Հարկ է մանուկը փոքր տարիքէն վարժեցնել յարգելու ընտանեկան սրբութիւնները, անոր մէջ ամրապըն-դել ընտանեկան համերաշխ մթնոլորտի մէջ ապրելու կարեւորութիւնը:
Փոքր տարիքէն, որովհետեւ մանուկը որքան որ մեծնայ, այնքան կը դժուարանայ զայն ձերբազատել իր դէմ ցցուող այլազան երեւոյթներէն ու զայն կառչած պահել իր ազգային ինքնուրոյն դիմագիծին: Այդ մէկը կը դարբնուի մանկութեան օրերէն: Այս իմաստով նոյնքան կարեւոր դեր ունին հայ դպրոցին դաստիարակներն ու ուսուցչուհիները, արտադպրոցական միութենական կառոյցներու պատասխանատուները, որոնց վստահուած է հայ մատղաշ սերունդի դաստիարակութիւնը: Փոքր տարիքէն մանուկը վարժեցնել իր տան երէց անդամները յարգելու կարեւորութեան, անոնց թելադրանքներուն ականջ տալու շահեկանութեան եւ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի նախընտրութեան, փոխանակ խրուելու նորարարական ախտավարակ երեւոյթներու քմահաճոյքի թմբիրին մէջ…
Այլ մարտահրաւէր է մայրենիի պահպանման հրամայականը: Միջազգային հանգամանաւոր կազմակերպութիւններ (ԻՒՆԷՍՔՕ…) ահազանգ հնչեցուցին յատկապէս արեւմտահայերէնի վտանգուած լեզու դառնալու երեւոյթին գծով: Թէեւ հրապարակուեցան այս տեսակէտը հերքող մասնագիտական փորձեր՝ հաստատելով, որ այնքան ալ մտահոգիչ չէ այս երեւոյթը, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ կարելի է անտեսել նշեալ ահազանգը կամ տիրող իրականութիւնը: Փաստօրէն, համացանցի, ընկերային ցանցերու հաղորդակցութեան մէջ տիրական է լատինատառ գրելու երեւոյթը: Ինչո՞ւ հայերէնը, փոխան անգլերէնի, չդարձնել հաղորդակցութեան տիրական լեզու, գէթ համասփիւռքեան տարողութեամբ, ներհայկական առումով: Հասկնալի է (թէեւ ոչ ընդունելի) օտար ափերուն հասակ նետած, հայ դպրոցէն ու հայկական միջավայրէն հեռու, բայց ծագումով հայ նոր սերունդի պարագան: Սակայն հոս ալ կարելի է լեզուական այդ «խոցը» մեղմացնել՝ լատինատառ հայերէնի կողքին գրելով նաեւ արեւմտահայերէնով՝ անոր հարազատ ոճով եւ ուղղագրութեամբ: Ժամանակի ընթացքին պատանի ու երիտասարդ հայ ընկալողը պիտի ընտելանայ մայրենիին եւ պիտի գայ օրը, երբ տիրապետելով հայերէնին, ի՛նք պիտի նախընտրէ արտայայտուիլ մայրենի լեզուով:
Խորհրդային շրջանի տիրապետութեան սկզբնաւորութեան բուռն դիմադրութիւն եւ քննադատութիւն ծաւալած էր օրուան ղեկավարներէն Պօղոս Մակինցեանի հայերէնը լատինատառ գիրերով փոխարինելու մտադրութեան դէմ, երբ տակաւին ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները այսքան յառաջդիմած ու արագացած չէին: Այսօր կարգ մը հայեր կամովին կը փորձեն իրականացնել Մակինցեանի այդ տխրահռչակ որոշումը: Հոս ալ դժուար, բայց ոչ անկարելի եւ շատ կարեւոր է իրազեկ ու գիտակից հայուն, յատկապէս՝ հայուհիին ներգործօն դերը իր զաւակը, եղբայրը կամ ընտանիքի այլ անդամները հրաւիրելու՝ սրբագրելու իրենց արտայայտութեան ոճը եւ գրելու հարազատ արեւմտահայերէնով:
(…)
Թերեւս հասկնալի է այդ դառնագոյն պահերուն զոհուած հայուհիներու պարագան, նկատի ունենալով այդ օրերու հայ իրականութիւնն ու առհասարակ՝ կեանքի պայմանները, երբ հայուհին այնքան ալ գիտակից չէր արտատնային կեանքի այլազան մարզերու մէջ իր գործօն մասնակցութիւնը բերելու կարեւորութեան: Այսօր սակայն պայմանները տարբեր են, եւ հայուհին ներկայ է աշխատանքի ու առհասարակ կեանքի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ, եթէ ոչ որոշիչ ու լիազօր հանգամանքով՝ գէթ որպէս ներկայութիւն եւ մասնակցութիւն հայ ազգային, հասարակական կեանքին, նաեւ տեղեակ է իր շրջապատի ընկերային, ապահովական թէ քաղաքական անցուդարձերէն: Միջին Արեւելքի օր ըստ օրէ զարգացող իրադարձութիւնները բացայայտ են բոլորին: Սահմանակից գաղութներու, հայօճախներու իրավիճակը այնքան ալ վարդագոյն չէ: Արդ, հարկ է հետեւիլ տեղական ու շրջանային զարգացող դէպքերու տեղեկութեանց եւ ըստ այնմ պատրաստուիլ՝ շրջանին ու հետզհետէ մօտեցող վտանգի սպառնալիքի դիմակալման:
Վերջապէս, գլխաւոր մարտահրաւէր է նաեւ՝ համաշխարհայնացումի շեշտող համացանցի, ընկերային ցանցերու երեւոյթը: Երկսայրի սուրի նմանող այս «ինքնակոչ հիւրը» հարկ է օգտագործել, շահագործել իր դրական յատկութիւններով, ի սպաս հայկական բարքերու, աւանդներու, աւանդութիւններու, մայրենիի, հայու ինքնուրոյն դիմագիծի, անոր իւրայատկութեան, հայոց հարցի եւ հայոց պատմութեան քարոզչութեան վերաշխուժացման ու տարածման:
Այս եւ նման մարտահրաւէրներու դիմակալումով է, որ իր ինքնակերտումի ճամբուն վրայ հայուհին քայլ մը եւս կ՚իրագործէ ու կը յառաջանայ հայ հասարակական կեանքին մէջ եւ իր ազգօգուտ ներդրումը կը բերէ հայութեան վերելքին մէջ:
ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ